Հա­մա­հայ­կա­կան 6րդ ­հա­մա­ժո­ղո­վ

Հա­մազ­գա­յին ­Հայ Կր­թա­կան եւ Մ­շա­կու­թա­յին ­Միու­թեան ­Կեդ­րո­նա­կան ­Վար­չու­թեան ա­տե­նա­պետ Մկրտիչ Մկրտիչեանի ե­լոյ­թը

29 de septiembre de 2017

Neguerdich MeguerdichianՎեր­ջին տա­րի­նե­րուն եր­կար խօ­սո­ւե­ցաւ ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նին սպառ­նա­ցող վտանգ­նե­րուն մա­սին: Այդ խնդի­րով կազ­մա­կեր­պո­ւե­ցան լե­զո­ւի փրկա­րար աշ­խա­տանք­ներ, քիչ մը ա­մէն տեղ: Ան­շուշտ այդ աշ­խա­տանք­նե­րը կու տան ի­րենց տա­րո­ղու­թեան հա­մա­պա­տաս­խա­նող ար­դիւն­քը, որ սփիւռ­քեան պայ­ման­նե­րու բե­րու­մով հա­յե­րէ­նի տկա­րաց­ման ըն­թաց­քը շրջե­լու տե­սան­կիւ­նէն ա­մէն պա­րա­գա­յի չի կրնար վճռա­կան դեր խա­ղալ. լա­ւա­գոյն պա­րա­գա­յին տե­ղի կ’ու­նե­նայ ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նի մէ­կէ ա­ւե­լի տար­բե­րակ­նե­րու կազ­մա­ւո­րու­մը:

Օ­տա­րու­թեան մէջ լե­զուն պա­հե­լու հա­մար պե­տա­կան պատ­կա­ռե­լի նե­ցուկ պէտք է, ինչ որ եր­բեք զգա­լի դառ­նա­լու չափ գո­յու­թիւն չէ ու­նե­ցած հա­յե­րէ­նի պա­րա­գա­յին: Կաս­կա­ծէ վեր է, ի հարկ է, որ կա­տա­րո­ւող աշ­խա­տանք­նե­րը հայ­րե­նա­նո­ւէր գոր­ծեր են. հե­տե­ւա­բար՝ ա­նոնք ար­ժա­նի են գո­նէ բա­րո­յա­կան քա­ջա­լե­րան­քի:

Լե­զո­ւի հար­ցը հա­յու­թեան դի­մագ­րա­ւած խնդիր­նե­րէն մէկն է միայն: ­Հա­յու­թեան աշ­խար­հագ­րա­կան տա­րա­ծու­մը ընդ­հան­րա­պէս կը ստեղ­ծէ հար­ցեր, ո­րոնք ժա­մա­նա­կի ըն­թաց­քին ո՛չ միայն կը տկա­րաց­նեն հա­յու­թեան մաս­նիկ­նե­րուն մի­ջեւ կա­պը, ո՛չ միայն կը բար­դաց­նեն հայ­կա­կան ինք­նու­թեան սահ­մա­նու­մը, այլ ան­հե­տաց­նե­լու աս­տի­ճան կը տժգու­նեն ազ­գա­յին հիմ­նա­կան հար­ցե­րու վե­րա­բե­րող հա­սա­րա­կաց մտա­ծո­ղու­թիւ­նը: Այս­պի­սի կա­ցու­թիւն ժա­մա­նա­կի թա­ւա­լու­մով ա՛լ ա­ւե­լի հա­ւա­նա­կան կը դարձ­նէ ներ-հայ­կա­կան ան­հա­մա­ձայ­նու­թիւն­նե­րու բազ­մա­ցումն ու խո­րա­ցու­մը. այդ­պի­սի ան­հա­մա­ձայ­նու­թիւն­ներ ար­դէն պատ­մա­կան պատ­ճառ­նե­րով տի­րա­կան ե­ղած են հա­յու­թեան կեան­քէն ներս քսա­նե­րորդ դա­րու ըն­թաց­քին: ­Տաճ­կա­հա­յը, ռու­սա­հայն ու պարս­կա­հա­յը ստա­ցան ա­րեւմ­տա­հա­յու եւ ա­րե­ւե­լա­հա­յու ա­ւե­լի պարզ ա­նո­ւա­նա­կո­չու­մը, յան­գե­լու հա­մար ներ­կա­յի՝ հիմ­նա­կա­նին մէջ ցե­ղաս­պա­նու­թեան ու տա­րագ­րու­թեան հե­տե­ւանք հա­յու­թեան աշ­խար­հագ­րա­կա­նի կող­քին նաե՛ւ գա­ղա­փա­րա­կան ու մշա­կու­թա­յին կո­տո­րակ­ման:

Այս­պէ՛ս, հա­յու­թեան իւ­րա­քան­չիւր հա­տո­ւած ու ան­հատ, ի­րենց կազ­մա­ւոր­ման ըն­թաց­քին են­թար­կո­ւած ըլ­լա­լով տա­րաբ­նոյթ ազ­դե­ցու­թիւն­նե­րու, բնա­կա­նա­բար ու­նին տար­բեր մտա­ծե­լա­կերպ, տար­բեր աշ­խար­հա­հա­յեացք, տար­բեր հիմ­նա­կան հե­տաքրք­րու­թիւն­ներ, հար­ցե­րը քննե­լու տար­բեր մօ­տե­ցում­ներ:

Ա­ռա­ջին հեր­թին կա­րե­լի է սքան­չա­նալ հա­յու­թեան պայ­ման­նե­րէն բխող այս բազ­մա­զա­նու­թեան հա­մար: Ա­սի­կա այդ­պէ՛ս է. իր այս վի­ճա­կին մէջ հա­յու­թիւ­նը ու­նի բազ­մամ­շա­կու­թա­յին կա­րո­ղա­կա­նու­թիւն մը, որ ի­րեն կրնայ ըն­ծա­յել աշ­խար­հի ո­րե­ւէ մէկ տեղ ազ­դու կեր­պով գոր­ծե­լու կա­րե­լիու­թիւն­ներ: Այ­սօր ար­դէն տեղ-տեղ տե­սա­նե­լի են այդ ա­ռա­ւե­լու­թիւն­նե­րը. ա­րեւմ­տեան աշ­խար­հի մշա­կու­թա­յին կեան­քին մէջ, համ­բա­ւա­ւոր հա­մալ­սա­րա­նա­կան ու գի­տա­հե­տա­զօ­տա­կան կեդ­րոն­նե­րէ ներս, ­Հայ Դա­տի Գ­րա­սե­նեակ­նե­րու գոր­ծու­նէու­թեան ընդ­մէ­ջէն: Այդ աշ­խար­հա­տա­րած փոր­ձա­ռու­թիւ­նը բնա­կան ձե­ւով եւ ա­ռանց մեծ ճի­գի ան­մի­ջա­կա­նօ­րէն կը փո­խան­ցո­ւի հայ­րե­նի­քին ու հայ­րե­նի գոր­ծիչ­նե­րուն:

Ա­սի­կա սա­կայն մե­տա­լին մէկ ե­րեսն է միայն: ­Նոյն այդ ա­ռա­ւե­լու­թիւն­նե­րուն ծնունդ տո­ւող պատ­ճառ­նե­րը, այլ կա­րե­ւոր մար­զի մը մէջ, ծնունդ կու տան հիմ­նա­կան ան­պա­տե­հու­թեան մը, որ կոր­ծա­նիչ դեր կրնայ խա­ղալ: ­Նոյ­նա­տե­սակ մտա­ծե­լա­կեր­պի չգո­յու­թիւ­նը լուրջ խո­չըն­դոտ է հա­յու­թիւ­նը հե­տաքրք­րող հար­ցե­րու շուրջ դիւ­րու­թեամբ հա­մազ­գա­յին ա­ռու­մով միա­ցեալ եզ­րա­կա­ցու­թիւն­նե­րու յան­գե­լու տե­սան­կիւ­նէն:

Ա­հա ա՛յս նպա­տա­կին պէտք է ծա­ռա­յեն հա­մա­հայ­կա­կան նպա­տակ­նե­րու ի­րա­կա­նաց­ման ձգտող կրթու­թիւնն ու մշա­կոյ­թը: Այ­սինքն՝ աշ­խար­հաց­րիւ հայ­կա­կան բե­կոր­նե­րու ազ­գա­յին հիմ­նա­կան հար­ցե­րու շուրջ կա­րե­լի ե­ղա­ծին չափ կա­տա­րեալ զու­գամ­տու­թեան (convergence) հաս­նե­լու նպա­տա­կին: ­Խօս­քը կը վե­րա­բե­րի հա­մաշ­խար­հա­յին մասշ­տա­պով հա­սա­րա­կաց յատ­կա­նիշ­նե­րով հայ մար­դիկ կազ­մա­ւո­րե­լու մի­ջոց­նե­րուն մա­սին մտա­ծե­լու եւ այդ ուղ­ղու­թեամբ աշ­խա­տանք ծա­ւա­լե­լու: «Ե­րա՜զ»,- կա­րե­լի է մտա­ծել. բայց սփիւռ­քեան պայ­ման­նե­րուն մէջ ա­մէն լուրջ ձեռք­բե­րում գրե­թէ միշտ սկզբնա­կան հանգ­րո­ւա­նին ա­նի­րա­կա­նա­նա­լի թո­ւա­ցող ե­րա­զի մը վրայ հիմ­նո­ւած է:

Այս տե­սա­կի ար­դիւն­քի հաս­նե­լու հա­մար ­Հա­յաս­տա­նի եւ Ս­փիւռ­քի, ինչ­պէս նաեւ Ս­փիւռ­քի զա­նա­զան հա­մայնք­նե­րու մի­ջեւ հա­ղոր­դակ­ցա­կան կա­պե­րը ա­մուր պէտք է ըլ­լան: Իւ­րա­քան­չիւր հայ ինք­զինք պէտք է զգայ հա­մա­հայ­կա­կան հա­ղոր­դակ­ցու­թեան ցան­ցի մը ան­դա­մը, որ­պէս­զի ժա­մա­նա­կի ըն­թաց­քին հա­ւա­քա­կան կեան­քի ո­րոշ գլուխ­նե­րու շուրջ զար­գա­նան հա­սա­րա­կաց մտա­ծե­լա­կերպ ու մտա­ծո­ղու­թիւն: ­Պէտք է քա­ջա­լե­րել յատ­կա­պէս ար­տա­սահ­մա­նի մէջ նո­րա­հաս սե­րունդ­նե­րու հայ­րե­նիք յա­ճա­խա­կի այ­ցե­լու­թիւ­նը: ­Հար­կաւ այդ հա­ղոր­դակ­ցու­թիւ­նը ինչ­քան ինք­նա­կամ ըլ­լայ, ար­դիւն­քը նոյն­քան դիւ­րաւ կը ստա­ցո­ւի: ­Հայ­րե­նի­քի հետ կա­պը մա­նա­ւանդ զգա­ցա­կան­նե­րու կող­քին պէտք է ու­նե­նայ նաեւ ա­ռար­կա­յա­կան պատ­ճառ­ներ: Ա­տի­կա կրնայ պա­տա­հիլ, ե­թէ եր­կի­րը ու­նե­նայ ո­րոշ գրաւ­չու­թիւն այդ սե­րունդ­նե­րուն հա­մար: Ան պէտք է ըլ­լայ յա­ջող եր­կիր: ­Մի­ջազ­գա­յին բե­մի վրայ պէտք է ու­նե­նայ մրցու­նակ մշա­կոյթ եւ գի­տու­թիւն: Այդ­տեղ ալ հաս­նե­լու նա­խա­պայ­մա­նը ան­խու­սա­փե­լիօ­րէն ա­ռողջ հա­սա­րա­կա­կան տնտե­սու­թիւնն է, ին­չի հա­մար հարկ է անխ­նայ հա­լա­ծել բո­լոր յո­ռի ե­րե­ւոյթ­նե­րը:

                                                                                                        *****

Հա­յե­րէն լե­զո­ւին առն­չո­ւող նա­խա­բա­նով մը սկսայ, ո­րով­հե­տեւ հա­մա­հայ­կա­կան մտա­ծո­ղու­թիւն յա­ռա­ջաց­նե­լու ա­մէ­նէն կա­րե­ւոր մի­ջոց­նե­րէն մէ­կը հա­յու­թեան մաս­նիկ­նե­րուն մի­ջեւ յա­ճա­խա­կի ու ան­խա­փան հա­ղոր­դակ­ցու­թիւնն է: Իսկ մարդ­կա­յին հա­ղոր­դակ­ցու­թեան ա­մէ­նէն հիմ­նա­կան մի­ջո­ցը լե­զուն է. մեր պա­րա­գա­յին՝ հա­յե­րէ­նը: Լե­զուն ազ­գա­յին միու­թեան կա­րե­ւոր հիմ­նա­քա­րե­րէն է. միա­ժա­մա­նակ՝ այդ միու­թիւ­նը ամ­րապն­դող ազ­դակ. հա­սա­րա­կաց մշա­կոյ­թի յա­ռա­ջաց­ման, հա­սա­րա­կաց ան­ցեալ վեր­յի­շե­լու եւ հա­սա­րա­կաց ա­պա­գայ կեր­տե­լու ա­տակ լե­զո­ւամ­տա­ծո­ղու­թեան յա­ռա­ջաց­ման կա­րե­ւոր գոր­ծիք է: ­Ճիշդ է, որ ինք­զինք հայ զգա­լու կամ հայ ըլ­լա­լու հա­մար մեր օ­րե­րուն հա­յե­րէ­նի գի­տու­թիւ­նը պայ­ման չէ, բայց եւ այն­պէս հայ­կա­կան խնդիր­նե­րուն խո­րա­պէս ի­րա­զեկ ըլ­լա­լու լա­ւա­գոյն մի­ջո­ցը հա­յե­րէ­նի տի­րա­պե­տումն է: Վեր­ջի­վեր­ջոյ հայ­կա­կան խնդիր­նե­րուն վե­րա­բե­րող եւ հա­յե­րէ­նով դրսե­ւո­րո­ւած գրա­ւոր ու բա­նա­ւոր ար­տա­յայ­տու­թեան չնչին հա­մե­մա­տու­թիւն մը միայն օ­տար լե­զու­նե­րու կը թարգ­մա­նո­ւի: ­

Հե­տե­ւա­բար հարկ է զգա­լիօ­րէն տա­րա­ծել հա­յե­րէ­նի ու­սու­ցու­մը՝ զար­գաց­նե­լով հա­մա­պա­տաս­խան մի­ջոց­ներ: Ս­փիւռ­քա­հայ դպրո­ցը, ան­շուշտ, կը պա­հէ այս մար­զէն ներս իր ա­ռաջ­նա­հերթ դե­րա­կա­տա­րու­թիւ­նը. սա­կայն պէտք է հա­մո­զո­ւինք, որ դպրո­ցը ա­ռան­ձին ան­բա­ւա­րար է հաս­նե­լու հա­մար բո­լո­րին: Ս­փիւռ­քա­հայ ա­շա­կեր­տու­թեան չնչին մէկ հա­մե­մա­տու­թիւ­նը միայն կրնայ հայ­կա­կան դպրոց յա­ճա­խել: ­Թիւ­րի­մա­ցու­թիւն չստեղ­ծե­լու հա­մար ը­սենք, թէ ա­սի­կա ի զօ­րու է Ս­փիւռ­քի ա­մէ­նէն ո­րա­կա­ւոր դպրոց­նե­րուն հա­մար եւս: ­

Հա­յու­թեան աշ­խար­հագ­րա­կան սփռու­մը շա­տե­րու հա­մար հայ­կա­կան վար­ժա­րա­նը ան­մատ­չե­լի կը դարձ­նէ: ­Հե­տե­ւա­բար լե­զո­ւի ու­սուց­ման եւ ընդ­հան­րա­պէս հա­յա­գի­տա­կան կրթու­թեան հա­մար այլ՝ տար­բեր ձե­ւեր պէտք է ի գործ դնել: Ա­նոնց­մէ ո­մանք սկսած են գոր­ծել, սա­կայն ցայ­սօր ոչ այն­քան ար­դիւ­նա­ւէտ ձե­ւով: Ս­փիւռ­քի նա­խա­րա­րու­թեան ա­մառ­նա­յին ա­րա­գա­ցո­ւած հա­յե­րէ­նի դա­սըն­թաց­նե­րը, Ս­փիւռ­քի մէջ լաւ կազ­մա­կեր­պո­ւած (օ­րի­նակ՝ Աւստ­րա­լիա) շա­բա­թօ­րեայ վար­ժա­րան­նե­րը, հա­մա­ցան­ցի մի­ջո­ցով կազ­մա­կեր­պո­ւող դա­սըն­թաց­նե­րը, ե­րե­խա­նե­րու հա­մար հա­յե­րէ­նի եւ այլ հա­յա­գի­տա­կան նիւ­թե­րու ու­սուց­ման հա­մար հա­մա­կարգ­չա­յին խա­ղե­րը պէտք է բազ­մաց­նել՝ բարձ­րաց­նե­լով միա­ժա­մա­նակ ա­նոնց ո­րա­կը: Ինք­նին հասկ­նա­լի է, որ լե­զո­ւի մա­տուց­ման ձե­ւե­րու գրաւ­չու­թիւ­նը պէտք է նոյն­պէս բարձ­րաց­նել: ­Պէտք է, օ­րի­նա­կի հա­մար, վերց­նել լե­զո­ւի ու­սուց­ման հա­մար գո­յու­թիւն ու­նե­ցող ա­րուես­տա­կան դժո­ւա­րու­թիւն­նե­րը: ­

Բա­նա­ւոր հա­յե­րէ­նի տար­բե­րու­թիւն­նե­րը ան­հատ­նե­րու հա­ղոր­դակ­ցու­թեամբ ժա­մա­նա­կի ըն­թաց­քին կը հար­թո­ւին: ­Սա­կայն ուղ­ղագ­րու­թեան միօ­րի­նա­կա­նա­ցու­մը հարկ է կար­գա­ւո­րել պե­տա­կան ո­րո­շու­մով՝ փոր­ձե­լով մեղ­մել դար մը ա­ռաջ միա­կող­մա­նի կեր­պով առ­նո­ւած ո­րո­շում­նե­րու պատ­ճա­ռած ա­րո­ւես­տա­կան դժո­ւա­րու­թիւն­ներն ու ա­նոնց յա­ռա­ջա­ցու­ցած կիր­քը: Իսկ գո­նէ նոր բա­ռե­րու սահ­մա­նու­մին հա­մա­հայ­կա­կան բնոյթ տա­լու նպա­տա­կով՝ «հա­յե­րէ­նի բարձ­րա­գոյն խոր­հուրդ»ը պէտք է հարս­տաց­նել ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նի մաս­նա­գէտ­նե­րով. հա­ւա­նա­բար ա­սի­կա ա­մէ­նէն պարզ ու ան­մի­ջա­կան քայլն է, որ­պէս­զի հա­յոց գրա­կան լե­զուն ժա­նա­նա­կի ըն­թաց­քին կրկին դառ­նայ մէկ: Ան­կախ այն ի­րո­ղու­թե­նէն, որ հա­յե­րէ­նը ինք­նին բա­ցար­ձակ մշա­կու­թա­յին ար­ժէք է, ա­նոր գործ­նա­կան հա­ղոր­դակ­ցա­կան ար­ժէ­քը պէտք է շեշ­տել, իբ­րեւ հա­յե­րու մի­ջեւ հա­ղոր­դակ­ցու­թեան ընդ­հան­րա­կան մի­ջոց: Ո­չինչ կ’ար­գի­լէ, ան­շուշտ, որ հա­յե­րէ­նի պա­րա­գա­յա­կան բա­ցա­կա­յու­թեան վի­ճակ­նե­րու մէջ հա­ղոր­դակ­ցու­թիւ­նը ըլ­լայ օ­տա­րա­լե­զու՝ ան­շե­ղօ­րէն հե­տապն­դե­լով սա­կայն միաս­նա­կան մտա­ծո­ղու­թեան հաս­նե­լու նպա­տա­կը:

Հա­սա­րա­կաց մտա­ծո­ղու­թիւն զար­գաց­նե­լու լա­ւա­գոյն վայ­րը, ան­շուշտ, հայ­րե­նիքն է՝ ամ­բող­ջա­կան հա­յու­թեան ա­մէ­նէն հա­րա­զատ ժա­մադ­րա­վայ­րը: ­Հա­յու­թեան պա­րա­գա­յին հո­ղի միու­թիւ­նը դժբախ­տա­բար խախ­տած է: ­Հե­տե­ւա­բար ա­ւե­լիով պէտք է գոր­ծի լծել այլ մի­ջոց­ներ. հայ­րե­նիք այ­ցե­լու­թիւն­նե­րու կող­քին՝ հա­յոց քա­ղա­քա­կան, ե­կե­ղե­ցա­կան, մշա­կու­թա­յին պատ­մու­թեան խոր­քա­յին ու­սու­ցում, ար­դի եւ պատ­մա­կան Հա­յաս­տա­նի աշ­խար­հագ­րու­թիւն եւ յա­րա­կից նիւ­թեր կը նպաս­տեն ազ­գա­յին գի­տակ­ցա­կան հա­սա­րա­կաց մտա­ծե­լա­կեր­պի գո­յառ­ման: ­Միա­ժա­մա­նակ պէտք է հե­տե­ւո­ղա­կա­նօ­րէն վա­նել բո­լոր այն գա­ղա­փար­նե­րը, ո­րոնք կը շեշ­տեն զա­նա­զան մար­զե­րէ ներս հա­յու­թեան բա­ժա­նու­մը: ­

Պէտք է տե­ւա­պէս շեշ­տել հայ­րե­նա­հա­յու­թեան եւ սփիւռ­քա­հա­յու­թեան մէ­կու­թեան գա­ղա­փա­րը՝ չէ­զո­քաց­նե­լու հա­մար հա­յու­թիւ­նը պա­ռակ­տե­լու ա­տակ գի­տա­կից կամ ան­գի­տա­կից կեր­պով ստեղ­ծո­ւող ո­րե­ւէ մթնո­լորտ: Հա­յու­թեան շար­քե­րուն մէջ ու­րիշ­նե­րու կող­մէ պա­ռակ­տու­մի կա­ցու­թիւն­ներ ստեղ­ծե­լու ճի­գը միշտ գո­յու­թիւն ու­նե­ցած է. եր­բեմն ալ՝ դժբախ­տա­բար յա­ջո­ղած: Այդ­պի­սի փոր­ձու­թիւն­նե­րու դէմ հա­յու­թիւ­նը պաշտ­պա­նե­լի պէտք է ըլ­լայ: ­Դի­մադ­րե­լու լա­ւա­գոյն մի­ջո­ցը ազ­գա­յին գա­ղա­փա­րա­կան միու­թեան զար­գա­ցումն է՝ հար­կաւ հե­ռու մնա­լով ան­հար­կի չա­փա­զան­ցու­թիւն­նե­րէ:

Ինչ­պէ՞ս պէտք է աշ­խա­տիլ կա­րե­լի ե­ղա­ծին չափ մե­ծա­թիւ հա­սա­րա­կաց յատ­կա­նիշ­ներ ու­նե­ցող ան­հատ­նե­րու եւ խմբա­ւո­րում­նե­րու ամ­բող­ջու­թիւն մը կազ­մել կա­րե­նա­լու հա­մար: Այս­պի­սի վի­ճա­կի կը ձգտին վեր­ջի­վեր­ջոյ բո­լոր պե­տու­թիւն­նե­րը: ­Մե­զի բաղ­դա­տած ա­նոնց տար­բե­րու­թիւ­նը այն է, որ ա­նոնք կը գոր­ծեն բա­ցա­ռա­բար ի­րենց ճշդո­ւած աշ­խար­հագ­րա­կան սահ­ման­նե­րէն ներս:

Կա­րի­քը կայ հա­մա­հայ­կա­կան կրթա­կան ու քա­րոզ­չա­կան դրու­թեան մը ստեղ­ծու­մին: Հոն հաս­նե­լէ ա­ռաջ սա­կայն անհ­րա­ժեշտ է կազ­մել հա­յե­րէ­նա­գի­տու­թեան, հայ­րե­նա­գի­տու­թեան եւ հա­յոց պատ­մու­թեան հա­մա­հայ­կա­կան նո­ւա­զա­գոյն կրթա­կան ծրա­գիր մը, որ ծա­ռա­յէ հա­սա­րա­կաց մտա­ծո­ղու­թիւն ստեղ­ծե­լու վե­րոն­շեալ նպա­տա­կի ի­րա­կա­նաց­ման:

­Տե­սա­կա­նօ­րէն դիւ­րին գործ է: ­Գործ­նա­կան դժուա­րու­թիւն­նե­րը նա­խա­տե­սե­լի են, ո­րով­հե­տեւ ըլ­լա՛ն ան­ցեա­լէն ե­կող նա­խա­պա­շա­րում­ներ, ըլ­լա՛յ ան­պայ­ման նո­րա­րա­րու­թեան եր­բեմն ոչ ար­դա­րա­նա­լի պաշ­տա­մուն­քը դու­ռե­րը լայն կը բա­նան ան­հա­մա­ձայ­նու­թիւն­նե­րու առ­ջեւ:

Սա­կայն փոքր ժո­ղո­վուրդ­նե­րը, իսկ մենք փոքր ենք՝ հա­կա­ռակ յա­ճախ ար­տա­սա­նո­ւող բա­նաս­տեղ­ծան­ման ճա­ռե­րու յո­խոր­տանք­նե­րուն, պար­տա­ւոր են աշ­խար­հին խօ­սիլ մէկ ձայ­նով:

Այդ իսկ պատ­ճա­ռով այս կամ նման ծրագ­րի մը յա­ջո­ղու­թիւ­նը ան­յե­տաձ­գե­լի անհ­րա­ժեշ­տու­թիւն է: