Ընտրական Օրէնսգիրքին մէջ փոփոխութիւններու նախագիծը ընդունուեցաւ

07 de abril de 2026

Ազգային ժողովի հրատապ նիստին քննարկուեցաւ Ընտրական օրէնսգիրքին մէջ լրացումներ եւ փոփոխութիւններ կատարելու հարցը: Նախագիծը ընդունուեցաւ երկրորդ ընթերցմամբ: Թեր քուէարկեց 67, դէմ` 6 պատգամաւոր:

Փոփոխութեամբ «Քաղաքացիական պայմանագիր»ի պատգամաւորները կ՛առաջարկեն սահմանել, որ կուսակցութիւններու դաշինքի անուանումը չի կրնար բովանդակել անհատի անուն, պետական եւ տեղական ինքնակառավարման մարմիններու անուններ կամ զանոնք շփոթելու աստիճան նման անուանումներ կամ անոնց հոլովաձեւեր: Դաշինքի անունը չի կրնար բովանդակել նաեւ վիրաւորական կամ զրպարտչական բնոյթի բառեր կամ այլ արտայայտութիւններ:

Միւս փոփոխութեամբ՝ քուէաթերթիկը անվաւեր կը նկատուի, եթէ անիկա կամ ծրարը ներառէ որեւէ գրառում կամ նշում, կամ ծրարին մէջ, բացի քուէաթերթիկէն, դրուած ըլլայ որեւէ այլ իր:

Ընդդիմութիւնը քննադատեց այս փոփոխութիւնները` նշելով, որ՝ «ոտքի վրայ նախագիծ են բերել» ու ընտրութիւններէն երկու ամիս առաջ իշխանաւորները կ՛ուզեն ընտրական օրէնսգիրքին մէջ փոփոխութիւններ կատարել։

«Հայաստան» խմբակցութենէն Արծուիկ Մինասեանի համաձայն` այս փոփոխութիւնները, յատկապէս անուանումներու մասով, պիտի ազդեն ամբողջ ընտրարշաւի գործունէութեան վրայ:

«Հիմա, երբ ընտրական գործընթացը սկսուել է, յայտարարուել է, ՀՀ նախագահը հրամանագիրը ստորագրել է եւ քաղաքական ուժերն արդէն յայտ են ներկայացրել, այս փոփոխութիւնը այո՛, հիմնարար է եւ ազդում է ընտրութեան արդիւնքների եւ ընտրարշաւի գործընթացի վրայ:

«Աւելի կարեւոր եմ համարում հիմնարար իրաւունքների իրացման մասը․ սա իրաւունքի իրացում չէ, այլ վարչական կարգով արգելք: Հիմնարար իրաւունքները պէտք է վերաբերեն տնային կալանքում գտնուող անձի քուէարկութեանը մասնակցելուն, տնային կալանքում գտնուող անձի քարոզչութեանը մասնակցելուն, որը կարգաւորուած չէ», նշեց Մինասեան։

«Պատիւ ունեմ» խմբակցութեան ղեկավար Հայկ Մամիջանեան այս գործընթացը ի սկզբանէ որակեց հակաիրաւական եւ քննարկումէն առաջ իսկ յայտարարեց, որ դէմ պիտի քուէարկեն:

Նախագիծին մէջ նշուած է նաեւ, որ օրէնքը ուժի մէջ կը մտնէ պաշտօնական հրապարակումէն ետք՝ անմիջապէս, իսկ 7 Յունիսի խորհրդարանական ընտրութիւններուն քաղաքական ուժերու արձանագրութիւնը կը սկսի Ապրիլ 13ին:

«Տպաւորութիւն է, որ նախորդ գիշեր նստել, ինչ-որ բան էք մտածել, ու այնքան կարեւոր է, որ հէնց հիմա պիտի անէիք: Պէտք է աւելի շուտ ներկայացուէր, քննարկում լինէր, հիմնաւորում լինէր, որ առանց այս փոփոխութիւնների կը լինէին դէպքեր, երբ աշխարհը շուռ կը գար, եւ ապագան չէր գայ», նկատել տուաւ «Հայաստան» խմբակցութեան անդամ Արթուր Խաչատրեան:

Ընդդիմութենէն դիտել տուին, որ այս փոփոխութիւնը գործարար Սամուէլ Կարապետեանի առաջնորդած «Ուժեղ Հայաստան Սամուէլ Կարապետեանի հետ» դաշինքին դէմ է:

«Ուժեղ Հայաստան»ը, իր կարգին, հրատապ ասուլիս հրաւիրեց Ազգային ժողովին դիմաց ու շեշտեց, որ այս փոփոխութիւնը ուղղակի Սամուէլ Կարապետեանին դէմ է, հակասահմանադրական որակելով ընտրութիւններէն 2 ամիս առաջ ընտրական օրէնսգիրքին մէջ կատարուող փոփոխութիւնը:

«Այս կարգաւորումը բացայայտ կերպով մեր քաղաքական ուժին է ուղղուած», դիտել տուաւ «Ուժեղ Հայաստան»ի անդամ Գոհար Մելոյեան: