Ֆրանսական Խաղաթուղթը

18 de enero de 2024

 

Ֆրանսան Արցախի ժողովուրդի իրաւունքներու պաշտպանութեան թէ Ազրպէյճանի նկատմամբ որդեգրած քննադատութիւններով յառաջատար է: Ֆրանսայի Ծերակոյտը առաջին անգամը չէ, որ նման շեշտադրումներով եւ ընդգծումներով բանաձեւ կ՛որդեգրէ: Նախապէս նոյնիսկ Արցախի Հանրապետութեան ճանաչման կոչ ըրած էր գործադիրին:

Այդ կոչը չէր առարկայացած անշուշտ, այդուհանդերձ որոշ ուղղութիւններով յատկանշուած էր Ֆրանսայի արտաքին քաղաքականութիւնը: Պաշտօնաթող արտաքին գործոց նախարարը քանի մը առիթներով պարզաբանած էր իր պետութեան դիրքորոշումը` Արցախը ճանչնալով Ազրպէյճանի կազմին մէջ միաժամանակ սակայն իր զօրակցութիւնը յայտնելով Հայաստանի ինքնիշխան տարածքներու անձեռնմխելիութեան եւ այդ պարունակին մէջ ազրպէյճանական զօրքերու ոտնձգութիւնը մերժելով: Հիմա Ծերակոյտը հերթական անգամ կ՛որդեգրէ Ազրպէյճանը դատապարտող բանաձեւ: Ի տարբերութիւն նախորդին, այստեղ չկայ Արցախի Հանրապետութիւնը ճանչնալու կոչ: Արցախի Հանրապետութիւն եզրի դուրս մղումի գործօն է առաջին հերթին Երեւանի կողմէ Արցախը Ազրպէյճանի կազմին մէջ ճանչնալու յայտարարութիւնը:

Ռազմաքաղաքական վերջին իրադարձութիւններէն ետք այդ եզրաբանութեան դուրս մղումը սակայն փոխարինուած է այլ ձեւակերպումով:

Ծերակոյտը կը յիշեցնէ, որ  ժողովուրդներու ինքնորոշման իրաւունքի յարգումը, որ կը տարածուի Լեռնային Ղարաբաղի հայ բնակչութեան վրայ, Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ կայուն խաղաղութեան միակ հնարաւոր ճանապարհն է, եւ որ պետութիւնները պարտաւոր են յարգել եւ պաշտպանել այդ իրաւունքը: Հետեւաբար, միջազգային հանրութիւնը պարտաւոր է Ազրպէյճանէն պահանջել գործադրել բոլոր ջանքերը` ապահովելու հայ բնակչութեան Լեռնային Ղարաբաղ վերադառնալու իրաւունքը` անոնց անվտանգութիւնն ու բարեկեցութիւնը  ապահովող պայմաններով:

Այսպիսով, Արցախի ժողովուրդի հաւաքական վերադարձի իրաւունքը պայմանաւորուած է ինքնորոշման իրաւունքի յարգումով: Աւելի՛ն. ինքնորոշման իրաւունքի յարգումը Ազրպէյճանի կողմէ պարտադիր է շրջանին մէջ խաղաղութիւն հաստատելու համար: Երբ կ՛ըսուի «պետութիւնները», կարելի է հասկնալ ընդհանրապէս միջազգային ընտանիքը. քաղաքական ընթերցանութեամբ` Ռուսիան, Թուրքիան եւ տարածաշրջանային իրադարձութիւններուն առնչակից պետութիւնները:

Ազրպէյճան, ըստ բանաձեւին, կը պարտաւորուի նաեւ վերադարձող ժողովուրդին անվտանգութեան եւ բարեկեցութեան պայմաններ ստեղծել: Կը պարտաւորուի ուրեմն յատկապէս անվտանգութեան միջազգային երաշխիքներու գործիքակազմերու տեղակայումը ընդունելու:

Բանաձեւի մնացեալ բաժինները եւս խիստ են: Այնտեղ կայ սպառնալիք դիմելու պատժամիջոցներու, եթէ Ազրպէյճանը անյապաղ ազատ չարձակէ իր մօտ  պահուող քաղաքացիական եւ զինուորական կալանաւորները եւ անյապաղ չվերադարձնէ պատերազմին զոհուած հայ զինուորներուն մարմինները:

Բանաձեւը ներառած է բազմաթիւ ուղղութիւններ` ինքնորոշման իրաւունք, հաւաքական վերադարձ, ռազմագերիներու եւ ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան ազատ արձակում, անվտանգութեան պայմաններ եւ հոգեւոր-մշակութային ժառանգութեան պահպանում:

Սպառնալիքը միայն գերիներու, պատանդներու եւ աճիւններու վերադարձի մասին չէ: Ծերակոյտը կոչ կ՛ուղղէ Ֆրանսայի կառավարութեան ընդունելու Հայաստանի նկատմամբ Ազրպէյճանի բազմաթիւ յարձակողապաշտ գործողութիւններու բոլոր դիւանագիտական հետեւանքները եւ իր եւրոպացի գործընկերներուն հետ քննարկելու Ազրպէյճանի հետ Եւրոպական Միութեան յարաբերութիւններու ամբողջական վերանայման հարցը, ինչպէս նաեւ համապատասխան ամէնէն վճռական պատասխան միջոցները` ներառեալ Ազրպէյճանի ղեկավար դէմքերու դրամատնային հաշիւներու կալանքը եւ Ազրպէյճանէն կազի եւ նաւթի ներկրման ամպարկոն` իբրեւ պատիժ Ազրպէյճանի կողմէ իրականացուող ռազմական յարձակողապաշտութեան:

Ահա այստեղ կայ միտում Ազրպէյճանի դիրքորոշումը ոչ միայն ֆրանսական, այլ նաեւ համաեւրոպական դարձնելու:

Քաղաքական տրամաբանութիւնը կը յուշէ, որ օրէնսդիրի անկաշկանդութիւնը չեն որդեգրեր գործադիրները: Նկատի ունենալով սակայն, որ բանաձեւը համահեղինակած են Ծերակոյտի բոլոր խմբակցութիւնները, ընդ որում` իշխանականը, այս բանաձեւը կարելի է նկատել մարտավարական խաղաթուղթ պաշտօնական Փարիզի ձեռքին: Պաքուն կը դիմէր համարժէք քայլի: Ազրպէյճանի խորհրդարանը կը յայտարարէր, որ կը պահանջէ իր կառավարութենէն կասեցնել տնտեսական կապերը Ֆրանսայի հետ, որդեգրել պատժամիջոցներ եւ արտաքսել ֆրանսական ընկերութիւնները:

Ֆրանսական խաղաթուղթը կրնայ փուլ առ փուլ գործադրուիլ եւ այդ փուլային հոլովոյթը կ՛ընթանայ զուգահեռ` Պաքու-Մոսկուա համագործակցութեան խորացման իւրաքանչիւր փուլին հետ: Այդ միտումին ու հաւանական ընթացքին ընդառաջ է, որ Ծերակոյտի կոչը հասցէականութիւն ունի նաեւ Եւրոպական Միութեան եւ առաջարկ` ֆրանսականէն համաեւրոպական  անցում կատարելու:

Խմբագրական «ԱԶԴԱԿ»