ԱՐՑԱԽՈ՛Վ

01 de noviembre de 2025

 

Համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական 12-րդ մարզախաղերը պատմութեան անցան ցաւի, կորուստի եւ պայքարի խորհրդանիշ Արցախով։

Արցախի նահատակներուն, վիրաւորներուն, հաշմանդամներուն, անյայտ կորսուածներուն, գերիներուն եւ գաղթականներուն ցաւը իրենց կուրծքին կրող Հ.Մ.Ը.Մ.ականներ անգամ մը եւս հաստատեցին, որ մարզախաղերը լոկ մրցում եւ ախոյեանութիւն չեն, ոչ ալ՝ բաժակ ու մետալ։ Մարզախաղերը նաեւ ու շա՛տ յաճախ, ամէն գնով կանգուն մնալու կամք են. մարմնով, մտքով ու հոգիով չտկարանալու վճռականութիւն են։ Հ.Մ.Ը.Մ. կամքի եւ վճռականութեան ախոյեան է։

Երեւանի սրտին՝ «Հանրապետութեան» հրապարակին վրայ Արցախի դրօշը հպարտօրէն ծածանող Հ.Մ.Ը.Մ.ականներ անգամ մը եւս յուշեցին, որ կորուստները, որքան ալ ծանր ըլլան, չեն կրնար անվերականգնելի չըլլալ։ Պէտք չէ յուսահատիլ եւ ընկրկիլ, այլ՝ արթուն պահակի նման տէր կանգնիլ ազգային մեր յիշողութեան, ժառանգութեան եւ սրբութիւն-սրբոցին՝ հայրենիքի՛ն։ Հ.Մ.Ը.Մ. յիշողութեան եւ սրբութիւններու պահապան է։

Մարզախաղերուն Եռաբլուրի ջահը Դադիվանքի վանահօր աղօթքներով օրհնող եւ նահատակ Հ.Մ.Ը.Մ.ականներու ծնողներու ձեռամբ բոցավառող Հ.Մ.Ը.Մ.ականներ բոլորին ուղղեցին յստակ պատգամ մը, որ իբրեւ պահանջատէր միութենականներ, իրենք կ’ապրին ու կը գործեն վերադարձի հաւատքով, վերածնունդի յոյսով եւ Արցախի կարօտով։ Հ.Մ.Ը.Մ. հաւատքի եւ յոյսի միութիւն է նաեւ։

Ու զարմանալի պէտք չէ թուի այս բոլորը, որովհետեւ Հ.Մ.Ը.Մ.ականին համար Արցախը հայրենիքի այն հատուածն է, որուն հողը շաղախուած է իր պապերուն, հայրերուն եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ական եղբայրներուն արեամբ։ Այդ հողին համար կեանքեր ընծայուած են, որպէսզի հո՛ղը մնայ, Արցախ անո՛ւնը մնայ։

Հ.Մ.Ը.Մ.ականին համար Արցախը միայն աշխարհագրութիւն եւ պատմութիւն չէ, հողի եւ արեան միաձուլում է։ Արցախը ազգային իր ինքնութեան անբաժան մէկ մասնիկն է, իր ժողովուրդի մեծ մասին միասնականութեան, մարտունակութեան եւ հերոսութեան գեղեցկագոյն արտայայտութիւնն է։

Հետեւաբար, իր կուրծքին Արցախի պէճը կրող Հ.Մ.Ը.Մ.ականին համար՝

Յիշել Արցախը կը նշանակէ կանգնիլ ճշմարտութեան եւ արդարութեան կողքին։

Յիշել Արցախը կը նշանակէ ապրեցնել այն՝ ինչ որ ուրիշներ կը փորձեն ջնջել պատմութեան էջերէն։

Յիշել Արցախը կը նշանակէ միշտ եւ ամէնուր կենդանի պահել զայն մտքով, սրտով ու գործով, որովհետեւ առանց յիշողութեան չկայ պայքար, առանց պայքարի չկայ ազգ ու հայրենիք։

Յիշել Արցախը կը նշանակէ չհաշտուիլ, չհամակերպիլ լռութեան եւ պարտութեան հետ։ Ընդունիլ, որ պարտութիւնները ժամանակաւոր են: Վերջնականապէս կը պարտուին ի ծնէ պարտուածները միայն։

Յիշել Արցախը կը նշանակէ պատուել բոլոր անոնք, որոնք իրենց արեամբ կը գծեն մեր կեանքի եւ մեր պարտականութիւններու ուղին։

Յիշել Արցախը կը նշանակէ դաւանիլ հայրենիքի ամբողջականութիւնը, որովհետեւ հայրենիքը եւ անոր ամբողջականութիւնը հիմքն են Հ.Մ.Ը.Մ.ի ազգային-միութենական դաստիարակութեան։

Ու նաեւ, յիշել Արցախը կը նշանակէ պատմական պատասխանատուութիւն զգալ հանդէպ ապագայ սերունդներու։ Չարտօնել, որ Արցախը ջնջուի անոնց հաւաքական գիտակցութենէն եւ տեւական ուշադրութենէն։

Տասնամեակներ շարունակ, համայն հայութեան հետ Հ.Մ.Ը.Մ. եւս ապրեցաւ Արցախով։ Երբ Արցախի ազատագրութեան կանչը հնչեց, Հ.Մ.Ը.Մ.ականը ընդառաջեց անվարան։ Երբ Արցախը պետականութիւն կերտեց՝ Հ.Մ.Ը.Մ.ականը ձեռք երկարեց դարձեալ։ Եւ երբ Արցախը լռութեան մատնուեցաւ, Հ.Մ.Ը.Մ.ականը չլռե՛ց, դարձաւ ձայնը Արցախի, պահանջեց արդարութիւն եւ վերադարձ, իրաւունք եւ ինքնորոշում։ Հ.Մ.Ը.Մ.ականը շարունակեց ապրիլ Արցախով եւ Արցախի իր մասնաճիւղը ապրեցնելով, թէկուզ վտարանդի պայմաններու մէջ։ Ստեղծեց «Հ.Մ.Ը.Մ. Արցախ» հիմնադրամը, ջանաց պահպանել արցախցիներու արժանապատուութիւնը, գոյատեւման իրաւունքը եւ վերադարձի երազը։

Համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական 12-րդ մարզախաղերը լաւագոյն վկայութիւնը հանդիսացան այս ճշմարտութիւններուն, երբ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Արցախի մասնաճիւղի մարզական փայլուն խումբերուն կողքին, Արցախը մնայուն ներկայութիւն դարձաւ բացման հանդիսութենէն մինչեւ Եռաբլուրի յարգանքի տուրք եւ փակման օրուան մշակութային ձեռնարկ։ Այսպէս, պարզ դարձաւ, որ Արցախը անցեալ չէ Հ.Մ.Ը.Մ.ականին համար։ Արցախը հայ մնալու գիտակցութիւն է եւ հայրենիք պահելու յանձնառութիւն է։

Արցախը խորհուրդ է եւ պատգամ, թէ ի՞նչպէս պէտք է դաստիարակել նորերը, ի՞նչպէս պէտք է կազմակերպել շարքերը, ի՞նչպէս պէտք է մեծնալ եւ հզօրանալ, իբրեւ կառոյց եւ կարելիութիւններ, որպէսզի արդարանայ այն նպատակը, որուն համար ստեղծուած է այս միութիւնը 107 տարիներ առաջ, եւ իրականանայ այն առաքելութիւնը, որուն կոչուած է ան Պէյրութէն Երեւան, Լոս Անճելըսէն Սիտնի եւ Պուէնոս Այրէս՝

Հոն ուր հայութեամբ բաբախող շունչ կայ,

Հոն ուր վերջնական յաղթանակի յարատե՛ւ, ամբողջակա՛ն եւ աննահա՛նջ երթ կայ։

(Խմբագրական «ՄԱՐԶԻԿ» Պաշտօնաթերթ թիւ 438-ի)