Անկախութիւն՝ ամէնօրեայ պարտաւորութիւն

34 տարի առաջ հայ ժողովուրդը ապրեցաւ իր նորագոյն պատմութեան ամենաուրախ էջերէն մէկը՝ իր երկիրի ԱՆԿԱԽՈՒԹԻՒՆԸ։ Այո, արտաքին պայմանները նպաստեցին, բայց եթէ չըլլար ազատ ապրելու ձգտումը, հայ ժողովուրդը չէր հասնէր այդ մեծ երազին։ Սեպտեմբեր 21-ը ժողովուրդի կամքի արտայայտութիւնն էր եւ ամենավառ օրինակը, որ ժողովուրդ մը կրնայ իր ճակատագիրը իր ձեռքը առնել։
Անկախութիւնը թուական, դրօշի բարձրացում կամ պետական հաստատութիւններու կազմութիւնը մը չէ՛ միայն։ Անկախութիւնը նախ եւ առաջ կամքի գիտակցութիւն է։ Ու այս կամքը չի սահմանափակուիր 1991-ով, այլ շարունակ կը չափուի մեր իւրաքանչիւր օրուան գործերով։
Անկախութիւնը պահանջ է։ Պահանջ՝ պատասխանատուութիւն վերցնելու մեր հողին, մեր լեզուին, մեր ապագային համար։ Ազատ ըլլալ կը նշանակէ ոչ միայն ունենալ սահմաններու մէջ պետութիւն, այլ նաեւ ունենալ սեփական կամքի համաձայն գործելու ունակութիւն, ունենալ ինքնավարութիւն եւ ինքնորոշում։
Երբ կը խօսինք անկախութեան մասին, պէտք է մտաբերենք՝ ազատութիւնը երբեք տրուած իրաւունք չէ։ Ան իրագործուած իրաւունք է, որ պէտք է ամէն սերունդի կողմէ նորոգուի։
Այսօր ալ կը լսենք «Չորրորդ Հանրապետութեան» մը մասին։ Բայց արդեօք այս գաղափարը կը դառնայ պատասխանատուութենէ խուսափելու միջո՞ց։ Անկախութիւնը չի պահանջեր նոր կարգավիճակներու խաղ մը։ Անկախութիւնը պահանջ է ամէնօրեայ պարտաւորութեան՝ ոտքի կանգնեցնել այն Հանրապետութիւնը, որ ժողովուրդը 1991-ին ընտրեց։ Մեր առաջադրանքը Չորրորդ Հանրապետութիւն չէ, այլ առաջինին արժանաւոր շարունակութիւնը։
Անկախութեան օրը մեզի կը յիշեցնէ, որ մեր պետականութեան ճակատագիրը կախուած է ոչ թէ լոզունգներէ կամ նոր թուարկութիւններէ, այլ մեր կամքէն եւ մեր պատասխանատուութենէն։ Իսկ ամենակարեւոր հարցը բաց կը մնայ․ մեր սերունդը ի՞նչ պիտի ընէ, որ Հայաստանի անկախութիւնը ապրի ոչ միայն թուղթին վրայ, այլ նաեւ իրականութեան մէջ։
Դրօ Գալայճեան