Ալիեւ 2019 թուականը գնահատած է իբրեւ Լեռնային Ղարաբաղի հարցին մէջ «փախցուած առիթներու տարի»

03 de diciembre de 2019

Ազրպէյճա­նի նա­խա­գահ Իլհամ Ա­լիեւ 2019 թուա­կա­նը գնա­հա­տած է իբրեւ ղա­րա­բա­ղեան տագնա­պի լուծման հարցին մէջ «փախցուած ա­ռիթնե­րու տա­րի»: Այս մա­սին կը հա­ղորդէ ազրպէյճա­նա­կան «Մինվալ» կայքը:
Ա­լիեւ ե­րէկ ԵԱՀԿ-ի գործող նա­խա­գահ Մի­րոսլաւ Լայչա­քի հետ Պա­քուի մէջ հանդի­պումի ընթացքին յայտնած է, որ տագնա­պը մեծ խնդիր է ամբողջ շրջա­նին հա­մար, իսկ այս տա­րին ինք կը գնա­հա­տէ իբրեւ փախցուած ա­ռիթնե­րու տա­րի` ա­տոր հա­մար մե­ղադրե­լով Հա­յաստա­նը:
«Հա­յաստա­նը կը խախտէ մի­ջազգա­յին արժե­չա­փե­րը եւ չի կա­տա­րեր ՄԱԿ-ի Ա­պա­հո­վութեան խորհուրդի բա­նա­ձեւե­րը», նշած է Ա­լիեւ:
Ազրպէյճա­նի նա­խա­գա­հը յի­շե­ցուցած է, որ այս տա­րի տագնա­պի լուծման նպա­տա­կով տե­ղի ունե­ցած են հանդի­պումներ Հա­յաստա­նի եւ Ազրպէյճա­նի ղե­կա­վարնե­րուն մի­ջեւ, իսկ երկու երկիրնե­րու արտա­քին գործոց նա­խա­րարնե­րը բա­նակցած են քա­նի մը փուլով:
«Արտա­քին գործոց նա­խա­րարնե­րու յա­ջորդ հանդի­պումը տե­ղի պի­տի ունե­նայ մօտ օ­րէն` Սլո­վա­քիոյ մէջ: Յոյսով եմ` յա­ջորդ տա­րին աւե­լի արդիւնաւէտ պի­տի ըլլայ տագնա­պին լուծման հա­մար», ը­սած է Ա­լիեւ:
Ան աւելցուցած է, թէ տագնա­պի լուծման հա­մար «գործնա­կան քայլե­րը կա­րե­լի են»: