Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքի պաշտօնին չորս թեկնածուներ կան

04 de noviembre de 2016

Պոլսոյ պատրիարքարBolis_teknazuանի պաշտօնական կայքը հրապարակած է համայնքի նոր պատրիարքի պաշտօնին յաւակնող չորս թեկնածուներու անունները:

Անոնք են` Պոլսոյ պատրիարքի ներկայ փոխանորդ Արամ արք. Աթեշեան, Պոլսոյ հայոց պատրիարքարանի հոգեւոր խորհուրդի նախագահ Սահակ եպս. Մաշալեան, Գերմանիոյ հայ համայնքի առաջնորդ Գարեգին արք. Պեքճեան, Գուգարքի թեմի առաջնորդ Սեպուհ արք. Չուլճեան:

Այսպիսով` նախապէս շրջանառուող անուններուն պաշտօնապէս աւելցած է Սահակ եպս. Մաշալեանի անունը:

Պոլսոյ Հայոց պատրիարքի ընտրութիւններուն մասնակցելու համար պարտադիր պայման է Թուրքիոյ մէջ ծնած ըլլալը:

26 հոկտեմբերին Պոլսոյ հայոց պատրիարքարանը յայտարարած էր ներկայ պատրիարք Մեսրոպ արք. Մութաֆեանը անգործունեայ ճանչնալու որոշումը:

Պատրիարք Մութաֆեան 2008-էն ի վեր կը գտնուի մահաքունի մէջ եւ փաստացիօրէն չի գործեր իբրեւ պատրիարք: Անոր փոխարէն այդ լիազօրութիւնները կը կատարէ Արամ արք. Աթեշեան, որ ընտրուած է ոչ թէ համայնքին, այլ Թուրքիոյ պետութեան կողմէ: