Սփիւռք, Ցեղասպանութիւն, Արցախ

11 de enero de 2024

Երեսունհինգ տարի առաջ, Ղարաբաղեան Շարժումը անկիւնադարձային եղաւ նաեւ Սփիւռքին համար, որ Ցեղասպանութեան յիսուներորդ տարելիցին յաջորդած երկու տասնամեակներուն իր քաղաքականացման գործընթացի առաջացած հանգրուանին կը գտնուէր: Սփիւռքը այն ժամանակ,  անկախ իր բազմազանութենէն եւ քաղաքական ու գաղափարախօսականօրէն իրարու հետ մրցակից, երբեմն նոյնիսկ հակադիր, հատուածներէն, կ’ընկալուէր, կը մտածուէր որպէս ամբողջութիւն, որպէս հայութեան համաշխարհային ներկայութիւն: 

Սփիւռքի քաղաքականացման կիզակէտին էր Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչումը, որ 1985-էն սկսեալ արդէն իր առաջին յաջողութիւնները արձանագրելու սկսած էր ի դէմս Ուիթէքերի տեղեկագրին, Եւրոպական Խորհրդարանի որոշման եւ տարբեր պետութիւններու գործադիր թէ օրէնսդիր իշխանութիւններու մակարդակով հրապարակային յայտարարութիւններու: Այդ առաջին յաջողութիւնները, հիմնականօրէն՝ «ցեղասպանութիւն» յղացքին գործածութիւնը պաշտօնական փաստաթուղթերու թէ պետական շրջանակներու եւ պատասխանատուներու ելոյթներու մէջ, համեստ էին անշուշտ: Բայց նաեւ ոչ-արհամարհելի իրագործում, եթէ գիտակցինք որ նախաձեռնութիւնը կու գար ոչ-պետական, աշխարհացրիւ բայց ցանցային հաղորդակցութեան տրամաբանութեամբ միասնակամ զօրաշարժի ատակ էթնիք հաւաքականութենէ մը որ Սփիւռքն էր: Ցեղասպանութիւնը եւ Ցեղասպանութեան ժխտողականութիւնը Օսմանեան կայսրութեան եւ անոր յաջորդած Թուրքիոյ կողմէ ծրագրուած եւ գործադրութեան դրուած պետական քաղաքականութիւններ էին: Ցեղասպանութեան մասին միջազգային մեղսակից լռութիւնը մեծապետական աշխարհաքաղաքական տրամաբանութեամբ կը հասկցուէր: Այդուհանդերձ, համաշխարհային զօրաշարժի ատակ այդ ոչ-պետական քաղաքացիական հասարակութիւնը, Սփիւռքը, կրցած էր Ցեղասպանութեան հարցը մոռացումէ դուրս բերել, միջ-պետական օրակարգին վրայ ստեղծել կացութիւն , թէկուզ եւ շատ համեստ ու սահմանափակ ըլլար անոր տարողութիւնը: 

Այս յիշեցումը կարեւոր է ոչ թէ սեղանի վրայ դնելու համար անկախութենէն ի վեր ՀՀ իրերայաջորդ բոլոր իշխանութիւններու կողմէ Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման եւ հատուցման հարցը արտաքին քաղաքականութեան օրակարգին ռազմավարականօրէն մտածելու ընդդիմութիւնը, դժկամութիւնը թէ անկարողութիւնը, որ քննարկման առանձին թեմայ է Սփիւռքի համար -եթէ երբեք այդ կարողութիւնն ու կամքը մնացած է անոր մօտ… Կարեւոր է՝ նախ եւ առաջ գիտակցելու համար որ, ինչպէս համաշխարհային հանրային կարծիքը, Սփի՛ւռքն ալ անակնկալի եկաւ դէմ յանդիման արցախեան զօրաշարժին, եւ, հետեւաբար, թերեւս անխուսափելիօրէն երեւոյթը դիտեց իր քաղաքականացման հայելիին ընդմէջէն: Այսինքն՝ Արցախեան հիմնահարցը ընկալուեցաւ Հայ Դատի պահանջատիրութեան տրամաբանութեան ընդմէջէն, հակառակ որ այն երբեք հանգամանօրէն չէր մտածուած եւ նուազ՝ ծրագրուած անցնող քսան տարիներուն: 

Եւ հասկնալի է այդ մէկը: Ստեփանակերտի թէ Երեւանի խաղաղ ցոյցերուն Ազրպէյճանի հակազդեցութիւնը անմիջապէս եղած էր Սումկայթի փոկրոմը եւ թուրք-ազրպէյճանական մերձեցման առաջին քայլերը, առ ի յիշեցում Ցեղասպանութեան հիմնապատճառ փանթրքականութեան յամեցման: Աւելի՛ն, արցախեան ազատամարտի ըմբոստութեան հանգրուանին, թէ արդէն բացայայտ պատերազմի ամբողջ տեւողութեան, առաջնագիծի վրայ եղող ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան մօտ մի՛շտ առկայ էր փանթուրքիզմի սպառնալիքն ու Արցախի աշխարհաքաղաքական կարեւորութիւնը Հայաստանի ապահովութեան եւ լինելութեան համար: Այն օրերուն ոչ ոքի մտքէն կ’ացնէր որ Արցախը երբեւիցէ եղած էր կամ կրնար ըլլալ/ճանչցուիլ որպէս Ազրպէյճանի հողային ամբողջականութեան մաս… 

Բայց երեւի որովհետեւ այնքա՛ն հարազատ էր իր քաղաքականացման հայելիին ընդմէջէն դիտուած արցախեան պահանջատիրական պայքարը, Սփիւռքի քաղաքական մտածողութիւնը չկարողացաւ ճիշդ ընկալել նաեւ անոր զուգահեռ երկու գործընթացներ, որոնք շատ շուտով աւելի որոշիչ եղան հայ ժողովուրդի նորագոյն հանգրուանի պատմական յառաջընթացին համար: Անոնցմէ առաջինը անկախացման գործընթացն էր եւ պետական կառոյցի վերատեսումը, իմա՛՝ առաջին սահմանադրական բանավէճը: Երկրորդը ազատ շուկայական յարաբերութիւններու անցման բնորդը որով եւ տեղի ունեցաւ կապիտալի առաջին կուտակումը եւ դրամատէր դասակարգի կազմաւորումը: Երկու գործընթացներն ալ կարելի է ըսել աւարտեցան 1995-96 տարիներուն, որմէ յետոյ սկսաւ անոնց ամրագրումը որպէս նախագահական վարչակարգ եւ ընկերատնտեսական օլիկարգային համակարգ, ուր եւ պիտի տեղադրել յաջորդ տարիներու իշխանութեան եւ «լաւ ապրել»ու համար պայքարը: Այդ գործընթացին մէջ Սփիւռքը չունեցաւ եւ ոչ մէկ դերակատարութիւն, որովհետեւ չկար, չ’ստեղծուեցաւ համայնքներու ներկայացուցչութիւն պետական տարբեր մակարդակներով առնուող որոշումներու մէջ ձայն եւ քուէ ունենալու համար:    

Սփիւռքը, սակայն, հայրենի գործընթացին մէջ ներգրաւուելու ամէն պատրաստակամութիւն, եւ մինչեւ իսկ համոզում որ այդ էր իր պատմական ճակատագիրը, ունէր: Այսպէս, 1988-ին իսկ Սփիւռքի մէջ գործող երեք քաղաքական կուսակցութիւնները եւ անոնց ուղեկից թէ անոնցմէ անկախ բարեգործական, մարզական ու մշակութային կազմակերպութիւնները որոշած էին իւրաքանչիւրը իր ձեւով վերադառնալ հայրենիք եւ մասնակից ըլլալ հոն ծնունդ առնող գործընթացներուն: Բայց բոլոր այդ կազմակերպութիւններուն, այսինքն՝ Սփիւռքին, մասնակցութիւնը եղաւ միայն որպէս հետեւորդ, ոչ՝ որոշումներու ընդունման մէջ ձայնով թէ քուէով դերակատար, բացի որպէս անհատ, եւ ընդհանրապէս՝ հրաւէրով: Սփիւռքեան նման մասնակցութիւն երբեք չուզեց հայրենի քաղաքական վերնախաւը ինք իրերայաջորդ բոլոր իշխանութիւններուն օրոք, անկախ թէ անոնցմէ իւրաքանչիւրը ի՛նչ վերաբերմունք ունեցած ըլլայ Սփիւռքի նկատմամբ, եւ անկախ այն հազուագիւտ պարագաներէ երբ Սփիւռքը կացութիւն ստեղծած է եւ իր ձայնը լսելի դարձուցած, ինչպէս եղաւ պարագան Փրոթոքոլներու «Ոչ»ին -թերեւս միակը: 

Ոչ ալ Սփիւռքի մէջ երեւան եկաւ ղեկավարութիւն մը, որ գիտակից ժամանակներու փոփոխութեան, ատակ ըլլար նոր տեսլականի մը առաջացման, ինչպէս որ պարագան էր Ցեղասպանութեան եւ խորհրդայնացման յաջորդած հայասփռումին իմաստ ու նպատակ տուած ղեկավարութեան՝ քսաներորդ դարու քսանական թուականներու երկրորդ կէսէն սկսեալ: Փաստօրէն, անկախութենէն յետոյ համասփիւռքեան կառոյցներ ունեցող կազմակերպութիւններու ղեկավարութիւնները չհասկցան որ Սփիւռքի պետականազուրկ հաւաքականութիւն ըլլալու հանգամանքը քաղաքական առաւելութի՛ւն մըն էր որ թոյլ տուաւ Հայ Դատի յառաջընթացը մօտիկ անցեալին: Ընդհակառակը, անտեսեցին Սփիւռքի համաշխարհային ներկայութիւնը եւ զօրաշարժի կարողութիւնը քսանմէկերորդ դարու պայմաններուն մէջ մտածելու եւ վերակազմակերպելու հրամայականը, առանց ֆեթիշացնելու «պետութիւն», «հզօր պետականութիւն», «պետականամէտ»… եւ նման յղացքներ, որոնք նոյն այդ պետական համակարգի մէջ ձայնով եւ քուէով մասնակցութեան ոչ մէկ հայեցակարգ ունեցող Սփիւռքի մը համար միայն անգործնական եւ փուճ հռետորաբանութեան ծնունդ տուին, եւ կու տան: 

Այս մէկը շատ աւելի յստակ պիտի ըլլար 2018-ի իշխանափոխութենէն, եւ մանաւանդ Քառասունչորսօրեայ Պատերազմէն յետոյ, երբ Հայաստանի մէջ իշխանութեան հասած, իշխանութիւնը վերանորոգած եւ զայն դեռ երկար պահելու արուեստին այլեւս տիրապետած քաղաքական ուժը երբեք չթաքցուց, որ իրեն համար Սփիւռքը որպէս կազմակերպուած համայնքներու ամբողջութիւն պարզապէս չկայ, կայ միայն անհատներու գումար: Սփիւռքին անհրաժեշտ էր ղեկավարութիւն մը որ քաղաքական զօրաշարժին տար ինքնուրոյնութիւն, եւ ունենար օրակարգ որ տարանջատուէր, տարբերէ՛ր, ներհայաստանեան քաղաքական ինքնակործան բեւեռացումէն:  

 Ատով հանդեէրձ, անցնող երեսունհինգ տարիներու ընթացքին, հակառակ որ անկախ Հայաստանի թէ Արցախի մէջ իրեն սահմանուեցաւ միայն հետեւորդ մասնակիցի դեր առանց որոշումներու կայացման մէջ քուէի իրաւունքով ձայն ունենալու, կարելի չէ թերգնահատել Սփիւռքի անաչառ նուիրումը ազատագրուած տարածքներու պահպանման եւ զարգացման գործին: Սփիւռքը ամբողջական յանձնառութիւն վերցուց, եւ չկայ սփիւռքեան ոչ մէկ առաւել թէ նուազ զօրաշարժի կարելիութեան տէր կազմակերպութիւն, որ այս յանձնառութեան ծիրին մէջ իր ներդրումը ունեցած չըլլայ: Արցախի կազմալուծումն ու հայաթափումը, հետեւաբար, նաեւ զօրաւոր հարուած հասցուցին Սփիւռքին, որ, պիտի՛ կրկնել, անկախ Հայաստանի եւ Արցախի մէջ չունեցաւ այն մասնակից դերակատարութիւնը, որ կարենար լիովին բացայայտել իր համաշխարհային ներկայութեան եւ զօրաշարժի կարողականութեան ռազմավարական կարեւորութիւնը:  

Անցնող երեսունհինգ տարիներու քննական-քննադատական վերատեսութիւնը օրակարգային անհրաժեշտ եւ կենսական խնդիր է ներազգային ոլորտին մէջ: Մասնագէտներու թէ ռազմաքաղաքական դերակատարներու մասնակցութեամբ ականդեմիայէն մինչեւ մամուլ փակ թէ հանրային բանավէճ է հարկաւոր, որպէս հակապատում «տարածքային խաղաղութեան դարաշրջան»ի, «խաղաղութեան խաչմերուկ»ի թէ պարզապէս «հայ-ազրպէյճանական խաղաղութեան համաձայնագիր»ի երկու ճակատներով բանաձեւուող կեղծ ճշմարտութեան օրինականացման: Անոնցմէ առաջինը նոր թափ ստացած փանթրքական պատումն է, որ ոչ միայն Ցեղասպանութեան ժխտումն ու ուրացումն է, այլ հայ ժողովուրդի եւ իր պատմական հայրենիքի գոյութենական իրաւունքի մերժումը: Երկրորդը՝ ՀՀ ներկայ բայց նաեւ «նախկին» իշխանութիւններու անտեսումն է Ազրպէյճանի մէջ դեռեւս Արցախի առաջին պատերազմէն անմիջապէս յետոյ բայց մանաւանդ անցնող քսանամեակին՝ Իլհամ Ալիեւի իշխանութեան ամրագրումով մեծ թափով զարգացող հայատեացութեան որպէս պետական քաղաքականութիւն: 

Տակաւին պիտի քննարկել թէ ինչո՛ւ անցնող քսան տարիներուն հայկական դիւանագիտութիւնը այդ հայատեացութեան դէմ միջազգային ահազանգ չբարձրացուց, կամ՝ ինչո՞ւ այդ մտահոգութիւնը, եթէ երբեք լրջօրէն կար, արտաքին եւ ազգային ապահովութեան քաղաքական օրակարգերուն վրայ այնքան ալ բացայայտ չեղաւ: Ազրպէյճանի մէջ պետական քաղաքականութեան մակարդակով ամրագրուող հայատեացութեան սպառնալիքի միջազգային դատապարտումը ՀՀ դիւանագիտութեան եւ սփիւռքեան քաղաքական կազմակերպութիւններու միացեալ աշխատանքի դաշտերէն թերեւս ամենէն յստակն ու դիւրաւ համակարգելին էր: Բայց ոչ «պետական մտածողութիւնը», ոչ ալ Սփիւռքի մէջ քաղաքական զօրաշարժը հարկ եղած լրջութեամբ վերաբերեցան այդ սպառնալիքին, հակառակ որ անոր առկայութեան ամենավայրագ յուշումները չպակսեցան: Հոս աւելորդ է անդրադառնալ ներկայ իշխանութիւններու անտարբերութեան այդ հայատեացութեան սպառնալիքին, եւ նուազ՝ Ալիեւի կողմէ Արցախի ապահայացման հետեւողական ջանքերուն հակազդեցութեան բացակայութեան: Այս երկրորդը հասկնալի է. ի վերջոյ, Պաքուի մենատիրոջ բոլոր փաստարկումներու յղումը նոյնինքն ՀՀ Վարչապետի Արցախէն հրաժարման պաշտօնական յայտարարութիւնն է, որ միջազգային որեւէ բեմահարթակը վրայ հայրենի դիւանագիտական թէ քաղաքական ոեւէ ներկայացուցիչի ելոյթին անմիջապէս կը մէջբերուի: Ինչ կը վերաբերի թուրք-ազրպէյճանական հայատեացութեան սպառնալիքի անտեսումին, անոր ամենացաւալի երեսն այն է որ Վարչապետին համար «ատեացութեան» երեւոյթը հայ ժողովուրդին մէջ «թուրք» յղացքի գործածութեամբ «ատելութեան խօսք»ի մտահոգութիւնն է առաւելաբար: Հա՞պա Արցախի հայաթափումն ու ապահայացումը. անոր պատասխանատուն Ռուսիան է, իսկ մեղաւորները՝ երեւի «նախկինները», ինչպէս կը տրամաբանէ Վարչապետը…    

Սփիւռքը կորսնցուց անցնող երեսունհինգ տարիներուն Արցախի մէջ իր բոլոր ներդրումները: Բայց այդ պիտի չըլլայ միակ կամ թերեւս ամենածանր կորուստը: Արցախի կորուստին հետ կամայ թէ ակամայ հաշտուելու ճակատագրապաշտութիւնն է որ ամենէն աւելի կրնայ իր խորունկ հետքը ձգել Սփիւռքի մէջ հայկական լինելութեան իմաստին ու կարելիութեան վրայ: Հարցը չի՛ վերաբերիր Արցախի կորուստը մերժելու հրապարակային յայտարարութիւններուն, որոնց պակասը չկայ անշուշտ: Ոչ ալ Արցախի կորուստի մերժումով պիտի ինքզինք խաբել որ Սփիւռքէն կարելի է որեւէ լուծում տալ ժողովուրդի հայրենադարձութեան թէ Արցախի հիմնախնդրի վերադարձին միջազգային օրակարգ: Անկախ բռնի տեղահանուած հարիւր քսան հազար արցախցիներու մարդասիրական կարիքներուն հասնելու առաջնահերթային եւ գոնէ որոշ ժամանակի համար մնայուն օրակարգէն, Սփիւռքի համար մարտահրաւէրը Արցախի հարցը սփիւռքահայութեան հաւաքական յիշողութեան եւ քաղաքական զօրաշարժի ծրագիրներուն մէջ բանաձեւումն ու հետապնդումն է: 

Դիւրին մարտահրաւէր չէ, ի մասնաւորի երբ ՀՀ իշխանութիւններուն համար այդ հարցը փակուած է, Արցախը զոհաբերուած է ի խնդիր «խաղաղութեան համաձայնագրին», կամ անոր անուրջին: Հաւանական չէ որ այս իշխանութիւնները փորձեն ետդարձ կատարել իրենց քաղաքական ուղեգիծէն, եւ, ամէն պարագայի, Սփիւռքի համար այլընտրանքը թէկուզ եւ ցանկալի իշխանափոխութեան մը սպասել չէ: Արցախեան հարցի յանձնառութիւնը կրնայ բանաձեւուիլ Սփիւռքի հաւաքական յիշողութեան ներկային մէջ որպէս համասփիւռքեան քաղաքական զօրաշարժի օրակարգ, անկախ թէ ի՛նչ ուղեգիծ որդեգրէ Երեւանի մէջ իշխանութեան վրայ գտնուող որեւէ քաղաքական ուժ: Որովհետեւ, փաստօրէն, այնքան ալ անճիշդ չէր երեսունհինգ տարի առաջ Արցախեան հիմնահարցի ընկալումը Հայ Դատի պահանջատիրութեան հայելիին ընդմէջէն: Ի հեճուկս բոլոր անոնց որոնք տակաւի՛ն կը յամառին պնդել պետական մտածողութեան եւ Հայ Դատի անհամատեղելիութեան թէզին վրայ եւ կը մերժեն երկու տրամաբանութիւններու ռազմավարական կամրջման կարելիութիւնը: Եւ ի հեճուկս թուրք-ազրպէյճանական հայատեացութիւնը նսեմացնող բոլոր «իրատեսներ»ուն որոնք Արցախի հայաթափումը կը բացատրեն «ոչ մէկ թիզ»ականութեան ենթադրեալով, եւ առանց կարմիր գիծերու միակողմանի զիջողականութեան մէջ կը տեսնեն քաղաքական «իմաստութիւն»: Արցախը հայաթափուեցաւ ի հետեւանք Ազրպէյճանի ցեղասպանամէտ քաղաքականութեան: Ըսողը «ցեղասպանութիւն» յղացքը պատեհապաշտ գործածութեան դնող քաղաքական անձնաւորութիւն մը չէ: Միջազգային Քրէական Դատարանի առաջին դատախազ արժանթինցի իրաւագէտ Լուիս Մորենօ Օքամփոն է, որուն Օգոստոս 2023-ի տեղեկագիրը այն ժամանակ արդէն ինն ամիսէ ի վեր ամբողջական շրջափակման մէջ գտնուող հայկական տարածաշրջանին մասին, Արցախի հարցին տուաւ Քառասունչորսօրեայ Պատերազմի աւարտէն ի վեր թերեւս ամենէն աւելի ազդեցիկ միջազգային հնչեղութիւնը: Օքամփոյի տեղեկագիրը յատկանշական էր նաեւ անով, որ քսանմէկերորդ դարու սկիզբէն ի վեր տեղի ու անտեղի քաղաքական շահարկումի արդիւնքով «պանալիզացած» ցեղասպանութեան յղացքին ծանրակշռութիւնը կրկին միջազգային հանրային կարծիքի ուշադրութեան յանձնեց ի լուր աշխարհին:  

Օքամփոյի տեղեկագրի վերլուծական տրամաբանութենէն մեկնած, միջազգային յարաբերութիւններու հանրածանօթ մասնագէտ արժանթինահայ Խուան Կապրիէլ Թոքաթլեան, Արժանթինի հայ համայնքի կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներու հետ անցեալ տարեվերջին տեղի ունեցած հանդիպում-քննարկումի մը ժամանակ, Արցախեան հարցը օրակարգի վրայ զետեղումը բանաձեւեց հետեւեալ սահմանումով. 

Թէ ինչպէս Արցախի ղեկավարութիւնը 19 Սեպտեմբեր 2023-ի նախագահական հրամանագրի հակասահմանադրականութեան հիման վրայ հայկական երկրորդ պետութեան կազմալուծումը չեղեալ պիտի համարէ, դիմադրէ ՀՀ իշխանութիւններու ճնշումներուն եւ պահէ պետական կառոյցները թէկուզ եւ աքսորեալ կառավարութեան մը հանգամանքով, եւ այս սկզբունքային առաջին քայլերէն յետոյ հարցը փորձէ վերաշխուժացնել միջազգային օրակարգի վրայ՝ եկող ամիսներու թերեւս ամենամեծ մարտահրաւէրն է: Եթէ Արցախի ղեկավարութիւնը նման քաղաքական վճռակամութիւն ցուցաբերէ եւ քաղաքական պայքարի հեռանկար ամրագրուի, ապա եւ շատ հաւանաբար Սփիւռքի ամբողջական օժանդակութեան կարիքը զգացուի: Պատրա՞ստ է Սփիւռքը նման պատասխանատւութիւն ստանձնելու… 

Արցախը կազմալոյծ համարող 1 Յունուար 2024 խորհրդանշական թուականէն առաջ, Սփիւռքէն լսուեցան հեղինակաւոր ձայներ որոնք կը մերժէին Արցախի հարցի փակումը: Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Արամ Ա. Վեհափառի Ամանորեայ Հայրապետական պատգամը, ԱՄՆ-ի ծերակուտական Ռապըրթ Քենետի կրտսերի խոստումը՝ աջակցելու արցախահայութեան ապահով վերադարձի եւ ինքնորոշման իրաւունքին, եւ Արժանթինի հայ համայնքի հաստատութիւններու համախմբման յայտարարութիւնը առաջին նախանշաններն են Սփիւռքի մէջ յանձնառութեան տէր կանգնելու պատրաստակամութեան: Թէ նմանօրինակ յայտարարութիւններ պիտի բազմանան, կամ այս յանձնառութիւնը պիտի գտնէ գործնականացման ենթահող՝ առանձին մարտահրաւէր է: 

Կը մնայ որ Սփիւռքի հաւաքական յիշողութեան մէջ Արցախի հայաթափումը պիտի արձանագրուի որպէս Ցեղասպանութեան նոր հանգրուան մը, այսինքն՝ ի լուր աշխարհի հակամարդկային ոճիրի մը իրականացման ժխտումի քաղաքականութեան նորագոյն դրսեւորումը, որ անխուսափելիօրէն պիտի վերաճի համաշխարհային մասշտապով քարոզարշաւի, որուն նպատակը Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման եւ արդարակատոյցի պահանջատիրութեան չէզոքացումն է: Սփիւռքի համար արցախեան յանձնառութիւնը կը նշանակէ զգաստ ըլլալ եւ դիմագրաւել թուրք-ազրպէյճանական ժխտողականութեան այս նորագոյն յարձակողականը: «Հայաստան-Արցախ-Սփիւռք եռամիասնութիւն» յղացքը շրջանառութեան դրուեցաւ դէմ յանդիման ՀՀ իշխանութիւններու պարտուողականութեան, բայց, դժբախտաբար, մնաց լոզունգ, չվերածուեցաւ իրականութեան: Սփիւռք, Ցեղասպանութիւն, Արցախ այլ բնոյթի նոր եռամիասնութիւն մըն է, Սփիւռքի մէջ զգաստութեան եւ քաղաքականացման նոր մարտահրաւէր մը:        

Խ. Տէր Ղուկասեան