Եւ օր մըն ալ մեզմէ պահանջեցին հայ չկոչուիլ այլեւս…

12 de febrero de 2024

 

«Ձեզի կը վստահեցնեմ, որ եթէ այս բոլոր պայմանները ընդունինք խաղաղութիւն կ’ըլլայ, եւ զարգացում…» կ’ըսէր Փաշինեան երբ Քառասունչորսօրեայ Պատերազմին կը պարտուէինք եւ ինք կը ստորագրէր համաձայնագիր մը, որուն կէտերը, ինչպէս յայտնի դարձաւ յաջորդ տարիներուն, ահաւոր ենթակայութեան պայմաններ կը ստեղծէին:

Բայց, հակառակ բոլոր զիջումներուն, խաղաղութիւնը չեկաւ, երկիրը շատ հեռու է զարգացումէ: Ինչ որ տեսանք՝ Հայաստանի վրայ յարձակումն ու ներխուժումն է, Արցախի շրջափակումն է, պատմականօրէն հայկական այդ հողատարածքի հայաթափումն է եւ մշակութային պատմական կոթողներու բնաջնջումը:

Խաղաղութեան մասին կը շարունակենք խօսիլ պատի մը հետ, մինչ դէպի անդունդ կ’ուղղուինք եւ բառերը իրենց իմաստը կը կորսնցնեն ի դէմ այլ հսկայական շահերու, որոնք կը ձգտին տիրանալ հայկական յաւելեալ տարածներու:

Հայաստանի Վարչապետը կ’ըսէ. «անցեալին ամէն ինչ սխալ ըրինք: Բոլոր այն արժէքները որոնց վրայ կայացաւ Հայաստանի Հանրապետութիւնը սխալ են եւ այդ իսկ պատճառով դուրս մնացած ենք տարածաշրջանի զարգացման ծրագիրներէն: … Պէտք է շատ աւելի մրցունակ եւ իրատես ըլլանք:»

Հիմա առաջարկը Սահմանադրութեան փոփոխութիւնն է:

Ետին թողել ազգային իղձերը, նպատակներ ինչպիսին են պետականակերտում, ազգային գերիշխանութիւն, պատմական անցեալ, իրաւունքներու պահանջատիրութիւն, աշխարհի մէջ յարգանք որպէս քաղաքացի, անտեսել յիշողութեան, արդարութեան, ճշմարտութեան եւ արդարահատոյցի սկզբունքները:

Ամէն ինչ սրբել, եւ զէրոյէն սկսիլ ամէն ինչ: Այս է Փաշինեանի առաջարկը: Կամ Սուլթան Էրտողանի եւ իր զրահակիր Ալիեւի պահանջը:

Իշխանութեան իր դիրքերէն, Փաշինեան, պարտութեան խօսնակը, կ’առաջարկէ մենք մեզի վերսկսիլ որպէս ազգ, մեր հայկական էութիւնը թափել տարածաշրջանային համարկման ջուրերուն մէջ, ուր գիշատիչներ կը սպասեն մեզի:

Փաշինեանի իշխանութիւնը չ’առաջարկեր հայրենիքի եւ Սփիւռքի միջեւ հանրային իսկական տիալոկ մը մասնակցութեամբ ներկայացուցչական հանգամանք ունեցող խօսակիցներու, տիալոկ մը ուր կարելի է վերակառուցել մեր հաւատքը մեր ներուժին հանդէպ, յղանալ լուծումներ որոնք ծնունդը ըլլան հազարամեակներէ ի վեր ինքզինք վերստեղծող ազգի մը ստեղծագործ հանճարին:

Այս իշխանութեան միակ առաջարկները մեր դահիճներու թունաւոր պայմանաւորումներու ընդօրինակումն են, ընդ որում թատերական ներկայացումներու տեսքով ի դէմս Ազգային Ժողովի «քննարկումներով», ուր երկրորդական դերակատարներ կը ճգնին ցոյց տալ այս ազգային պառակտումի գործընթացի համընդհանուր ընդունուածութիւնը:

Ազգային Ապահովութիւնը, Պետութիւնը, Հանրապետութիւնը աւելի քան երբեք գոյութենական սպառնալիքի տակ կը գտնուին: Արցախը բռնագրաւուած եւ հայաթափուած է, եւ կարծես չկայ այլընտրանք մեր առաջ քան մենք զմեզ մեղադրելու որ ազատ Հայաստան երազած ենք, Արցախի ազատագրում եւ անկախութիւն, պայքարած ենք յանուն արդարութեան եւ ի յիշատակ Ցեղասպանութեան զոհ մեր նահատակներուն, չենք ընդունած որ ցեղասպանները մնան անպատիժ եւ շարունակեն իրենց ոճիրը ոչ միայն հայ ժողովուրդի այլ նաեւ այլ ժողովուրդներու նկատմամբ:

Մեզի կ’ուզեն հաւատացնել որ մեղաւոր ենք քաղաքական այն բոլոր յաջողութիւններուն համար որոնց արդիւնքով աշխարհը յարգելու սկսած է հայուն: Մեղաւոր ենք արդարութեան ի խնդիր մեր պայքարին համար, գլուխ բարձրացնելու դարերու ստրկութենէ յետոյ, եւ այդ բոլորին համար կ’ուզեն որ այսօր գին վճարենք մեզի լռութեան մատնելով, մեզի մղելով որ լքենք ամէն ծրագիր որ ազգային գերիշխանութեան կը ձգտի, որ Արցախ բառը չգործածենք, չխօսինք Ցեղասպանութեան մասին, ոչ ալ արդարահատոյցի, չխօսինք առհասարակ:

Այդ բոլորի նախընթացները կ’ուզեն անյայտացնել, եւ անհետացնել ամէն պահանջատիրութիւն:

Չխաբուինք: Էրտողանն ու Ալիեւը խաղաղութիւն չեն ուզեր: Հայաստանը տարիներ ու տարիներ Արցախի հարցի խաղաղ լուծումին մասին խօսեցաւ, բայց այդ մէկը տեղի չունեցաւ: Անոնց նպատակը հայ ժողովուրդի՛ անհետացումն է, կամ անոր գոյութեան նուազագոյնի թոյլատրումը միայն:

Հայկական տարբեր իրականութիւններ կան, բայց առանձին, իրարմէ բաժան-բաժան չեն կրնար գոյատեւել: Այս գոյութենական բանավէճը պիտի որ Հայաստանն ու Սփիւռքը դնեն սեղանի վրայ:

Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Հարաւային Ամերիկայի կառոյցը այսօր կը մերժէ որեւէ քայլ որ ազգային պառակտումը խորացնէ եւ հայկական ինքնութեան ու գոյութեան հիմնական արժէքներուն եւ սկզբունքներուն դէմ գործէ:

Ո՛Չ Սահմանադրական փոփոխութեան:

Յակոբ Թապագեան
Հ.Յ.Դ. Հարաւային Ամերիկայի Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ