«Սփիւռքը պիտի համարձակւի օրակարգի դնել «տարբերում»-ը որպէս համահայկական բազմամշակութային իրականութեան յատկանիշ». Խաչիկ Տէր-Ղուկասեան

11 de abril de 2024

 

«ԱԼԻՔ»-ը հարցազրոյց է ունեցել միջազգային յարաբերութիւնների պրոֆեսոր Խաչիկ Տէր Ղուկասեանի հետ՝ քննարկելով, սփիւռքեան գործառոյթի վերաիմաստաւորումը, ՀՀ-Սփիւռք յարաբերութիւնները, թւային ժամանակաշրջանի ընձեռած գործիքակազմերի իրացման հնարաւորութիւնները՝ Սփիւռքի արդիականացման ուղղութեամբ:

– Պրոֆեսոր Տէր-Ղուկասեան Սփիւռքը շարունակում է անորոշութեան մէջ լինել, ի՞նչ անել, ինչպէ՞ս իմաստաւորել սփիւռքեան գործառոյթը:

-Սփիւռքը անորոշութեան մէջ յայտնւած է 44-օրեայ պատերազմէն շատ առաջ, բայց թերեւս քչերը կանդրադառնային անոր: Երբ Ղարաբաղեան շարժումը սկսաւ 1988-ին եւ երկրաշարժը առաջին անգամ ըլլալով բացաւ այն ատեն Խորհրդային Հայաստանի դռները, սփիւռքեան կազմակերպութիւններու, քաղաքական կուսակցութիւններ թէ հասարակական կազմակերպութիւնները, անկեղծ խանդավառութեամբ հաւատացին, որ ժա մանակը եկած էր դէպի հայրենիք վերադարձի գործընթացին, ինչ որ Հ. Յ. Դաշնակցութեան նոյն տարւայ Ընդհանուր ժողովը բանաձեւեց Դէպի Երկիր լոզունգ մը, որ իր կուսակցականութենէն անդին այդ ժամանակւայ Սփիւռքի պատկերացումն էր իր ճակատագրին: Յաջորդ 32 տարիներու ընթացքին, այսինքն մինչեւ ամբողջ հայութեան համար ճակատագրական բեկում բերած 44-օրեայ պատերազմը, Սփիւռքի զօրաշարժը նպատակաուղղւեցաւ հիմնականօրէն, եթէ ոչ՝ բացառաբար, դէպի Հայրենիք-Հայաստան եւ Արցախ: Այն ինչ, որ կայացած էր, որպէս Սփիւռք իր գրական-ստեղծագործական, հասարակագիտական, մտածողական եւ քաղաքական գործունէութեան ընդմէջէն, յատկապէս՝ 1965-1985/87 ժամանակաշրջանին, ինքնամոռացութեան գնաց, որպէս հաւաքականութիւն վերածւելու համար իրենց առօրեայի մէջ ամփոփւած եւ իրենց ինքնութեան յանձնառութիւնը միայն Հայաստանի հետ յարաբերութիւններով ճշտող համայնքներու գումարի:

Այս է ահաւասիկ սփիւռքեան անորոշութեան ենթախորքը: 44-օրեայ պատերազմը եկաւ ցոյց տալու, որ Հայաստան-Սփիւռք փոխ-սնուցիչ կամ փոխ-լրացման յարաբերութիւնը լաւագոյն պարագային տեսութիւն էր, բաղձանք, հռետորութիւն, եթէ ոչ ինքնախաբէութիւն, երբեք չէր վերածւած ծրագրի: Անկախ անկէ, որ 2018-ի իշխանափոխութենէն յետոյ ինչպէս Հայաստանի ներքաղաքական թէ արտաքին քաղաքականութեան, այնպէս ալ ներազգային, այսինքն՝ Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւններու, բոլոր ոլորտներուն մէջ քաոս էր, նոր իշխանութիւններու ինքնասիրահարութեան, մեծամտութեան եւ ապիկարութեան հետեւանքով: Ինչ կը վերաբերի այս «անորոշութենէն» դուրս գալու միջոցին, կարծեմ պահն է վերադառնալու դէպի Սփիւռք, Վազգէն Եթիէմեզեանի բառերով «բնորոշւած յղացք»-ի մը գիտակցումին, որպէս գոյավիճակ եւ ոչ թէ պատմական հանգրւան: Այդ մէկը գործնականին մէջ կը նշանակէ դնել (համա) սփիւռքեան օրակարգ: Այդ մէկը կրնա՛ն ընել համասփիւռքեան ցանցի եւ զօրաշարժի կարողութիւն ունեցող կազմակերպութիւնները, առանձին կամ, նախընտրաբար, համագործակցելով, բայց պէտք չէ բացառել, որ սփիւռքեան ինքնուրոյն օրակարգի մը պահանջարկի գիտակցումը ծնունդ տայ նոր կազմակերպութիւններու կամ համասփիւռքեան նոր ցանցերու: Երկու պարագաներուն ալ սակայն կարեւոր է սփիւռքեան օրակարգը չպայմանաւորել Հայաստանի հետ յարաբերութիւններով, եւ հեռու պահել Հայաստանի ներքաղաքական գործընթացներէն:

–  Ինչպէ՞ս պէտք է լինի Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւնները:

-Նախքան նախորդ բնորդի քննադատական արժեւորումը նոր բնորդի մը պատկերացումը շատ դժւար է, որովհետեւ պիտի չկարենայ ձերբազատւիլ «պետականամէտութենէն» եւ ոչ միայն այս իշխանութիւններու յանձնակատարի նորագոյն սոփեստութեան իմաստով: Սփիւռքը պիտի գիտակցի որ ոչ-պետական հաւաքականութիւն մըն է, եւ եթէ Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու բնորդ մը պիտի ճշտէ, ապա եւ այդ մէկը պէտք է ըլլայ Սփիւռք-Հայաստան մօտեցումով, որպէս Սփիւռքեան օրակարգի մէկ կէտը, ոչ թէ օրակարգը ինքնին:

– Սփիւռքեան որոշակի հատւած պահանջում էր ՀՀ իշխանութիւնների հեռացումը, կար նաեւ որոշ հատւած, որն անտարբեր էր տւեալ օրակարգ առնչութեամբ, Ձեր կարծիքով ինչպիսի՞ դիրքորոշում պէտք է ապագայում դրսեւորի Սփիւռքն այս հարցի առնչութեամբ:

-Իշխանութիւններու հեռացման պահանջը թէ այդ պահանջին հանդէպ անտարբերութիւնը պիտի ընկալել խօսքի եւ կարծիքի ազատութեան յարգանքի հիման վրայ: Սփիւռքի քաղաքական հասունութիւնը ներհամայնքային թէ շրջանային կամ համաշխարհային մասշտաբով համագործակցութիւնը սփիւռքեան օրակարգի մը շուրջ, հայրենի իրականութեան ներքաղաքական հարցերու շուրջ տարակարծութեան առկայութիւնը ընդունելուն մէջ կը կայանայ:

Ցեղասպանութեան 50-րդ տարելիցին, երեք կուսակցութիւնները յաջողեցան վեր ելլել մինչ այդ Սփիւռքը երկփեղկած խորհրդային վարչակարգը ընդունելու թէ մերժելու ջրբաժանման գիծէն, եւ առանց սեփական դիրքորոշումը փոխելու որոշեցին միանալ ի խնդիր Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման եւ արդարահատոյցին: Այդ մէկը Սփիւռքի քաղաքական զարգացման խօսուն փաստը եղաւ, որ տասը տարի յետոյ, Լիբանանեան քաղաքացիական պատերազմի նախօրեակին, հայ համայնքը միաւորեց

«դրական չէզոքութեան» կեցւածքին մէջ: Նաեւ, Սփիւռքի մէջ, կարելի է գործնականօրէն ցոյց տալ պետութեան եւ իշխանութեան տարբերումը եւ ժողովրդավարութեան ամենատարրական սկզբունքը՝ կարծիքի ազատութեան իրաւունքն ու յարգանքը:

– Ի՞նչ քայլերով է կարող նպաստել Հայաստանը Սփիւռքի վերակազմակերպւածութեանն ու զօրաշարժին:

-Այս հանգրւանին լաւագոյնը կլլայ, որ Հայաստանը, եւ մանաւանդ ՀՀ օրւայ իշխանութիւնները չփորձեն «նպաստել» Սփիւռքի վերակազմակերպմանը, եւ նւա՛զ եթէ այդ մէկը պիտի ընեն «պետականամէտ» Սփիւռք մը առաջացնելու համար: Աւելի՛ն, Հայաս տանի բերելիք «նպաստ»-ին մասին ներկայ հանգրւանին խօսիլը պարզապէս անհեթեթ է, որովհետեւ Սփիւռքը վերակազմակերպումի քայլերը տակաւին չէ հաստատագրած: Հայաստանի բերելիք «նպաստ»-ին մասին վերակազմակերպւած Սփիւռքը կրնայ մտածել միայն եթէ յստակօրէն գիտակցի թէ ինչ «նպաստ» հարկաւոր է իրեն: Ի դէպ, ի՞նչ «նպաստ» բերած է մինչեւ հիմա Հայաստանը Սփիւռքին…

-Սփիւռքի նկատմամբ վերաբերմունքի փոփոխութեան մասին մէկ անգամ ակնարկեցիք, որի հետ լիովին համաձայն եմ: Նաեւ կարծում եմ այդ վերաբերմունքը պէտք է փոխւի ե՛ւ Հայաստանում, ե՛ւ Սփիւռքում, ե՛ւ ներսփիւռքեան յարաբերութիւններում: Այդ վերաբերմունքների փոփոխութիւնը ինչպէս էք պատկերացնում:

-Վերաբերմունքի փոփոխութիւնը  նախ Սփիւռքէն պիտի սկսի թապուներ կոտրելու համարձակութեամբ: Օրինակի համար, Սփիւռքը պիտի համարձակի օրակարգի դնել «տարբերում»-ը, որպէս համահայկական բազմամշակութային իրականութեան յատկանիշ, որուն նկատառումը անհրաժեշտ է ներազգային համարկումի գործընթաց սկսելու համար:

Ինչ կը վերաբերի Հայաստանէն վերաբերմունքի փոփոխութեան, այդ մէկը կրնայ տեղի ունենալ միայն եթէ վերակազմակերպւած Սփիւռքը ընկալւի, որպէս պետութեան միջազգային ներկայութեան լրացուցիչ կենսական գործօն:

-Սփիւռքի արդիականացման, վերակազմակերպման համար կարծում եմ մեծ անելիք ունի թւայնացման ժամանակաշրջանի ընձեռած գործիքակազմերը, որի ամենահասանելի հնարաւորութիւններից մէկն է թւային տարածքներում վերախմբաւորել, փոխազդեցութեան նոր հնարաւորութիւններ ստեղծել, ձեւաւորելով համատեղ նոր համայնքներ, որոնք կարող են համալրել եղած ֆիզիկական համայնքների մարդկային ռեսուրսները, դուք թւային Սփիւռքի մասին ի՞նչ կարծիք ունէք, այն կարո՞ղ է օգնութեան հասնել մաշւած ֆասադով Հայկական Սփիւռքին:

-Միանշանակ համաձայն եմ: Բաւ է, օրինակի համար, գիտակցիլ թէ համացանցի վրայ տիրապետողը Աբեղեանական ուղղագրութիւնն է: Դասական ուղղագրութեան սրբագրիչ ծրագիր մը շատոնց սփիւռքեան օրակարգ պիտի ըլլար քանի ո նման նախանձախնդրութիւն սպասելի չէ Հայաստանէն: Եւ այս Սփիւռքի արդիականացման համար թւայնացումը ծրագիրներէն միայն մէկն է: Ամէն պարագային, կը կարծեմ, որ թւայնացման ծրագիրներ շատոնց ընթացք առած են, եւ անոր մէջ պիտի վեր առնել «Գալուստ Գիւլբենկեան» հիմնարկութեան Հայկական համայնքներու բաժանմունքի նախաձեռնողականութիւնը: Թւայնացման ծրագիրները կան, բայց այդ բոլոր ծրագիրներն ու անոնցմէ անդին Սփիւռքի արդիականացման համար թւայնացումի ռազմավարութիւն մը կը պակսի: Սկսելով ի՞նչ կը նշանակէ Սփիւռքի համար թւայնացումը 21-րդ դարուն արագօրէն զարգացող քաղաքակրթական փոփոխութիւններու բանականութեան մէջ հարցումի մասին ընդհանուր խորհրդակցութիւն բանավէճէն:

– Շնորհակալութիւն:

Հարցազրոյցը՝ ՍԻՒՆԷ ՖԱՐՄԱՆԵԱՆԻ – «ԱԼԻՔ»