Զորի Բալայեանի Հրաժեշտը
5 Ապրիլին, Երեւանի մէջ, խոր ծերութեան մէջ, 91 տարեկանին մահացաւ գրող, հասարակական եւ քաղաքական գործիչ, լրագրող եւ ճանապարհորդ՝ Զորի Բալայեանը։
Ծնած 10 Փետրուար 1935-ին՝ Ստեփանակերտի մէջ, ան 1953-1957 թուականներուն ծառայած էր Պալթիքեան նաւատորմին մէջ։ 1963-ին աւարտած՝ Ռիազանի Փաւլովի անուան բժշկական հիմնարկի բուժական ճիւղը։ 1963-1973 թուականներուն Քամչաթքայի մէջ աշխատած էր որպէս բժիշկ։
Հայ դատին եւ Արցախի հարցին արդար լուծման նուիրուած էր 1960-1970-ական թուականներէն սկսեալ։
1967-ին, երկու ընկերներու հետ, «Վուլքան» եւ «Հէյզեր» նաւակներով Քամչաթքայէն հասած էր Օտեսա՝ կտրելով շուրջ 22 հազար քիլոմեթր (13.600 մղոն) ճանապարհ։ 1970-ին Քամչաթքայէն անցած էր Խաղաղ ովկիանոսը եւ հասած Ատլանտեան ովկիանոս։ 1973-ի ձմրան շնասահնակով անցած էր Քամչաթքայի եւ Չուքոթքայի թունտրաները՝ հասնելով մինչեւ Հիւսիսային ովկիանոս։ Վերջին նաւարկութիւններն էին «Կիլիկիա» եւ «Արմենիա» նաւերով, որոնց ընթացքին ովկիանոսներն ու ծովերը անցած էր, միծտ ալ բարձր պահելով Արցախի պետական դրօշը։
1988-ին սկիզբ առած Ղարաբաղեան ազգային-ազատագրական շարժման առաջնորդներէն եւ գաղափարախօսներէն մէկն էր։ 1988-1991 թուականներուն ունեցած էր հանդիպումներ Խորհրդային բարձրագոյն ղեկավարութեան հետ, ներառեալ Միխայիլ Կորպաչովի եւ այլ բարձրաստիճան գործիչներու, ուր ներկայացուցած էր Արցախի հիմնահարցը, ԼՂԻՄ-ի մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւնները եւ պանթուրքիզմի վտանգները։ Իր ելոյթներով դատապարտած է Ատրպէյճանի եւ կեդրոնի հակահայ գործողութիւնները։