Ակուսդին Անալեան

Մենք անկեղծ զինուոր ենք

29 de diciembre de 2017

Voluntarios«Մենք անկեղծ զինուոր ենք» երգի առաջին տարբերակի բուն անունը «Հայ զինուորի սկզբունքը»ն է: Երգ մը որ բոլորիս համար ծանօթ է, ու միշտ կ’երգուի կոսակցական եւ (ընդհանրապէս) գաղափարակից կազմակերպութիւններու հանդիսութիւններու եւ խրախճանքներու ընթացքին, սովորաբար առանց որեւէ երաժշտական գործիքի ընկերակցութեան:

Մեր ազգային ու յեղափոխական երգերը կը կազմեն հայ ժողովուրդի ազատագրական պայքարի պատմութիւնը: Այս ձեւով միջոցներ կը դառնան հերոսական դէպքեր ու թուականներ յիշեցնելու: Անոր համար կարեւոր է նշել որ տաղանդաւոր երիտասարդ երգիչներու եւ երաժիշտներու ճիգերուն շնորհիւ, մանաւանդ հայրենիքէն դուրս, պահելու եւ տարածելու գործը խստօրէն կը շարունակուի կորուստէ կամ մոռացութենէ հեռանալով:

Ընդհանրապէս տեղեակ չենք ազգային-յեղափոխական երգերու ստեղծագործութեան մասին, եւ անգիտակ ենք որ մեծամասնութիւնը յօրինուած է անծանօթ աշուղներու կողմէ:

Այս առիթով, խօսքս կը վերաբերուի Խաչատուր Գէորգեանի յիշատակին՝ ճանչուած իբրեւ «Աշուղ Ֆահրատ»: Ան ծնած է 1867 թուականին, Տիրաքլար (Շիրակի մարզ), ու մահացած է 1921-ին, Կիւմրի: Որպէս սովորութիւն, արուեստագէտները կը դաստիարակուէին վարպետի մը ուղեգծութեամբ, ու այսպէս Ֆահրատի ծնողքները յանձնած են իրեն աշուղ Ֆիզահիի խնամքին, որուն հետ սորվեցաւ սազ եւ ջութակ նուագել:

Աշուղ Ֆահրատը երգեր գրած է` Րաֆֆիի ու Աբովեանի գրուածքներու հիման վրայ, եւ Ջիւանիին, Զահրիին ու Ճամալիին զատ, կը համարուի Կիւմրիի աշուղներու վերջին նշանաւոր ներկայացուցիչը:

«Հայ զինուորի սկզբունքը» («Մենք անկեղծ զինուոր ենք» երգի առաջին տարբերակը), վեց համարէ կը բաղկանար: Կը պատմեր Խանասորի արշաւանքի, Զէյթունի, Սասունի ապստամբութիւններու եւ Պանք Օթոմանի գրաւման մասին: Երկրորդը, միւս կողմէ, արդէն այս վերջին բաժինը (Պանք Օթոմանի գրաւումը) դուրս կը ձգէ, ու կը բաղկանայ չորս համարէ:

Ահա երեք երգի տուները որ տարիներուն հրատարակուած յեղափոխական երգարաններուն մէջ գրուած չեն՝

«Պանքի պաշարումը, յոյն պատերազմից,
Աւելի մեծ սարսափ թողեց սուլթանին,
Զէյթունը քաջ կերպով յաղթեց գազանին,
Կեցցէ Զէյթունը,
Խրոխտ Սասունը,
Կուսակցութիւններն
Անխտիրօրէն –
Պարծանք հայութեան:

Անհաւատ ժողովուրդ, հրաշք կը սպասէք,
Գետ չէք տուել, ծովի չափ կը բամբասէք,
Դարձեալ հայ զինուորը չէ յուսահատուած.
Առանցի գանգատ,
Կռւում է ազատ,
Գործին հարազատ,
Երկաթի կամքով
Տանում ամէն բան:

Մեր զարգացած խիղճը մեր սուրբ օրէնքն է,
Հաստատ համոզմունքը մեր անյաղթ զէնքն է,
Մարդասէր իտէալն մեր սկզբունքն է.
Կեցցէ՛ հայրենիք,
Կեցցէ՛ իղձ-փափաք,
Անյաղթ կը մնայ
Անթիւ դարէդար
Աստուածահաճոյ մեր վեհ դրօշակ:»

Երգը մեզի ներկայացուած է որպէսզի ուսումնասիրենք եւ ընբռնենք կուսակցական հաւատարմութեան ու կարգապահութեան անհրաժէշտութիւնը, հայ ազատագրական պայքարի յաջողութեան համար: «Պարսկաստանի խորքից եկած նամակ»-ի մը թելադրանքով, անակնկալ եւ յանդուգն կը մեկնին պատերազմի դաշտ: Անշուշտ արշաւանքը յստակ է մեզի, որ  կատարուեցաւ քրտական մազրիկ ցեղախումբի բնակավայրին վրայ` պատժելու համար թշնամիներուն: Յայտնի է նաեւ որ Սասունի եւ Զէյթունի մասին նշումներ ալ կան, սակայն հիմնական պատումը Խանասորի արշաւանքն է՝ «Աջից Վարդանը, ձախից Իշխանը, Գրաւենք Աղբակ, տարածենք սարսափ, փա՜ռք Դաշնակցութեան»:

Վերջապէս, պատմութիւն մը ներկայացնելու զատ, աշուղը պատգամ մը ուզեց փոխանցել բոլորին՝ որ հայ ֆետայիներու կարողականութիւնն ու ոչ կոտորած կամքը օրէ օր անսպառ կը դառնար:

Այսպէս է որ երգերու բառերով ու եղանակներով արժէք տանք մեր պատմական հերոսական դէպքերուն ու դրուագներուն, եւ հասկնանք թէ պահելու գործը այնքան հարկաւոր է որ հաստատ շարունակութիւն կը բերէ, ինչպէս նաեւ երեք դարերէ ի վեր կ’երգուի նոյն ժողովրդականութեամբ եւ ծանրութեամբ:

Մենք անկեղծ զինուոր ենք առանձին վիճակ, եւ 127 տարիներէ ի վեր կը ծառայենք, եւ պիտի շարունակենք ծառայել, երկար ժամանակ: