Սփիւռքի Նախարարութիւն

Արեւմտահայերէնի զարգացման եւ պահպանման ռազմավարութեան մշակման նուիրուած քննարկում

16 de octubre de 2017

Min Diaspora ArevmՀՀ Նախագահ Սերժ Սարգսեանի յանձնարարութեամբ եւ «Փոխադարձ վստահութիւն, միասնականութիւն եւ պատասխանատուութիւն» խորագիրով Հայաստան-Սփիւռք համահայկական 6-րդ համաժողովի լոյսի ներքոյ, ՀՀ Սփիւռքի Նախարարութեան մէջ նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի ղեկավարութեամբ տեղի ունեցաւ արեւմտահայերէնի զարգացման, անաղարտութեան պահպանման համար ռազմավարական ծրագիրի մշակման յանձնախումբի խորհրդակցութիւն:

Խորհրդակցական հանդիպման Կը մասնակցէին ՀՀ սփիւռքի փոխնախարար Սերժ Սրապիոնեան, պատմական գիտութիւններու դոկտոր, ՀՀ ԳԱԱ լեզուի հիմնարկի արեւմտահայերէնի բաժինի աւագ գիտաշխատող Յակոբ Չոլաքեան, բանասիրական գիտութիւններու դոկտոր, ՀՊՄՀ փրոֆ. Սուրէն Դանիէլեան, բանասիրական գիտութիւններու դոկտոր, ՀՊՄՀ փրոֆ․ Լալիկ Խաչատրեան, ԵՊՄՀ Հայոց լեզուի ամպիոնի վարիչ Վազգէն Համբարձումեան, ՀՀ ԳԱԱ լեզուի հիմնարկի արեւմտահայերէնի բաժինի գիտաշխատող Անի Ֆիշէնկճեան, ՀՀ Կրթութեան Նախարարութեան համալսարաններու համակարգման եւ կազմակերպման բաժինի պետ Սասուն Մելիքեան եւ նախարարութեան աշխատակիցներ:

Նախարար Յակոբեան, ընդգծելով հարցին կարեւորութիւնը, իր խօսքին մէջ ըսաւ, որ մօտ երեք ամիս առաջ ՀՀ Նախագահ Սերժ Սարգսեանի մօտ տեղի ունեցած է արեւմտահայերէնի վիճակի ուսումնասիրման նուիրուած քննարկում, որուն ընթացքին Նախագահը յանձնարարած է մշակել արեւմտահայերէնի զարգացման եւ պահպանման ռազմավարութիւն: Այդ նպատակով ՀՀ սփիւռքի եւ կրթութեան նախարարութիւններու հետ համատեղ ստեղծուած է յանձնախումբ:

Հրանոյշ Յակոբեան յանձնախումբի անդամներուն առաջարկեց ներկայացնել արեւմտահայերու վիճակի նկարագրութիւնը եւ լուծման ուղիները` աշխատանքները յառաջ տանելով ուսումնական, գիտահետազօտական եւ գործնական ուղղութիւններով:

Այնուհետեւ հանդիպման մասնակիցները ներկայացուցին իրենց առաջարկները:

Պատմական գիտութիւններու դոկտոր, ՀՀ ԳԱԱ լեզուի հիմնարկի արեւմտահայերէնի բաժինի աւագ գիտաշխատող Յակոբ Չոլաքեան, խօսելով յատկապէս Սփիւռքի մէջ արեւմտահայերէնի զարգացման մասին, առաջարկեց լեզուի պահպանման համար մէկօրեայ դպրոցները վերածել ամէնօրեայ վարժարաններու, բարձրացուց Սփիւռքի մէջ ուսուցիչներու վարձատրութեան խնդիրը, մասնագէտներու պատրաստումը: Լեզուաբանը կարեւոր համարեց դասագիրքերու պատրաստութեան հարցը եւ առաջարկեց ստեղծել արեւմտահայերէնի համակարգող խորհուրդ:

Հայաստանի մէջ արեւմտահայերէնը ապրեցնող լեզու դարձնելու համար մատնանշեց դասագիրքերուն մէջ (յատկապէս` կրտսեր դասարաններուն), ներկայացնել արեւմտահայերէն նիւթեր, որպէսզի հայ փոքրիկները լեզուին անհաղորդ չմեծնան, Հայաստանի մէջ մեծցնել արեւմտահայերէն գրականութեան քարոզչութիւնը` գրախանութներուն, գրադարաններուն մէջ ներկայացնելով սփիւռքի հրատարակութիւնները:

Բանասիրական գիտութիւններու դոկտոր, ՀՊՄՀ փրոֆ. Լալիկ Խաչատրեան առաջարկեց աշխատանքներն իրականացնել տեսական եւ գործնական ուղղութեամբ, առաւել յաճախ կիրառել արեւմտահայերէնը, Սփիւռքի օրինակով Հայաստանի մէջ ստեղծել միաւորումներ` միութիւններ, որոնք կը նպաստեն լեզուի պահպանման: Մասնագէտի դիտարկմամբ` այդ ուղղութեամբ կարեւոր է նաեւ նոր ստեղծուելիք Հայերէնի բարձրագոյն խորհուրդին մէջ արեւմտահայերէնի բաժին ունենալու հարցը:

Բանասիրական գիտութիւններու դոկտոր, ՀՊՄՀ փրոֆ. Սուրէն Դանիէլեան կարեւոր համարեց մագիստրոսական ճանապարհով ուսուցիչներու վերապատրաստման հարցը, առաջարկեց հեռուստատեսային հաղորդումներու միջոցով մշտական կամուրջներ ստեղծել Սփիւռքի հետ, հայաստանեան համալսարաններուն մէջ բարձրացնել արեւմտահայերէնի դասաւանդման ժամաքանակը:

ԵՊՄՀ Հայոց լեզուի ամպիոնի վարիչ Վազգէն Համբարձումեան խօսեցաւ ռազմավարութեան բազմաբնոյթ ուղղութիւններուն մասին` կարեւոր համարելով նաեւ հայերէնի երկու ճիւղերու մերձեցման եւ ուղղագրութեան խնդիրները:

ՀՀ ԳԱԱ լեզուի հիմնարկի արեւմտահայերէնի բաժինի գիտաշխատող Անի Ֆիշէնկճեան անդրադարձաւ Սփիւռքի, յատկապէս` Հալէպի, հայագիտական կեդրոններու դերի բարձրացման, Սփիւռքահայ մամուլի եւ արեւմտահայ գրականութեան թուայնացման խնդրին:

ՀՀ կրթութեան նախարարութեան համալսարաններու համակարգման եւ կազմակերպման բաժնի պետ Սասուն Մելիքեան կարեւոր համարեց նպատակային կրթութեան հարցերը եւ հետազօտական աշխատանքներու իրականացումը:

Եզրափակելով քննարկումը` նախարար Հրանոյշ Յակոբեան յանձնախումբի անդամներուն առաջարկեց սեղմ ժամկէտի մէջ խմբաւորել ներկայացուած հարցադրումները, ուղենշել ռազմավարական ծրագիրի կէտերը, քննարկել Հայաստանի եւ Սփիւռքի մասնագէտներուն հետ, որպէսզի հնարաւոր ըլլայ մինչեւ տարեվերջ նախագիծն ուղարկել ՀՀ կառավարութիւն: