Կիրօ Մանոյեան. “Հայաստանն ու Արցախը պէտք է ռազմավարական համաձայնագիր ստորագրեն”
Արցախը բանակցութիւններու սեղանին վերադարձնելը ժամանակ շահելու խաղ չէ: Այս մասին «24 Թի. Վի.»-ին ըսած է ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, ՀՅԴ Հայ դատի Կեդրոնական գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեան:
«Իսկապէս խնդիր է, երբ կ՛ըսուի` Արցախի Հանրապետութիւնը ի վերջոյ պիտի մասնակցի բանակցութիւններուն, բայց որոշ փուլէ մը ետք: Այդ որոշ փուլը ո՞րն է, ատիկա անիմաստ է: Ասիկա կը նշանակէ, որ Արցախի իշխանութիւնները հանդէս պիտի գան ամէն ինչին դէմ, այդ պատճառով անհրաժեշտ է, որ անոնք սկիզբէն ըլլան», ըսած է Մանոյեան:
Ըստ անոր, տագնապի լուծման պիտի նպաստէ Արցախի Հանրապետութեան միջազգային ճանաչումը, եւ անոր պէտք է աջակցի Հայաստանը:
«Անոր առաջին քայլերէն մէկը պէտք է ըլլայ Հայաստանի եւ Արցախի միջեւ ռազմավարական համաձայնագիրի ստորագրութիւնը, ուր շատ հարցեր իրենց պատասխանները կը ստանան եւ խնդիրները կը սկսին լուծուիլ: Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետը ստիպուած չ՛ըլլար յիշեցնելու աշխարհին, որ ինք չի կրնար Արցախի իշխանութիւններուն փոխարէն խօսիլ, որովհետեւ այդպիսով յստակ կ՛ըլլայ, թէ ի՛նչը վերապահուած է Հայաստանին, ի՛նչը Արցախին», եզրափակած է ան: