Երկխօսութեան, համագործակցութեան եւ սփիւռքի հետ յարաբերութեան մասին

04 de febrero de 2020

Երբ 1992ին, օ­րին ՀՅԴ Բիւրո­յի ներկա­յա­ցուցիչ Հրայր Մա­րուխեան ա­նարդա­րօ­րէն եւ վա­տա­բար Հա­յաստա­նէն վտա­րուե­ցաւ ՀՀ նա­խա­գահ Լեւոն Տէր Պետրո­սեա­նի կողմէ, իր հրա­պա­րա­կա­յին ա­ռա­ջին ե­լոյթին ընթացքին Դաշնակցութեան ղե­կա­վա­րը, հա­կա­ռակ ա­մէն ինչի, յայտա­րա­րեց, որ կուսակցութիւնը իր ձեռքը երկա­րած կը պա­հէ հայրե­նի իշխա­նութիւննե­րուն եւ պատրաստ կը մնայ հա­մա­գործակցութեան:

Ե­թէ Կա­սեաննե­րէն յե­տոյ հայրե­նի ի­րա­կա­նութեան մէջ ա­մե­նա­հա­կա­դաշնակցա­կան քա­ղա­քա­կան անձնաւո­րութեան հանդէպ Դաշնակցութիւնը ա­մուր մնաց հա­մա­գործակցութեան սկզբունքին վրայ՝ հա­մո­զուած հա­յոց անկախ պե­տա­կա­նութեան կենսա­կան կա­րեւո­րութեան ազգի գո­յա­տեւման եւ պատմա­կան յա­ռա­ջընթա­ցին հա­մար, այդ սկզբունքը հաստատ կը մնայ այսօր եւս:

– Հա­կա­ռակ որ տէրպետրո­սեա­նա­կան մնա­ցուկնե­րը թաւշեայ յե­ղա­փո­խութեան ընդմէ­ջէն ա­ռիթ տե­սան ռը­վանշիզմի (վրէժխնդրութեան-Խմբ.) եւ հա­կա­դաշնակցա­կան մո­լուցքի վե­րահրահրման,
– Հա­կա­ռակ որ իմքայլա­կան կա­ռա­վա­րութիւնը, վարչա­պետ Փա­շի­նեան անձնա­պէս, անհրա­ժեշտ զսպումի չհրաւի­րեց այդ մնա­ցորդաց, եւ անհրա­ժեշտ վճռա­կա­մութեամբ հրա­պա­րակ չե­լան սաստե­լու հա­մար հա­կա­դաշնակցա­կան թափթփուքնե­րու հրա­պա­րա­կա­յին ագրե­սիա­նե­րը (յարձա­կումնե­րը-Խմբ.), կամ նոյն պատրաստա­կա­մութիւնը ցոյց չտուին սո­ցիա­լա­կան (ընկե­րա­յին-Խմբ.) ցանցե­րով, խօսքի ա­զա­տութեան սահմաննե­րուն մէջ, կարգի հրաւի­րե­լու հա­մար հա­կա­դաշնակցա­կան մո­լուցքի փորձութիւնը, ո­րուն կը մատնուին Ազգա­յին ժո­ղո­վի անդամ ընտրուած իմքայլա­կան պատգա­մա­զուրկ դա­տարկա­պորտե­րը, կա­ռա­վա­րութեան օրգա­նա­կան մտաւո­րա­կաննե­րը, թէ իշխա­նութեանց ա­մէն ը­րա­ծը լորձնա­շուրթ գո­վա­բա­նե­լու ա­ռա­քե­լութիւնը կա­մաւոր կերպով վերցուցած անհատնե­րը,
– Հա­կա­ռակ որ վարչա­պե­տին ա­մե­նա­մօ­տիկ գործա­կիցնե­րը չեն վա­րա­նիր կրկին ու կրկին օ­րա­կարգի բե­րե­լու օրհներգի փո­փո­խութեան նման գրգռութիւններ,
– Հա­կա­ռակ կրթութեան նա­խա­րա­րին անպա­տասխա­պա­տու “ներսի-դուրսի Դաշնակցութիւն” անհե­թեթ յե­տին մտա­ծուներ մատնող արտա­յայտութեան՝
Հե­տեւե­լով ընկեր Մա­րուխեա­նի օ­րի­նա­կին, պի­տի ողջունել վարչա­պե­տին երկխօ­սութեան հրաւէ­րը:
Բա՛յց:

Երբ Դաշնակցութեան կ՛ուղղուի երկխօ­սութեան հրաւէ­րը, այն կ՛ուղղուի կուսակցութեան մը, ո­րուն գա­ղա­փա­րա­խօ­սա­կան կեդրո­նացման եւ ծրագրա­յին դրոյթնե­րու ամբողջին մա­սին ոչ ոք կասկա­ծե­լու ի­րաւունք ունի: Եւ թէ­կուզ “բազմա­շերտ” ըլլայ Դաշնակցութիւնը վարչա­պե­տին հա­մո­զումով, այդ մէ­կը պի­տի հասկնալ կուսակցութե­նէն ներս կարծիքնե­րու եւ տե­սա­կէտնե­րու բազմա­զա­նութեան առկա­յութեան դրա­կան ի­մաստով: Թէ այդ կարծիքնե­րը ինչպէ՛ս կ՛արտա­յայտուին հրա­պա­րա­կա­յին կերպով եւ ի՛նչ գնա­հա­տանքի կ՛արժա­նա­նան, այդ արդէն իւրա­քանչիւր դաշնակցա­կա­նի անհա­տա­կան պա­տասխա­նա­տուութիւնն է: Այնպէս ինչպէս անհա­տա­կան պա­տասխա­նա­տուութիւն է թոյլ չտալ, որ իր տե­սա­կէտնե­րը շա­հա­գործուին հա­կա­դաշնակցա­կան պայքա­րի հե­տա­մուտ անձաց թէ ուժե­րու կողմէ:
Այսի՛նքն:

Թէ հայրե­նի­քի մէջ Դաշնակցութիւնը այսօր արտա­խորհրդա­րա­նա­կան ուժ է, այդ մէ­կը երբեք ա­ռիթ պէտք չէ ըլլայ կուսակցութեան ազդե­ցութեան թերգնա­հա­տումին: Թաւշեայ յե­ղա­փո­խութե­նէն յե­տոյ ընտրա­կան հո­լո­վոյթին մէջ արձա­նագրուած ձա­խո­ղութիւննե­րուն գնա­հա­տա­կանն ու հե­տա­գայ ը­նե­լիքնե­րը ներկուսակցա­կան բա­նա­վէ­ճի խնդիր են: Վարչա­պե­տը լաւ պի­տի ի­մա­նայ, որ Դաշնակցութեան ազգա­յին դե­րա­կա­տա­րութիւնը եւ ա­նոր ազդե­ցութիւնը կ՛արժեւո­րուի հա­մա­հայկա­կան ի­րա­կա­նութեան մէջ, ուր, ի հե­տեւումս Դաշնակցութեան հա­յա­կեդրո­նութեան, Սփիւռքն ու հայրե­նի­քը զի­րար կ՛ամբողջացնեն: Թէ­կուզ եւ իւրա­քանչիւրը անխուսա­փե­լիօ­րէն ունե­նայ ի­րեն յա­տուկ օ­րա­կարգ:
Հե­տեւա­բար:

Երբ Դաշնակցութեան հետ երկխօ­սութեան տրա­մադրութիւն կայ, այն պի­տի առնէ կուսակցութիւնը որպէս մէկ եւ անբա­ժան ամբողջութիւն, որպէս հա­մա­հայկա­կան զօ­րա­շարժի ա­ռա­ջացման ա­տակ քա­ղա­քա­կան ուժ:
Եւ խօ­սե­լով Սփիւռքի մա­սին, վարչա­պետն ու իր Սփիւռքի հարցե­րով յանձնա­կա­տա­րը պի­տի գի­տակցին, որ Լի­բա­նա­նէն մինչեւ Ֆրանսա, Քէ­պէ­քէն Քա­լիֆորնիա եւ Արժանթին, Դաշնակցութիւնը նա­խանձախնդիր է հա­մայնքա­յին միասնա­կա­նութեան, հա­մա­գործակցութեան եւ ներկա­յա­ցուցչութեան հարթակներ ստեղծե­լու: Սփիւռքի նա­խա­րա­րութեան կազմա­լուծման սխալ քայլէն յե­տոյ Սփիւռքի հետ յա­րա­բե­րութիւննե­րու քա­ղա­քա­կա­նութիւնը բա­նա­ձեւել անհատնե­րու դե­րա­կա­տա­րութեամբ եւ անտե­սել հա­մայնքա­յին կազմա­կերպա­կան յա­ռա­ջընթա­ցը ա­ռաւե­լի պի­տի տկա­րացնէ Սփիւռք-հայրե­նիք հա­մարկումը ա­մէն մա­կարդակնե­րու վրայ:
Ե­թէ Դաշնակցութեան հետ երկխօ­սութեան այս տրա­մադրուա­ծութիւնը գործնա­կա­նա­նայ, Դաշնակցութիւնը պարտի վարչա­պե­տին յի­շեցնել, որ Սփիւռքը պի­տի հասկնայ կազմա­կերպուած հա­մայնքնե­րու եւ հա­մայնքա­յին հաստա­տութիւննե­րու հա­մա­գործակցութեան ընդունման եւ քա­ջա­լերման ընդմէ­ջէն, եւ ոչ թէ անհատնե­րու դե­րա­կա­տա­րութեան ա­ռանձնաշնորհումով:

ԽԱՉԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ