Մահուան 54-Ամեակ` Հայութեան Մեծագոյն Դէմքերէն Սիմոն Վրացեանի

25 de mayo de 2023

21 մայիս 1969-ին, Պէյրութի մէջ իր աչքերը առյաւէտ փակեց հայ ժողովուրդի նորագոյն պատմութեան մեծանուն կերտիչներէն Սիմոն Վրացեան:

Հասարակական, քաղաքական, ազգային եւ պետական գործիչ Սիմոն Վրացեան ծնած է 1882-ին, Նոր Նախիջեւանի Մեծ Սալա գիւղը:

Յաճախած է ծննդավայրին միջնակարգ դպրոցը, ապա` Էջմիածնի Գէորգեան ճեմարանը, ուր կազմաւորուած է իբրեւ հայ եւ մտաւորական: Անդամակցած է Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան: 1907-ին մասնակցած է Վիեննայի մէջ գումարուած Դաշնակցութեան Դ. Ընդհանուր ժողովին: Ապա հետեւած է Փեթերսպուրկի համալսարանի դասընթացքներուն:

Ցարական ոստիկանութեան հալածանքէն խուսափելով, 1910-ին անցած է Կարին, ապա` Տրապիզոն եւ Պոլիս: 1911-ին ուղեւորուած է Ամերիկա, ուր վարած է «Հայրենիք» օրաթերթին խմբագրութիւնը:

Կարնոյ 1914-ին Ընդհանուր ժողովին մասնակցած է իբրեւ Ամերիկայի ներկայացուցիչ: Ապա անցած է Թիֆլիս եւ մտած հայ կամաւորական գունդերու կազմակերպիչ մարմինին մէջ: 1917-ին նշանակուած է Թիֆլիսի «Հորիզոն» թերթի խմբագիր: 1918-ին ընտրուած է Անդրկովկասեան սէյմի անդամ:

Հայաստանի Հանրապետութեան կազմաւորումէն ետք տեղափոխուած է Երեւան եւ ընտրուած անդրանիկ խորհրդարանի երեսփոխան:

Վարչապետ Համօ Օհանջանեանի դահլիճին մէջ եղած է գիւղատնտեսութեան եւ աշխատանքի նախարար:

Հայ-թրքական պատերազմին, 1920 նոյեմբերին նշանակուեցաւ վարչապետ: Իրեն վիճակուեցաւ 2 դեկտեմբեր 1920-ին իշխանութիւնը յանձնել համայնավար յեղկոմին:

Խորհրդային կարգերու հաստատումէն ետք Վրացեան գլխաւորեց հայրենիքի փրկութեան կոմիտէն: 1921-ի Փետրուարեան ապստամբութեան ճնշումէն ետք անցաւ արտասահման` Իրան, Ֆրանսա, Միացեալ Նահանգներ եւ Լիբանան:

Փարիզի մէջ ան հրատարակեց «Վէմ» հանդէսը, ինչպէս նաեւ «Հայաստանի Հանրապետութիւն» մեծածաւալ գործը:

Լեւոն Շանթի մահէն ետք` 1952-ին, նշանակուեցաւ Պէյրութի Նշան Փալանճեան ճեմարանի տնօրէն, զոր վարեց մինչեւ մահը` 21 մայիս 1969:

Հրատարակութեան պատրաստեց եւ լոյս ընծայեց իր յուշերը` «Կեանքի ուղիներով» վեց հատորները, ուր ամփոփուած են Վրացեանի ազգային-քաղաքական եւ հոգեմտաւոր ժառանգութիւնն ու պատգամները, որոնք կը մնան այժմէական ու կարեւոր:

21 մայիս 1969-ին Սիմոն Վրացեան կնքեց իր մահկանացուն, եւ հայութիւնը այսպիսով կորսնցուց դաշնակցական մեծութիւն մը, պետական ղեկավար մը, ներհուն մտաւորական եւ կրթական գործիչ մը:

Բայց եւ այնպէս կը մնան անոր հատորները, գաղափարներն ու պատգամները, որոնցմով պէտք է առաջնորդուինք այսօր: