Հայոց Պատմութիւնը Անուանափոխելու Նպատակը

12 de febrero de 2024

 

Հայաստանի կրթութեան նախարարին՝ Հայոց պատմութիւնը Հայաստանի պատմութեամբ անուանափոխելու «առաջարկ»-ը ո՛չ տգիտութեան-անգրագիտութեան, ո՛չ ալ պարզամտութեան հետեւանք է, այլ՝ ՔՊ-ական քլանի ապազգային մտածողութեան ու քաղաքական վարքագիծի հարազատ մէկ դրսեւորումն է, զոր հետեւողականօրէն կը գործադրեն անոնք՝ իշխանութեան իրենց հասած առաջին պահէն սկսեալ, բոլոր ոլորտներուն մէջ: Պէտք կա՞յ մէկ առ մէկ թուելու օրինակներ. պահանջատէր սփիւռքի նկատմամբ մերժողական դիրքորոշում, սփիւռքի նախարարութեան ջնջում, պատմութեան դասագիրքերուն մէջ կամայական սղումներ եւ նենգափոխումներ, Առաքելական եկեղեցւոյ դէմ արշաւ, Արարատ լերան խորհուրդի ձաղկում, Արեւմտեան Հայաստանի ուրացում, «Մեր հայրենիք»-ի տառին ու ոգիին մերժում, Եռագոյնի ու Հանրապետութեան զինանշանի դէմ մեղանչում, Սահմանադրութեան խեղաթիւրում, շարքը երկար է տակաւին, եւ հիմա հերթը հասաւ մեր պատմահօր՝ Խորենացիով նուիրականացած Հայոց պատմութեան …

***
Ինչու՞ Հայոց պատմութիւն եւ ոչ՝ Հայաստանի պատմութիւն, պարզապէս որովհետեւ երեք հազարամեայ մեր պատմութեան մէջ հայկական պետութիւնը անոր միայն մէկ փոքր մասը կը կազմէ դժբախտաբար: Պետութիւն ունեցած չենք, բայց ունեցած ենք ժողովուրդ, հանդիսացած ենք ազգ, որ պետութեան բացակայութեան ահաւոր պայմաններու մէջ յաջողեր է պահպանել ինքնուրոյն դիմագիծ՝ լեզու, գիր, գրականութիւն, երաժշտութիւն, արուեստ, գիտութիւն, քաղաքակրթութիւն, եւ արարեր է ազգային գիտակցութեամբ, իսկ վերջին երկու հարիւրամեակներուն ապրեր է Զարթօնք, կերտեր է բարձր մշակոյթ, նուաճելով նոյնիսկ համաշխարհային փայլուն մակարդակ:

Հապա՞ սփիւռքը: Ցեղասպանութենէն ճողոպրած մնացորդացը, որ այս անգամ ոչ միայն պետութեան բացակայութեան, այլեւ հայրենիքէն հեռու, հայրենի հողէն բռնագաղթուած, աշխարհացրիւ, կերտեց պատմութիւն: Սփիւռքը պահեց իր ինքնութիւնը, իր լեզուն, իր մշակոյթը, կառուցեց իր եկեղեցիները, դպրոցները, ակումբներն ու կեդրոնները, մարզական, բարեսիրական, մշակութային միութիւնները՝ պատկառելի գործունէութեամբ, յամառօրէն պայքարեցաւ, մաքառեցաւ ահաւոր հոսանքն ի վեր՝ գաղութները հայ պահելու համար, յանձնառո՛ւ հայ, որոշ տեղեր ու որոշ ատեն՝ ի հարկին զէնքի գնով, ինքնապաշտպանական խումբերով: Եւ այս ամբողջը չեղաւ ինքնանպատակ, այլ՝ ի խնդիր Հայ դատին, ի խնդիր անկախ պետութեան կերտման, որուն համար տարուեցաւ ծով աշխատանք, անսահման զոհողութիւն, նուիրում, որոնց շնորհիւ արձանագրուեցան նկատառելի ու էական յաջողութիւններ: Եւ այս երթը անխափան ու պատուով կը շարունակուի այսօր արդէն հինգերորդ սերունդով, պայքարը անդուլ կը մղուի, պիտի մղուի՛ մինչեւ վերջնական յաջողութիւն:

Եւ ուրեմն այս բոլորը մաս չեն կազմեր մեր պատմութեան, եթէ պիտի հետեւինք ՔՊ-ական «տրամաբանութեան» …

Ամենեւին:

Եւ ահաւասիկ ինչո՛ւ Հայո՛ց պատմութիւն է եւ ոչ՝ Հայաստանի: Մեր պատմութիւնը կ՛ընդգրկէ բովանդակ ազգը եւ այս իսկ տրամաբանութեամբ կը կոչուի ու պիտի շարունակուի կոչուիլ Հայոց պատմութիւն: Ու որքան ալ փորձէ ՔՊ-ական ապազգային քլանը ազգի երկփեղկման իր քաղաքականութիւնը մղել, Սփիւռքի ու Հայաստանի միջեւ բաժանարար իր գիծը լայնցնել, Հայ դատի պահանջատիրութիւնը վերացնել՝ կեղծ ու խաբուսիկ խաղաղութեան պատրուակով թշնամիին օրակարգին ենթարկուելով, միեւնոյնն է, պիտի չյաջողի, պարզապէս որովհետեւ գլխագիր Ազգը ի վերջոյ դուրս պիտի գայ իր անհասկնալի թմրութենէն, ձեռքը ամուր պիտի զարնէ սեղանին եւ ի՛նք է, որ պիտի պարտադրէ իր կամքը, հայու արժանապատիւ ընթացքը:

ՀՐԱՉ ՎԱՐԺԱՊԵՏԵԱՆ

aztagdaily.com