Հայոց Ցեղասպանութեան Հարիւրամեակի Խոհեր
Ամէն գիտակից հայու համար Հայոց Ցեղասպանութեան Հարիւրամեակր նշանակալից հանգրուան մըն է խոկումի, խորհրդածութեան, ոգեկոչումի, վերանորոգ նուիրումի եւ Հայ Դատը շարունակելու յանձնառութեան:
Արդարեւ, 1915-ի Ապրիլ 24-ով սկսող եւ քանի մըտարի տեւող Հայոց Ցեղասպանութիւնը, 20-րդ դարու առաջին ցեղասպանութիւնն էր ի գործ դրուած Օսմանեան Կայսրութեան Երիտասարդ Թուրքերու կառավարութեան կողմէ:
Այդ կանխամտածուած, նախածրագրուած, պետական մակարդակով եւ համապետական միջոցներով բռնագաղթին, տեղահանութեան եւ ցեղասպանութեան որպէս արդիւնք, հայ ժողովուրդր աւելի քան մէկ ու կէս միլիոն զոհեր տուաւ, պատմական Հայաստանի տարածութեան շուրջ 80 տոկոսը կորսնցուց - հողային տարածութիւն մը, որուն վրայ Հայ սերունդներ ապրած էին դարեր շարունակ, եւ իր երեքհազարամեայ պատմութեան մէջ արձանագրեց մշակութային հսկայ կորուստ մը, անփոխարինելի այնպիսի ժառանգութիւն մը, որուն բացակայութիւնը միշտ զգալի պիտի մնայ:
Արդարեւ, Հայոց Ցեղասպանութեան ընթացքին, հայ ժողովուրդին տուած վերականգնելի եւ անվերականգնելի կորուստներու տարողութիւնը կրկազմէ այնպիսի համեմատութիւն մը, որ անբաղդատելի է ջարդի ենթարկուած եւ իրաւազրկուած ժողովուրդներու վնասներուն հետ:
Ինչպէս մեր միւս յարանուանութիւնները, Հայ Աւետարանական համայնքն ալ արձանագրեց մարդկային թիւի, մտաւորականութեան, նիւթական եւ մշակութային անսահման կորուստներ:
Ի հեճուկս այս ամէնուն, Ցեղասպանութենէն մազապուրծ ազատած «Հայ Մնացորդացը», իր անկոտրելի կամքով եւ իր աննկուն վճռակամութեամբ աշխարհի ցոյց տուաւ իր ապրելու եւ գոյատեւելու իրաւունքր: Արդարեւ, 1915-ի հայոց տխուր «գողգոթայ»էն երեք տարի ետք, վերապրող հայութիւնը իր հրաշալի «յարութիւնը» ունեցաւ երբ 1918-ի Մայիսին իր հայրենի հողին վրայ պետականութիւն կերտեց հիմը դնելով մեր ներկայ Հայաստանի Հանրապետութեան:
Իսկ Միջին Արեւելքի տարբեր երկիրներու մէջ տարտղնուած եւ հրաշքով վերապրող հայեր քարը ճեղքող եւ քարին վրայ մեծցող բոյսերու նման մեծցան, ուրճացան նորանոր գաղութներ հաստատելով:
Հարկ է հպարտութեամբ յիշել նաեւ, թէ նոյնիսկ Մեծ Եղեռնի ահաւոր տարիներուն հայ ժողովուրդը տեղ տեղ ինքնապաշտպանութեան փորձեր կատարեց ինչպէս Վանի, Շապին Գարահիսարի, Ուրֆայի, Մուսա Լերան եւ Այնթապի մէջ: Այղ մաքարումներն ու հերոսամարտերը փառքի էջերով կը զարդարենհայոց պատմութեան այդ ժամանակաշրջանը: Անկասկած Հայ Աւետարանականներու դերն ու մասնակցութիւնը եղած է խիստ յատկանշական: Ով կրնայ մոռնալ Աողոմոն Թէհլիրեանները, Տիգրան Անդրէասեանները, Ատուր Լեւոնեանները, Յարութիւն Գայայեանները եւ այլ բազմաթիւ մեծանուն կամ անանուն հերոսները, որոնք իրենց գերագոյն զոհողութեամբ հայ ազգին պատիւը բարձր պահեցին:
Հայկական Ցեղասպանութեան հարիւրամեակը այն պատեհ հանգրուանն է, երբ մեր հայրենի իշխանութիւններն ու Սփիւռքահայ կազմակերպութեանց եւ կուսակցութեանց ղեկավարները ձեռք ձեռքի տուած շարունակեն նեցուկ կենալ «Հայ Դատ»ին, եւ յանուն արդարութեան շարունակեն իրենց պահանջատիրութիւնը Թուրք պետութենէն:
Արդ, հարիւրամեակը դառնալու է ազգային ուխտի տարի մը հայ նոր սերունդները դաստիարակելու հայկական Դատի պատմութեամբ եւ հայ քրիստոնեայ ըլլալու կոչումով:
Երբեք չթերագնահատենք հաւաքական մտածողութեան, ազգային եւ քրիստոնէական առողջ ղաստիարակութեան դերր, ինչպէս նաեւ քաղաքական պատրաստութեան դերն ու կարեւորութիւնը ազգի մը կեանքին մէջ: Երբեք չթերագնահատենք բարոյական ոյժը միլիոնաւոր հայերու, որոնք իրենց ձայնը կը բարձրացնեն յանուն արդարութեան: Եւ արդարութիւնը, վաղ թէ ուշ, պիտի յաղթանակէ: Որպէս յանձնառու ջահակիրներ մեր արդար դատին, տէր եւ պաշտման մնանք անոր պահանջատիրական աննկուն ոգիով:
Թող Աստուած օրհնէ յիշատակը Ցեղասպանութեան զոհ եղող մեր մէկ ու կէս միլիոն նահատակներուն եւ իմաստութիւն շնորհէ մեզի անոնց յաջորդներուն, որպէս զի կարենանք ապրիլ այն նուիրական արժէքներով եւ անկորնչելի արժէքներուն համար, որոնց ի խնդիր անոնք իրենց կեանքը զոհեցին «Վասն Քրիստոսի եւ Վասն հայրենեաց»։
Վեր․Դոկտ․Վահան Թութիկեան