Քորոնագրութիւն.

ԺԱՀՐԸ, ՄԱՐԴԻԿ, ԴԻՄԱԿՆԵՐ ԵՒ ԴԻԱԿՆԵՐ -ամայութեան նոր նորմալը

07 de mayo de 2020

Իր ինքնանկարագրումով «հակադիմատետրեան շարժումի ռահվիրայ» ընկերս Հիւսիսի քաղաքէն կը գրէ. «Հետաքրքրանն այն է, թէ այս բնութիւնը որքա՛ն ազդեցիկ ու հզօր է: Ամէն բան իրար անցուց: Այնքան մը, որ անասուններ հանգստօրէն ման կու գան, նոյնիսկ քաղաքներու մէջ: Ամայութիւնը այս օրերու յաղթականն է: Իսկ միօրինականութի՞ւնը… Այնպիսի օրերու ենք որ շաբթուան օրերն ալ մոռցուած են: Ամէն օր ո՛չ թէ նոյնշաբթի է, այլ միևնոյնշաբթի: Նոյնիսկ մեր կուսակցական թղթակցութիւնն ալ պիտի ազդուի այս ժահրէն և փոխանակ «ընկերական ջերմ բարևներ»ով աւարտելու, պիտի գրենք… «ընկերական ջերմ հեռաւորութեամբ»: Այլապէս բարի ձանձրոյթ և հեռաւորութեամբ՝ մօտիկ»:

Կը մէջբերեմ իրմէ արտօնութիւն առնելէ յետոյ, համաձայնելով որ յստակ կը դարձնեմ իր հակադիմատետրեան սկզբունքայնութիւնը:

Չեմ գիտեր ինչպէս է գարունը իրենց մօտ այս քորոնաժահրի այս տարին: Բայց հարաւային քաղաքի այս աշնանային կիրակնօրեայ աւարտին, պատշգամը մնացած է ցուրտին, անձրևին և մութին, մնացած է ամայի, ինչպէս կտոր մը փողոցը, և կեանքը ընդհանրապէս:

«Տեսարանները իրենց ինքնութիւնը ունին», կ’ըսէ ամենասփիւռքեան բանաստեղծը Նիկողայոս Սարաֆեան (ՏԵՍԱՐԱՆՆԵՐԸ, ՄԱՐԴԻԿ ԵՒ ԵՍ, Երևան, Մատենաշար «Երկ», 1994, էջ 281), և չեմ կրնար դիմանալ փորձութեան առաջին անգամ Յառաջի մէջ 1 Դեկտեմբեր 1961ին լոյս տեսած իր յօդուածէն մէջբերումներ կատարելու հակառակ որ իր այդ յօդուածի գլխաւոր մտքին՝ «ինէ կախում ունին տեսարանները» (էջ 286) հակաթէզին՝ ամայութեան մասին է գրառումս: Հակաթէզ՝ որովհետև քաղաքներուն ամայութեան տեսարանը մարդոցմէ կախում չունի, գերակայ կամօքն է աներևոյթ ժահրին: Եւ անոր բարիքը՝ մարդուն ազատագրելու մարդոց ներկայութեան գերութենէն. «Գերութիւն մըն է ի հարկէ, մարդոց այս ներկայութիւնը մեր մէջ, մարդկային ընկերութիւնը, վնասակար մերթ:» (էջ 282)

Ամայի քաղաքին «[տ]եսարանը շատ աւելի տպաւորիչ է, որովհետև վհատանքն ու վեհութիւնը մեծ են այս օրերուն: Քաոսը աւելի մեծ: Բրտութիւնը աւելի մեծ: Այրած բան մը կայ ամէն կողմ: Այրած վսեմ զկացումները, յոյսերը, առաքինութիւնները, մոխիրները աւելի շատ են:» (էջ 285) Այդ բոլորը չեն երևիր ամայութեան մէջ: Ոչ իսկ հիւսիսային այն միւս մեծ տիեզերաքաղաքին կղզիին մէջ զանգուածային գերեզմանափոսերու մէջ հրկիզուած քորոնաժահրահար մարմիններու մոխիրները: Տեսարան մը զոր դիտելը հնարաւոր է միայն անօդաչու սարքերու հեռարձակ նկարներով, որոնք բնակիչներու կը յիշեցնեն. «Hart Island has always been there. The privilege to ignore its existence is another prerogative to which the current crisis is laying waste.» (Jody Rosen, “How Covid-19 Forced Us to Look at the Unthinkable”. The New York Times, 29 Ապրիլ 2020)

Քաղաքին ամայութիւնը նոր նորմալ մըն է, յետ-մարդկային քաղաքակրթական նոր հանգրուան մը, որուն դանդաղ անցումի կենդանի վկաներն ենք ընկերային մեր հեռաւորութեան պարտադրած վարքուբարքով և փողոց ելած ժամանակ մեր դէմքին դրած դիմակներով: Դեռ երէկ էր երբ դիմակաւոր ներկայութիւնը փողոցին մէջ կրնար հոմանիշ ըլլալ ահաբեկիչի կամ քրէագործի: Հիմա պէտք է կասկածիլ և ահազանգել ոստիկանութիւն եթէ շրջաքայողներէն մէկը անդիմակ է:

Դէմքերը այլևս վիրտուալ իրականութիւն են: Համացանցային պարտադրանք մը, զգացումներուն պէս, որպէսզի քաղքենիներուն ձանձրոյթը, որուն բարեմաղթութեամբ աւարտեց ընկերս իր կարճ ՈւաթսԱփփեան ողջոյնը, տան մէջ հաճոյք ըլլայ և ոչ թէ Պօտլէրեան ամենասարսափելի հրէշը.

« C’est l’ennui ! -l’œil chargé d’un pleur involontaire,
Il rêve d’échafauds en fumant son houka.
Tu le connais, lecteur, ce monstre délicat,
-Hypocrite lecteur, – mon semblable, – mon frère ! »
(Charles Baudelaire, « Préface », LES FLEURS DU MAL)

Ամայի քաղաքի տեսարանին նոր նորմալը, հետևաբար, քաղքենիներու համար «ձանձրոյթի նախանպատակադրուած արձակուրդներ»ն են, ինչպէս Պօտրիյեար կը վերլուծէ յետարդիական ժամանակներու սպառողական հասարակութիւնը. “ Par exemple, l’être humain peut chercher dans les vacances un ennui plus profond que celui de tous les jours -un ennui redoublé, parce que fait de tous les éléments du bonheur et de la distraction. Le point important, c’est la prédestination des vacances à l’ennui, le pressentiment amer et triomphal de ne pas y échapper. Comment penser que les gens vont désavouer leur vie quotidienne en lui cherchant une alternative ? Ils vont au contraire en faire un destin : la redoubler dans les apparences du contraire, s’y enforcer jusqu’à l’extase, en sceller la monotonie par une monotonie plus grande. La surbanalité est l’équivalent de la fatalité. … Peu importe l’ennui, l’essentiel, c’est le surcroît d’ennui : le surcroît c’est le salut, c’est l’extase. » (Jean Baudrillard, LES STRATÉGIES FATALES, Paris, Grasset, 1983, p. 204)

Կը մնայ գրականութիւնը: Գոնէ այս անցումային ժամանակներուն: Յետոյ չենք գիտեր ինչ քաղաքակրթութիւն է. Farnheit 451, Blade Runner, The Walking Dead, Westworld… Յետմարդկային աշխարհը: Կամ չէութիւնը:

Քորոնաժահրի համաշխարհային դիմակահանդէսին մասին չէր որ կը մտածէի վերջին Բարեկենդանին, Փետրուարի աւարտին երբ երկօրեայ արձակուրդով երկար շաբաթավերջը ինչպէս անցնելու և ուր երթալու քաղքենի խուճապային խանդավառութիւնը յանգեցաւ ձանձնրոյթը կրկնապատկելու եզրակացութեան, երբ միտքս եկան մանկապարտէզ եղած ժամանակ բարեկենդանի տօնախմբութիւնները և մեր մանկական երգը: Այսօր արդէն քաղաքականապէս խնդրայարոյց բայց այն ժամանակ սպիտակամորթ մարդուն անմեղ անգիտակցութեամբ տողերը այդ երգին մէջ երեսները սև կամ դեղին ներկելու մասին էր որպէսզի սևամորթի կամ չինացիի նմանինք: Երկու տող յանկերգը՝ «Բարեկենդան, բարեկենդան, / ամէն կողմ դիմակներ կան» ներշնչած էր պատմուածք մը գրելու համար: Օրին այն հրատարակուեցաւ Հորիզոնի Գրական Յաւելուածին մէջ: Երկար շաբաթավերջի ձանձրոյթի կրկնապատկումի ճիգով համակարգիչին վրայ վերաշարադրեցի պատմուածքը՝ անոր ճակատագիրը յետոյ որոշելու համար:

Եթէ մինչև հիմա ձանձրացաք և կ’ուզէք կրկնապատկել ձանձրոյթը, կրնաք ընթերցումը շարունակել:

Երազի մը պատռուած դիմակը

Կիրակի յետմիջօրէ մըն էր: Յատուկ ծրագրումէ զուրկ ամէն շաբաթավերջի նման ընթացիկ պտոյտ մը կ’ընէի տանս մօտակայ հանրային պարտէզին մէջ, ուր հաստատուած էր ձեռակերտ իրերու երկօրեայ վաճառատօն մը:
Ուշադրութիւնս գրաւեցին բացօդեայ կրպակի մը սեղանին վրայ շարուած դիմակները: Բաւեց որ հայեացքս քիչ մը ուշանար անոնց վրայ որպէսզի վաճառող աղջիկը անմիջապէս դիմէր ինծի.
– Չէ՞իք փափաքիր դիմակ մը գնել պարոն:
– Ի՞նչ ընելու համար:
– Ձերը փոխելու համար:
– Բայց ես գոհ եմ դիմակէս:
Իրօք: Դէմքիս յարմարած էր ամէն ինչ որ զիս ծանօթ ու փնտռուած կը դարձնէր շրջապատիս և, միևնոյն ժամանակ, անոր մասին իւրաքանչիւրին ունեցած կարծիքը կը տարբերէր ուրիշի մը կարծիքէն: Այսպէս, մշտական ժպիտ մը ունէի յաճախորդներուս համար, խոժոռութիւնը վերապահուած էր պաշտօնեաներուս անկանոնութիւնը քննադաելու, լրջութիւնը տիրապետող էր գործի ժողովներու ընթացքին, գուրգուրանքին բոլոր նրբութիւնները կը գործածէի կիներուն հետ… Ինչո՞ւ պիտի փոխէի դիմակս, երբ ան կ’արդարացնէր ընկերային կենդանիի հանգամանքս:
Սակայն աղջիկը պնդեց.
– Իսկ եթէ Ձեզի առաջարկէի յատուկ դիմակ մը:
– Որքա՞ն յատուկ:
– Ձեր երազին դիմակը:
– Ո՞ր մէկ երազին:
– Այն մէկուն որուն իրականացումը ամենէն աւելի կը ցանկաք:
– Ե՞ւ…
– Եւ որ մէյ մը որ զայն դնէք՝ հանելէն յետոյ Դուք Ձեզ չճանչնաք:
Անմիջապէս ըսեմ որ հոս կը ներկայանամ վաճառականի դերով, որ, ի մէջ այլոց, երազս եղած է: Եւ եթէ խօսակցութիւնը առաջ կը տանէի անոր պատճառը ոչ թէ իմաստը, այլ՝ վախճանական նպատակը հասկնալու փափաքս էր պարզապէս:
– … Եթէ անշուշտ պատրաստ էք վճառելու:
Աղջկան առաջարկին ուշացած էի պատասխանելու, և կարծես թէ ան յաջողած էր միտքս կարդալ մեր միջև տիրած պահ մը լռութեան ընթացքին: Կը սիրեմ յանդուգն մարտահրաւէր կարդացող աղջիկները, և եթէ նոյնիսկ հետզհետէ յստակ կը դառնար որ այդ գիշեր միասին դուրս պիտի ելլէինք, այդուհանդերձ ուզեցի քիչ մը աւելի թափանցել անոր խաղին խորքը:
Նայեցայ անոր դիմակին և գիտակցելով, որ ոչինչ պիտի ըմբռնէի անոր քարացած արտայայտութիւններէն այնքան ատեն որ չէի պատռած զայն, ուզեցի ես ինքս առնել վաճառորդի ու գնորդի սովորական այդ խօսակցութեան նախաձեռնութիւնը, որ արդէն մասնագիտութիւնս էր, կամ ալ՝ այդպէս կը կարծէի/կ’ուզէի: Կրհին նայեցայ սեղանին վրայ շարուած դիմակներուն և որպէս թէ յուսահատ անոնց մէջէն յարմարագոյն մը գտնելէն, ըսի.
– Երազս չեմ գտներ հոս:
– Անշուշտ: Կ’ապսպրէք, կը պատրաստուի:
– Իսկ ինչպէ՞ս պիտի պատրաստէք իմ երազին դիմակը, երբ նոյնիսկ չէք գիտեր թէ ի՛նչ է այն:
– Իսկ դուք ինքդ գիտէ՞ք:
Կը խոստովանիմ՝ չէի գիտեր:
Ժամադրուեցանք նոյն տեղը, գիշերը ժամը տասին, երբ ամէն մարդ յագեցած շաբաթավերջի իր երազէն քաշուած կ’ըլլայ ինքնիր մէջ՝ շուտով յանձնուելու համար երազելէ յոգնած պարտադիր քունին:
– Ո՞ւր պիտի երթանք:
– Երազներու գործարանը:
– Նոյն դիմակով պիտի ըլլաս հարկաւ:
– Կը մոռնաս որ հարցը քո՛ւ դիմակդ է:
– Երազի՛ս դիմակը, ճշդեցի և անցայ քովի կրպակը, ուր քանդակուած դանակներ կը ծախէին: Հատ մը գնեցի:
Հեռանալու ատեն զգացի որ աղջիկը ինծի կը նայէր: Անոր դիմակին հետ կարծես ինծի ուղղուած ըլլային սեղանին վրայ շարուած բոլոր դիմակներուն անհասկանալի արտայայտութիւնները: Տարօրինակ վախ մը զգացի անոնց ետին գտնուող պարապէն: Բարեբախտաբար աղջկան դիմակին ետին կար ոչ-պարապ մը, որ ամէն գնով որոշեցի յայտնաբերել թէ ի՛նչ էր:

Կիրակի գիշեր ժամը տասին փողոցները արդէն ամայացած կ’ըլլան, իսկ հանրային պարտէզը լքուած վայրի մը քիչ մը անհանգստութիւն պատճառող տպաւորութիւն կու տայ: Տունէս դուրս ելլելէն առաջ ակնարկ մը նետեցի հայելիին և անակնկալի եկայ դէմքիս վրայ ցարդ անծանօթ քանի մը արտայայտութիւն գտնելով: Ամէն պարագայի ուղղեցի դիմակս, դանակը դրի գրպանս -փողոցը կրնար այնքան մութ ըլլալ որ ամէն բան սպասելի էր:
Զինք տեսնելէ առաջ ձայնը լսեցի.
– Երթանք, երազը չ’սպասէր:
Հարկ եղաւ աւելի ուշադրութեամբ նայիլ ձայնին կողմը մութին մէջ տեսնելու համար կերպարանքի մը հազիւ ուրուագծումը: Գաղտնիքը պարզուեցաւ երբ մօտեցայ ձայնին. վերէն վար սև հագած էր, սև էր նոյնիսկ դիմակը: Ձեռքս բռնեց: Իրեն հետևեցայ ուրուականէ մը առաջնորդուելու տպաւորութեամբ:
«Երազներու Գործարանը» հանրածանօթ այն տիսքոթէքներէն էր ուր ստեղծուած էր ամէն զօրաւոր զգայնութիւն ապրելու բացարձակութեան կարելիութեան մթնոլորտը: Խմիչքն ու ամէն տեսակի թմրեցուցիչները առատ են, բարձրախօսերէն գոռացող երաժշտութիւնը անկարելի կը դարձնէ որևէ խօսակցութիւն և լոյսերու խաղը թոյլ չի տար որ մէկը գիտնայ թէ ո՛վ որո՛ւ հետ կը պառէ, կամ որո՛ւն հետ սեռային յարաբերութիւն կ’ունենայ: Առաջին անգամը չէր որ նման տեղ մը կ’երթայի: Սակայն այս անգամ վճռած էի, որ ոչ միայն գիտակից պիտի ըլլամ հեշտանքիս, այլ հեշտանքիս առարկային իսկութիւնը պիտի յայտնաբերեմ:
Վճառեցի, ներս մտանք:
Տիսքոթէքը լեցուն էր: Կարծես թէ յատուկ հանդէս մը կար: Մթնոլորտը այնքան քաշողական էր, որ թմրեցուցիչին հոտը, ռոք երաժշտութեան խլացուցիչ ձայնանիշերը, կտրատուող ֆոսֆորեսան գունաւոր լոյսերու ֆլաշները իրենց անմիջական ազդեցութիւնը ունեցան: Պէտք իսկ չունեցայ ափսէի վրայ շրջող ամէն տեսակի դեղահատերուն ձեռքս երկարելու, ոչ ալ կաթիլ մը ալքոլի: Մտադրութիւնս ոչ մէկ ձևով քողարկող հայեացքս ուղղեցի իրեն:
– Մի մոռնար երազիդ դիմակը պիտի գտնենք:
– Միակ երազս քեզի ունենալն է, ըսի դէպի ինծի քաշելով իր մարմինը:
– Լսէ՛, ըսաւ առանց ուշադրութիւն դարձնելու արդէն յանդգնող շփումներուս:
Դժկամութեամբ ուշադրութիւնս սրեցի և հնչող աղմուկին մէջ զանազանեցի երգի մը տողերը՝
«Բարեկենդան, բարեկենդան,
ամէն կողմ դիակներ կան…»
Հարցական նայեցայ իրեն:
– Այս գիշեր մահը դիմակ դրած է և հոս է, ներկաներէն մէկն է:
– Հոս եղողները գիտե՞ն ատիկա:
– Գիտեն որ պիտի մեռնին օր մը: Ի՞նչ կարևոր է: Հիմա եկո՛ւր:
Հրաւէրը կրկնել չտուի: Հոն, տեղւոյն վրայ, գետինը, վերցուցի իր հագուստը և հանրային պարտէզի մեր հանդիպումէն ի վեր գրգռուած ցանկութեանս կիրքով մտայ իր մէջ: Ի՞նչ կարևոր էր թէ օր մը պիտի մեռնիմ: Աւելի կարևոր էր գիշեր մը հեշտանալ, քան գիտնալ որ օր մը պիտի մեռնիմ, ինչպէս ամէնքը, ինչպէս կը մտածէ, կամ չի մտածեր, ամէն մարդ: Թող գայ մահը, պզտիկը, փըթիթ մոռ…
Շատ շուտով սկսաւ հառաչել ետուառաջ շարժումներուս հետ: Կը բաժնուէինք մարիհուանայի միևնոյն ծխախոտը, ես էի որ այն կ’երկարէի դէպի իր շուրթերը, որոնք միևնոյն կիրքով կը սեղմուէին ծխախոտին թէ պարբերաբար անոր փոխարէն առաջարկած շուրթերուս թէ լեզուիս շուրջ:
Սեռային ամբողջ գրգռութեամբս հանդերձ չէի մոռցած որ վար պիտի առնէի իր դիմակը, պատռէի զայն: Եւ երբ հառաչանքները աւելի զօրացան, առանց դադրեցնելու ետուառաջ շարժումներս, գրպանէս հանեցի դանակս և մեծ ուշադրութեամբ զայն մօտեցուցի դիմակին: Կը զգայի որ վայրագօրէն պիտի հեշտանայի, կը զգայի անոր աճը՝ դէմքին մօտեցող դանակին կշռոյթով:
Ճիչը որ թռաւ բերնէն խլացուց ականջներս և մինչև հիմա կ’արձագանգէ ուղեղիս մէջ: Անսպասելի ու յանկարծական շարժումով մը դէմքը առաջ նետած էր և դանակը մխրճուած հոն: Դիմակին պատռուածքէն առատօրէն կը հոսէր արիւնը և անկարելի էր կարմիրէն զատ ուրիշ բան մը տեսնել հոն: Յետոյ… Կը դժուարանամ յիշել թէ ինչպէս պատահեցան ճիչին հետևած ամէն իրադարձութիւնները: Անդիմադրելի շարժումով մը զիս իր տակը առաւ առանց որ մեր մարմինները բաժնուէին: Հիմա ինքն էր որ կը ղեկավարէր խելագար ետուառաջը և ես, բռնաբարուողս, անձնատուր եղած էի ցնորական այդ շարժումին, չէի կրնար զսպել հառաչանք ճիչերս: Հեշտանքի բայց նաև սարսափի ճիչեր. դանակը մխրճուած կը մնար դէմքին և դիմակի պատռուածքէն արիւնը կը հոսէր առատ, շատ շուտով առաստաղի հայելիին մէջ տեսայ կարմիր, ամբողջովին կարմիր ներկուած դէմքս: Խենթի պէս ուզեցի մաքրել երեսս կարմիրէն, բայց միայն ձեռքերս ներկուեցան. արիւնը փակած էր դէմքիս կարծես նոր դիմակ մը ըլլար… Նախքան վերջին ճիչ մը հրաբուխի պէս ժայթկող հեշտանքիս հետ նայեցայ դէմքիս ճիշդ դիմացը քարացած պատռուած դիմակին, որուն տէրը իր ետուառաջ շարժումները չէր դադրեցուցած: Լաւ նայելով աչքերու խոռոչին հոն տեսայ այն պարապը, որ որևէ դիմակի աչքերու խոռոչներէն կը սարսափեցնէ մարդուն…

Այդ առտու, զարթուցիչի զանգէն առաջ արթնցայ: Շատ վատ կը զգայի: Ատենէ մը ի վեր ունեցած տկարութիւնս կարծես աւելցած էր գիշերուայ մղջաւանչիս պատճառով: Երազին ինչ ըլլալն ալ չէի յիշեր: Որոշեցի նոյն օրն իսկ բժիշկին երթալ: Քունը տակաւին գլուխս անցայ լուացարանին առջև մտածելով որ պաղ ջուրը կը սթափեցնէ զիս: Երեսս քանի մը ափ ջուրով լուալէ յետոյ, նոր անդրադարձայ որ ջուրը պղտոր, գրեթէ կարմիր էր: Խողովակները նորոգողը կ’ուշանար ահաւասիկ քանի օր է: Ոչ իսկ սուրճը յաջողեցաւ աշխուժութիւն տալ: Առանց գործի երթալու դիմեցի բժիշկին:
Հարկ եղան շաբաթներու վրայ երկարող քննութիւններ որպէսզի ան վերջապէս իր ախտաճանաչման արդիւնքին անողորմ վճիռը տար. «դատապարտուած էք»: Պէտք չունէր հիւանդութեան անունն իսկ յուշելու: «Սեռային սանձարձակութեան վերջը ասանկ կ’ըլլայ», ըսաւ աւելի անողորմ: Հաւատացեալ պահպանողական մըն էր և փութացած էր ոստիկանութեան լուր տալու իմ մասին:
Մեկուսացուցին զիս: Մահուան սպասումի այս հոգեվարքիս մէջ, ամէն անգամ որ հայելիին մէջ կը նայիմ, ի զուր կը փորձեմ երեսս տեսնել: Հիւծող դէմք մըն եմ միայն: Չեմ գիտեր ինչպէս կամ որմէ վարակուեցայ: Այնքան ալ կարևոր չէ. յիշողութիւնս արդէն մարմնիս նման արագօրէն կը մաշի և հակառակ ամբողջ ճիգիս չեմ յաջողիր յուշերս գրել: Ամէն անգամ որ փորձեմ ես ինծի իմ անցեալով տեսնել տողերուս մէջ, կեանքի պատռուած երազ մըն է որ երևան կ’ելլէ:

Խաչիկ Տէր Ղուկասեան