Լիբանան. «Թիրախաւորուող շրջաններուն մէջ հայութեան թիւը համեմատաբար նուազ է», ըսաւ Պալապանեան.

18 de marzo de 2026

Ազդակ.- «Հիմա հայաբնակ շրջանները համեմատաբար աւելի հանդարտ են, անշուշտ կան այն շրջանները, որոնք շարունակ կը ռմբակոծուին պատերազմի սկիզբէն ի վեր, այնպէս չէ, որ հոն բնաւ հայութիւն չկայ, բայց եթէ բաղդատական պիտի ընենք բնակչութեան խտութեան իմաստով, այդ շրջաններուն մէջ աւելի նուազ թիւով հայեր կան», յայտնեց ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Ալպեր Պալապանեան երէկ հայրենի «Հ1» հանրային պատկերասփիւռի կայանի «Լուրեր» յայտագիրի հարցումներուն պատասխանելով: Պատերազմի ազդեցութեան անդրադառնալով` Պալապանեան ըսաւ. «Բնականաբար պատերազմը ինքնի՛ն մտահոգիչ է, պատերազմի արդիւնքը աւերիչ է»:

Իսկ վերջին օրերուն Պուրճ Համուտի ծայրամասին` Նապաայի մէջ շէնքի մը թիրախաւորումին մասին հարցումին պատասխանելով Ալպեր Պալապանեան ըսաւ. «Պուրճ Համուտի աւարտին գտնուող թաղամասերն էին թիրախաւորուող շրջաննեըը, որոնք համեմատաբար աւելի նուազ հայաբնակ են: Այդ շրջանին մէջ բնակարան մը հարուածած էր Իսրայէլ ենթադրելով, որ Դիմադրութեան պատկանող պատասխանատու անձնաւորութիւն մը պէտք է ներկայ ըլլայ հոն»:

Քաղաքացիներու, յատկապէս հայութեան կարիքներուն եւ անոնց հոգածութեան մասին հարցումի մը անդրադառնալով, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչը յայտնեց, որ «համախմբուած, կեդրոնացած եւ համակարգուած աշխատանք կը տարուի այն իմաստով, որ կարիքներուն հասնինք, եթէ գաղութը անհրաժեշտ պէտքերու հասնի, ժողովուրդը անհրաժեշտ տարրական պէտքերու կարօտի: Բնականաբար պատերազմը այս ընթացքով ճգնաժամային պահեր պիտի ստեղծէ, ըլլայ այդ մէկը տնտեսական, ըլլայ կենցաղային թէ ինչու ոչ` նաեւ նիւթական»: