Հաճիեւի համաձայն` Արցախի հայկական եկեղեցիներու քանդումը կը բխի Ազրպէյճանի Օրէնսդրութենէն

05 de mayo de 2026

Ազրպէյճանի նախագահի խորհրդական Հիքմեթ Հաճիեւ դիտել տուաւ, որ բռնագրաւուած Արցախի մէջ հայկական եկեղեցիներու քանդումը կը բխի Ազրպէյճանի օրէնսդրութենէն եւ միջազգային սկզբունքներէն, փաստօրէն չբացառելով, որ հետագային եւս նման դէպքեր կրնան պատահիլ:

«Ազրպէյճան այդ տարածքներուն մէջ կը կատարէ վերականգնողական ու շինարարական լայնածաւալ աշխատանքներ եւ այդ ծիրին մէջ քայլերու կը ձեռնարկէ բռնագրաւման ընթացքին անօրինական կերպով կառուցուած որոշ կառոյցներու վերաբերեալ», յայտարարեց Հաճիեւ եւ շարունակեց. «Այս տարածքներու քաղաքաշինութեան սկզբունքներուն եւ Ժընեւի ուխտերուն համաձայն, բռնագրաւման ընթացքին բռնագրաւող ուժին կողմէ կատարուած շինարարական նախագիծերը, որոնք կը խախտեն երկրի սեփականութեան իրաւունքը եւ ինքնիշխանութիւնը, կը նկատուին անօրինական: Նման նախագիծերու քանդումը եւ զանոնք քաղաքաշինութեան ընդհանուր ծրագիրներուն համապատասխանեցնելը անհրաժեշտ պայման է: Մեր երկիրը քայլերու կը ձեռնարկէ այդ ուղղութեամբ»:

Ան Ստեփանակերտի մէջ հայկական եկեղեցիներու քանդումը «անհրաժեշտ» նկատեց, իսկ այս գծով դժգոհութիւնները որակեց «սխալ եւ սադրիչ դիրքորոշում»:

Ազրպէյճանի մօտ հաւատարմագրուած դիւանագէտները 1 մայիսին Հաճիեւի ընկերակցութեամբ այցելեցին բռնագրաւուած Արցախ: Քանի մը տասնեակ դիւանագէտներու այցելութիւնը կը յաջորդէ Արցախի երկու եկեղեցիներու ոչնչացման, որուն մասին Պաքու պաշտօնապէս յայտարարած էր:

Ալիեւի օգնականը «Էքս»-ի իր էջին վրայ գրառում կատարելով տեղեկացուց, որ դիւանագէտներուն ուղեւորութիւնը սկսած է «Խոճալուի ցեղասպանութեան յուշահամալիր» այցելութեամբ:

«Մենք չենք կրնար աչք փակել անցեալի որոշ յիշողութիւններուն առջեւ: Մենք մեր խորին յարգանքի տուրքը մատուցեցինք Խոճալուի զոհերու թանկ յիշատակին», գրած է ան:

Ասոր զուգահեռ, Հաճիեւ «պատմական իրադարձութիւն» նկատեց Ազրպէյճանի պատուիրակութեան այցելութիւնը Հայաստան` հաստատելով, որ Ազրպէյճանն ու Հայաստանը կ՛ուղղուին դէպի խաղաղութիւն:

Ան աւելցուց, որ «միջազգային գործընկերները պէտք չէ շրջան վերադարձնեն հինցած պատումներ»:

Compartir: