Լեզուն գործածելու ձեւեր

18 de julio de 2016

abecedario armenioՄիշտ մտա­ծած եմ եւ ար­դէն քա­նի մը ան­գամ գրած եմ, որ խօ­սող մար­դը ուղ­ղագ­րա­կան սխալ չ­՛ը­ներ: ­Միա՛յն գրող մարդն է, որ ուղ­ղագ­րա­կան սխալ կ­՛ը­նէ: Ա­սի­կա շատ ճիշդ է մաս­նա­ւո­րա­բար մեր լե­զո­ւին հա­մար, որ ու­նի իր ուղ­ղագ­րա­կան բա­ւա­կան խիստ ու կնճռոտ կա­նոն­նե­րը: ­Ձեր բա­րե­կա­մը ձե­զի հետ շատ մա­քուր ու անս­խալ հա­յե­րէ­նով կը խօ­սի, բայց նոյն ան­ձը ե­թէ իր խօ­սա­ծը թուղ­թին տալ ու­զէ, ե­թէ գրել ու­զէ, ո՜վ գի­տէ՝ ուղ­ղագ­րա­կան որ­քան շատ սխալ կ­՛ը­նէ:

Խօ­սե­լու ու գրե­լու մի­ջեւ՝ այս­պի­սի՛ տար­բե­րու­թիւն կայ:

Բայց մար­դիկ ի­րենց լե­զուն միայն խօ­սե­լով ու գրե­լով չէ՛, որ կը գոր­ծա­ծեն: ­Կայ եր­րորդ ձեւ մըն ալ, որ կար­դալն է: ­Հի­մա՝ հարց­նե՛նք: ­Մար­դիկ խօ­սե­լու ըն­թաց­քին ուղ­ղագ­րա­կան սխալ չե՞ն ը­ներ: Գ­րե­լու ըն­թաց­քին ուղ­ղագ­րա­կան սխալ կրնան ը­նել: ­Հա­պա կար­դա­լու ըն­թաց­քի՞ն: ­Կար­դա­լու կա­պը ի՞նչ է ուղ­ղագ­րու­թեան հար­ցին հետ: ­Հոս հար­ցը քիչ մը կը կնճռո­տի:

Գ­րե­լու ըն­թաց­քին մենք բա­ռե­րը ի­րենց ուղ­ղագ­րա­կան ճիշդ ձե­ւով պէտք է գրենք, ո­րով­հե­տեւ բա­ռե­րուն ուղ­ղագ­րու­թիւ­նը, ճիշդ կամ սխալ, կը տես­նո­ւի թուղ­թին վրայ: ­Մինչ­դեռ խօ­սե­լու ըն­թաց­քին այս­պի­սի ստի­պո­ղու­թիւն չկայ, ո­րով­հե­տեւ բա­ռե­րուն ուղ­ղագ­րու­թիւ­նը, ճիշդ կամ սխալ, տե­սա­նե­լի չէ: ­Գա­լով լե­զուն գոր­ծա­ծե­լու եր­րորդ ձե­ւին, այ­սինքն՝ գիրք մը կամ թերթ մը կար­դա­լու ձե­ւին, հոս ալ բա­ռե­րուն ուղ­ղագ­րու­թիւ­նը տե­սա­նե­լի է, եւ ընդ­հան­րա­պէս բա­ռե­րուն մէջ ուղ­ղագ­րա­կան սխալ ալ չկայ, քա­նի որ տպո­ւած է, բայց կար­դա­ցո­ղին հա­մար այս­տեղ կա­րե­ւո­րը ուղ­ղագ­րու­թիւ­նը չէ, այլ կար­դա­ցա­ծին ի­մաստն է: Ուս­տի ան իր ու­շադ­րու­թիւ­նը ա­ւե­լի շատ պի­տի կեդ­րո­նաց­նէ ի­մաս­տին վրայ, քան թէ՝ ուղ­ղագ­րու­թեան:

Միայն թէ շատ կար­դա­ցո­ղը, մա­նա­ւանդ ե­թէ ու­շա­դիր ըն­թեր­ցող է, ուղ­ղագ­րու­թեան մար­զէ ներս անզ­գա­լա­բար շատ բան կը սոր­վի կար­դա­լով: Ա­սի­կա ա­ռա­ւե­լու­թիւն մըն է: Ան­դին, խօ­սող մար­դը, տա­սը տա­րի ալ խօ­սի, իր գոր­ծա­ծած բա­ռե­րուն ուղ­ղագ­րու­թեան մա­սին բան չի սոր­վիր, մինչ կար­դա­ցող մար­դը, ե­թէ շա­րու­նակ կը կար­դայ, ա­նուղ­ղա­կի կեր­պով բա­ներ մը կը սոր­վի բա­ռե­րու ուղ­ղագ­րու­թեան մա­սին:

Այս բո­լո­րէն ետք ան­շուշտ պի­տի ը­սենք, որ ճիշդ ուղ­ղագ­րու­թիւ­նը սոր­վե­լու ա­մէ­նէն օգ­տա­կար մի­ջո­ցը գրելն է, ո՛չ թէ խօ­սի­լը կամ կար­դա­լը: ­Պայ­մա­նաւ ան­շուշտ, որ գրո­ղը իր սխալ­նե­րուն հա­մար սրբագ­րիչ մը ու­նե­նայ իր քո­վը: Օ­րի­նակ՝ «­Բա­ցար­ձակ» բա­ռին ուղ­ղագ­րու­թիւ­նը սոր­վե­լու հա­մար այդ բա­ռը հա­րիւր ան­գամ կար­դա­լը այն­քան չ­՛օգ­ներ, որ­քան պի­տի օգ­նէ այդ բա­ռը հա­րիւր ան­գամ գրե­լը:

Այս պատ­ճա­ռաւ ալ ի­րա­ւունք պի­տի ու­նե­նանք ը­սե­լու, որ մար­դուս հա­մար իր լե­զուն գոր­ծա­ծե­լու ա­մէ­նէն ըն­տիր ձե­ւը ո՛չ խօ­սիլն է, ո՛չ ալ կար­դա­լը, այլ գրելն է: Այս տե­սա­կէ­տով մենք՝ հա­յերս, դժբախտ ժո­ղո­վուրդ ենք, ո­րով­հե­տեւ մեր մէջ, նոյ­նիսկ ե­թէ բա­ւա­րար չա­փով հա­յե­րէն խօ­սող կամ կար­դա­ցող կայ, բա­ւա­րար չա­փով հա­յե­րէն գրող չկայ:

Ուղ­ղագ­րու­թեան հար­ցը կա­րե­ւոր հարց է, բայց լե­զո­ւի ա­ռող­ջու­թեան տե­սա­կէ­տէ կայ ու­րիշ կա­րե­ւոր հարց մըն ալ:

Չեմ գի­տեր, թէ անդ­րա­դար­ձա՞ծ էք, որ կար­դա­լու եր­կու ձեւ կայ: ­Մէ­կը միտ­քէն կար­դալն է, միւ­սը բարձ­րա­ձայն կար­դալն է: Ան, որ միտ­քէն կը կար­դայ, բա­ռե­րը ար­տա­սա­նե­լու պէտք չու­նի, մինչ­դեռ ան, որ բարձ­րա­ձայն կը կար­դայ, բնա­կա­նա­բար պար­տա­ւոր է բա­ռե­րը ար­տա­սա­նե­լու: Այլ խօս­քով՝ պի­տի ը­սենք, որ միտ­քէն կար­դա­ցո­ղը բա­ռե­րը ճիշդ ար­տա­սա­նե­լու, ճիշդ ա­ռո­գա­նու­թիւն գոր­ծա­ծե­լու խնդիր չու­նի:

Բարձ­րա­ձայն կար­դա­ցողն է, որ ու­նի այս­պի­սի հարց մը, եւ այս հար­ցը կա­րե­ւոր կը դառ­նայ դժո­ւար ար­տա­սա­նե­լի բա­ռե­րու պա­րա­գա­յին: Ու­րեմն, ե­թէ կ­՛ու­զենք, որ մեր լե­զուն լաւ դառ­նայ, հան­գիստ դառ­նայ մեր բեր­նին մէջ, լաւ կ­՛ըլ­լայ, որ եր­բեմն բարձ­րա­ձայն ըն­թեր­ցում ը­նենք, նոյ­նիսկ ե­թէ մեր քով ու­րի­շը չկայ: Ա­սի­կա ըն­դու­նո­ւած սո­վո­րու­թիւն չէ, նոյ­նիսկ թե­րեւս մար­դուն խենթ կ­՛ը­սեն, ե­թէ տես­նեն, որ ան ա­ռան­ձին սե­նեա­կի մը մէջ բարձ­րա­ձայն կը կար­դայ: ­Բայց պի­տի անդ­րա­դառ­նանք, որ բարձ­րա­ձայն կար­դա­լը կը կեն­դա­նաց­նէ կար­դա­ցո­ւած բա­ռե­րը, զա­նոնք գի­րէ ձայ­նի կը վե­րա­ծէ:

Այս­տեղ բա­նանք ու­րիշ փա­կա­գիծ մըն ալ: Ը­սած էինք, որ լե­զուն գոր­ծա­ծե­լու ե­րեք ձեւ կայ. խօ­սիլ, գրել ու կար­դալ: ­Թե­րեւս պէտք պի­տի ըլ­լայ սրբագ­րե­լու եւ չոր­րորդ մըն ալ ա­ւելց­նե­լու: Ա­սի­կա ար­տա­սա­նելն է: Ո­մանք թե­րեւս ար­տա­սա­նե­լը հա­մա­զօր պի­տի նկա­տեն խօ­սե­լու կամ բարձ­րա­ձայն կար­դա­լու: ­Բայց ար­տա­սա­նե­լը ա­սոնց­մէ քիչ մը ա­ւե­լին է: ­Դուք սո­վո­րա­կան ո­ճով բարձ­րա­ձայն կը կար­դաք, բայց ա­տի­կա ո­րե­ւէ կապ չու­նի ա­րո­ւես­տի հետ: ­Մինչ­դեռ ար­տա­սա­նե­լը ու­նի: Ար­տա­սա­նե­լը ա­րուեստ մըն է, եւ լաւ ար­տա­սա­նո­ղը այն է, որ ա­մե­նա­գե­ղե­ցիկ ու ա­մե­նա­ճիշդ ձե­ւով կ­՛ար­տա­սա­նէ բա­ռե­րը, մաս­նա­ւոր շեշտ կամ ե­լե­ւէջ կը դնէ բա­ռե­րուն վրայ: Այս տե­սա­կէ­տէ յի­շենք, որ բե­մի վրայ դե­րա­սա­նի մը խօ­սիլն ալ ար­տա­սա­նել է: ­Դե­րա­սա­նին խօ­սի­լը մեր ի­րա­րու հետ խօ­սե­լէն շատ տար­բեր է:

Զուր տեղ չէ, որ դպրոց­նե­րու մէջ ա­շա­կերտ­նե­րուն ար­տա­սա­նու­թիւն կը սոր­վեց­նեն: Երբ մտիկ կ­՛ը­նենք այդ ա­շա­կերտ­նե­րը, ա­նոնց ար­տա­սա­նե­լու կա­րո­ղու­թե­նէն կրնանք կռա­հել, թէ ա­նոնք որ­քա՞ն ըն­տե­լա­ցած են ի­րենց լե­զո­ւին հետ, այ­սինքն՝ որ­քա՞ն կը գոր­ծա­ծեն ի­րենց լե­զուն:

Վեր­ջաց­նե­լէ ա­ռաջ պի­տի յի­շեմ լե­զուն գոր­ծա­ծե­լու հին­գե­րորդ ձեւ մըն ալ: ­Խօ­սիլ, գրել, կար­դալ, ար­տա­սա­նել եւ… մտա­ծել: Ա­մէն մարդ ան­պայ­ման մտա­ծե­լու լե­զու մը ու­նի: ­Դուք ա­ռօ­րեայ ձեր կեան­քին մէջ ինչ լե­զո­ւով որ կը մտա­ծէք, այդ լե­զուն է, որ կ­՛ապ­րեց­նէք:

Սի­րե­լի­նե՛ր, խօ­սե­ցէ՛ք, գրե­ցէ՛ք, կար­դա­ցէ՛ք, ար­տա­սա­նե­ցէ՛ք ու մտա­ծե­ցէ՛ք ձեր մայ­րե­նի լե­զո­ւով:

Ռոպէր Հատտէճեան
«­Նոր ­Մար­մա­րա»