Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւններ վերադարձ դէպի 1990-ականներ, կամ «նոր նորմալ»ը

03 de agosto de 2022

Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային Անվտանգութեան Ծառայութիւնը (ԱԱԾ) «անբաղձալի անձ» յայտարարեց Ֆրանսայի հայ համայնքի ղեկավարներէն և Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Բիւրոյի անդամ Մուրատ Փափազեանին բայց լուռ մնաց Ծիծեռնակաբերդի մէջ Գորշ Գայլերու նշանով ինքզինք նկարահանած թուրք «բլոգեր»ին նկատմամբ: Թուրք «բլոգեր»ը «անբաղձալի անձ» չնկատուեցաւ, նուազ՝ թուրք Արտաքին Գործոց Նախարարը որ անցեալ Ապրիլին, Ցեղասպանութեան 107-րդ տարելիցին, Մոնթէվիտէոյի մէջ, փանթրքութեան խորհրդանիշ նոյն ժեսթով դիմած էր իր այցելութեան դէմ բողոքի ելած հայ համայնքին: Սփիւռքահայ գործիչը վտանգ կը ներկայացնէ հայկական պետականութեան, Գորշ Գայլերու համակիրները, հետևորդները կամ ղեկավարները՝ ոչ:

 

Հայ-թրքական բանակցութիւններու այս հանգրուանին, երբ առաջընթաց արձանագրուած է և երկու երկիրներու սահմանը բաց է երրորդ երկիրներու քաղաքացիներու համար եթէ ուզեն Հայաստանէն Թուրքիա կամ Թուրքիայէն Հայաստան անցնիլ, անհրաժեշտ է թուրքի «կարծրատիպ»ը քանդել, Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւնները սահմանել որպէս «չթշնամանք», պատմութիւնը վերատեսութեան ենթարկել որպէսզի Առաջին Համաշխարհային Պատերազմի ժամանակ Արևմտահայութեան բնաջնջման ծրագիրը ընկալուի նաև թրքական ժխտողականութեան ակնոցով որովհետև այդ կը պահանջէ հանդուրժողականութիւնը, հարցականի տակ դնել դնել Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման «յաւելեալ արժէք»ը Հայաստանին համար երբ այնքան տնտեսական ներդրումներ կը սպասուին Թուրքիայէն, երբ այնքան զբօսաշրջիկներ, ներառեալ թուրք «բլոգեր»ը, կրնան ժամանել… մէկ խօսքով՝ այն հանգրուանին երբ Արմէն Գրիգորեաններու, Լենա Նազարեաններու, Արայիկ Յարութիւնեաններու թէ Զարեհ Զինանեաններու տեսական յայտարարութիւնները արդէն գործնական հողի վրայ կը դրուին, անհրաժեշտ է վերցնել այն խոչընդոտները որոնք արգելք կը հանդիսանան «ապագայ կա՛» ընտրական խոստումի իրականացման: Ինչպիսին էր Մուրատ Փափազեանը: Այդ մասին Երևանի մէջ մտածելու իսկ պէտք չունին. Անգարայէն և Պաքուէն կու գայ պատգամը, ԱԱԾ-ն կը գործադրէ: Հայաստանի իշխանութիւնները փաստը կու տան որ ոչ միայն հարևաններէն ոչ մէկ պահանջ ունին, այլ պատրաստ են ընդառաջելու անոնց թէկուզ և բաղձանքին՝ սփիւռքահայ գործիչը նկատելու «անբաղձալի անձ»:

 

Մուրատ Փափազեանի Հայաստանի մուտքի արգելքը որպէս հայ-թրքական բանակցութիւններու այս հանգրուանի «ֆորս մաժորային» պատճառ արդէն բազմիցս քննարկուեցաւ, և վերը նշուածը պարզ յիշեցման կարգով է միայն: Ժամանակի կորուստ է նաև լուսարձակի տակ առնել անոր մուտքի արգելքէն արդէն քանի օր անց ՀՀ Վարչապետի աշխատակազմի հրապարակած բացատրութիւնը, որ, անգամ մը ևս, կու գայ բացայայտելու թէ ներկայ իշխանութիւններուն համար սեփական ապիկարութեան փաստերու հանրայնացումը այնքան ալ անյարմար զգալու խնդիր չէ: Բայց պատահարի քաղաքական ենթաթեքսթին զուգահեռ, անոր առընչակից կամ ոչ այնքան, Մուրատ Փափազեանի Հայաստան մուտքի արգելքը նաև Սփիւռքի հետ Հայաաստանի յարաբերութիւններու հայեցակարգի մը ազդանշանը կրնայ ըլլալ: Նախընթացը կայ ի դէմս 29 Յունիս 1992-ին օրին ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրայր Մարուխեանի Հայաստանէն արտաքսելու հրամանին, որ այն ժամանակ իշխանութեան գլխուն գտնուող ՀՀ առաջին նախագահ Լևոն Տէր Պետրոսեանը տուաւ: «… այսօրուայ Լևոն Տէր Պետրոսեանը Նիկոլ Փաշինեանն է», ըսաւ 168.am-ի հետ 22 Յունիսին տուած իր հարցազրոյցին ընթացքին Մուրատ Փափազեան:

 

Այն ժամանակ, միջադէպը կանխանշան եղած էր Սփիւռք-Հայաստան յարաբերութիւններու հայեցակարգի կազմաւորման: Յստակացնենք՝ կանխանշան, և ոչ թէ պատճառ: Հայաստանի անկախութեան հռչակումէն ինը ամիս յետոյ, և անոր զարգացման համար այն ժամանակ բախտորոշ գործօն Արցախեան առաջին պատերազմի ամենաճակատագրական պահուն ՀՀ թիւ մէկ անձնաւորութեան կողմէ Մարուխեանի արտաքսման որոշումը առնուած ժամանակ տակաւին Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւններու հայեցակարգ որպէս այդպիսին չկար: Կար, թերևս, սփիւռքեան որոշ հատուածի մօտ այդ հայեցակարգի իտէալականացուած տարբերակ՝ Ղարաբաղեան Շարժման «Միացում» կարգախօսի հայելիի արտացոլած պատկերներով: Երեսուն տարի անց, Յուլիս 13-ի երեկոյեան դրութեամբ, այսինքն՝ այն պահուն երբ ԱԱԾ-ն Զուարթնոցի օդանաւակայան ժամանած Մուրատ Փափազեանին կ’արգիլէր Հայաստան մուտք գործել, Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւններու հայեցակարգ կար այդ ոլորտի մէջ առնուած օրէնսդրական որոշումներու, պետական կառոյցներու առաջացման և փոփոխութեանց, հայրենադարձութեան ու արտագաղթի կշռոյթներու հետևանքով: Մուրատ Փափազեանի Հայաստան մուտքի արգելքը կրնայ ազդանշան ըլլալ այդ հայեցակարգի փոփոխութեան, և ոչ դրական իմաստով:

 

Մուրատ Փափազեանի հետ Յուլիս 13-ին պատահածը պիտի բնութագրել անգամ մը ևս դիմելով Մարքսի Լուի Պոնափարթի Տասնութերորդ Պրիւմէրը դասական գործի բացման նախադասութեան՝ պատմութեան իրադարձութիւնները և պատմական անձնաւորութիւնները կը կրկնուին երկու անգամ, առաջինը որպէս ողբերգութիւն, երկրորդը որպէս ֆարս: Այս վերջին յղացքը, ֆարս, չի՛ նշանակեր, ինչպէս ոմանք պիտի աճապարեն մեկնաբանել, որ Մուրատ Փափազեանի Հայաստան մուտքի ագելքը կատակի պէտք է առնել: Անոնք որոնք կարդացած են Տասնութերորդ Պրիւմէրը ծանօթ են անոր սկզբնաւորութեան իսկ Մարքսի բանաձևած նշանաւոր տեսութեան, որ իւրացուած և զարգացած է հասարակագիտական, քաղաքագիտական թէ տնտեսագիտական տարբեր դպրոցներու կողմէ. մարդիկ իրենց պատմութիւնը կը կերտեն անցեալէն եկած պայմաններու թելադրանքով: Ընդ որում, յեղափոխական փոփոխութեանց նախաձեռնութեամբ հանդէս եկողներ յանկարծ կը դիմեն անցեալին ուրկէ և փոխ կ’առնեն անուանումներ, լոզունգներ և սովորութիւններ՝ զանոնք ներկայացնելու համար նոր լոյսի մը տակ:*

 

Տասնիններորդ դարու մտածողը իր վերլուծումի կիզակէտին ունէր համաշխարհային պատմութեան բեկումի պահերը, որոնցմէ շա՜տ հեռու է Թաւշեայ Յեղափոխութեան Հայաստանը, ի մասնաւորի Քառասունչորսօրեայ Պատերազմի աղիտալի պարտութենէն յետոյ: Տասնութերորդ Պրիւմէրը, առաւել, կը վերաբերէր Ֆրանսայի մէջ դասակարգային պայքարի ծնունդ տուած պայմաններուն որոնք իշխանութեան բերին մեղկ միջակութեան մարմնացումը եղող անձնաւորութիւն մը՝ Լուի Պոնափարթը: Պատմական այդ իրադարձութեան Մարքսեան մեկնաբանութիւնը հետագային ծառայեց քսաներորդ դարու ֆաշիզմի երևոյթը հասկնալու և մեկնաբանելու, միշտ դրամատիրական կարգերու մէջ դասակարգային պայքարի տեսանկիւնէն: Հակառակ Թաւշեայ Յեղափոխութեան օրգանական մտաւորականներու բոլոր ճիգերուն՝ Ապրիլ 2018-ի զօրաշարժին տալու համաշխարհային հնչեղութիւն որպէս պատմական իրադարձութիւն, երևոյթը բաղդատական վերլուծումի կարգով կրնայ իմաստաւորուիլ միայն ներՀայաստանեան ոլորտի սահմանափակումով. Լևոն Տէր Պետրոսեանի իննիսունականներու ողբերգութենէն քսանմէկերորդ դարու ֆարսը, ի դէմս ինքնասիրահարուած, մեծամիտ ու ապիկար անձնաւորութեան մը, որ յաջողեցաւ սոցիալական անարդարութեան ստեղծած ճգնաժամի պայմաններէն օգտուիլ:

 

«Պատերազմ թէ խաղաղութիւն» բանաձևեց Տէր Պետրոսեանը, և Քառասունչորսօրեայ Պատերազմի պարտութեան պատասխանատուն դիմեց այդ ֆորմուլայի ծիծաղելի ուռճացման՝ «տարածաշրջանի խաղաղութեան դարաշրջան» որպէս միակ միջոց ծածկելու 9 Նոյեմբեր 2020-էն յետոյ շարունակուած և տակաւին շարունակուող միակողմանի զիջումներու նախատրամադրուածութիւնը: Յետադարձ ակնարկով հիմա շատեր «իմաստուն» կը նկատեն Տէր Պետրոսեանի օրին առաջ քաշած վերջնագիրը, կարծես այն օրերուն պատերազմը յաղթած հայկական կողմին համար այնքան հեշտ ըլլար հենց այդպէս յանձնել տարածքները և ենթադրել որ ազրպէյճանական կողմը պիտի բաւարարուի անով և Արցախի հարցը պիտի լուծուի վերջնականապէս: Թէ յաջորդ երկու տասնամեակներուն Լևոն Տէր Պետրոսեանին յաջորդները այնպէս ալ չհասկցան թէ կարելի չէր յաւերժացնել սթաթուս քուօ-ն, չի՛ նշանակեր որ առաջին Նախագահի «խաղաղութիւն թէ պատերազմ»ը պատերազմին յաղթած հայկական կողմին համար այն ժամանակ ինքզինք չարդարացնող «կամ այս, կամ այն» կտրուկ տրամաբանութեամբ և երրորդ այլընտրանք բացառող թոնով շանտաժ մը չէր:

 

Նոյն այդ շանտաժին կը դիմէ այսօր Նիկոլ Փաշինեան, և կը թուի թէ պարտութեան պայմաններու մէջ այն շատ աւելի ռէալ սպառնալիք է քան 1998 Փետրուարին: Այդ շանտաժը կը կրկնեն իշխանութիւններու բոլոր բացայայտ թէ քողարկուած զօրակցողները, հայրենիքի կորուստէն աւելի «նախկին»ներու վերադարձէն վախցողները, և Թաւշահանդէսներու ամէն կարգի ու լեզուի հանդիսավարներն ու մունետիկները: Բոլորը, սակայն, ինչպէս իշխանութիւնները կը թելադրեն, մոռացութեան կու տան որ ազրպէյճանական նոր յարձակումի մը դիմադրելու հայկական բանակի այսօրուայ անկարողութիւնը հետևանք է քաղաքական որոշումի մը, որով անտեսուեցաւ պատերազմէն յետոյ բանակի վերակազմակերպութեան ու վերազինումի հրամայականը, որ, պարզ է, նախաձեռնութիւնը պիտի ըլլար պարտութիւնը չիւրացուցած քաղաքական նոր դէմքի մը: Եթէ պարտուած ղեկավարը այնքան մը հայրենասէր ըլլար ու տէր իր արժանապատւութեան որ 9 Նոյեմբեր 2020-ի յաջորդ օրն իսկ ներկայացնէր իր հրաժարականը, և Ազգային Ժողովը գտնուէր իր պատասխանատւութեան բարձրութեան մակարդակին և հետամուտ ըլլար պատերազմի հետաքննութեան և ճշմարտութեան բացայայտման… Ահաւասիկ հոս է «խաղաղութեան» Նիկոլեան ֆարսը, և ամբողջ ազգի շարունակուող աղէտը:

 

Բաղդատական միևնոյն մօտեցումով եթէ լուսարձակի տակ առնենք Հրայր Մարուխեանի արտաքսումը Հայաստանէն Լևոն Տէր Պետրոսեանի հրահանգով և Նիկոլ Փաշինեանի կառավարութեան դրած արգելքը Մուրատ Փափազեանին՝ Հայաստան մտնելու, հոն ևս պիտի գտնենք պատմութեան կրկնութեան ողբերգութիւն/ֆարս տինամիքը: Բառամթերքը նախ՝ «անբաղձալի անձ» որակումը երկու գործիչներու, որոնց նուիրումը հայութեան շահերու պաշտպանութեան ոչ ոք կրնայ հարցականի տակ դնել: «Անբաղձալի» որո՞ւ համար ուրեմն: Երկու պարագային ալ անհեթեթ պատրուակը որ բանաձևուած է երկու գործիչներուն Հայաստան գտնուիլը մերժելու համար կը յղէ ինչ որ «պետութեան շահ»ի մը, որուն անյարիր է, ըստ երևոյթին, Մարուխեանի և Փափազեանի պաշտպանած հայութեան շահերը -բանաձևում մը որ հոս կը գործածուի շրջանցելու համար շատ աւելի խնդրայարոյց «ազգային շահ»ը:

 

Անկախութենէն ի վեր, Թուրքիոյ հետ «առանց պայմաններու յարաբերութիւններ»ը ընկալուած են որպէս «պետական շահ»: Ինչ որ Լևոն Տէր Պետրոսեանին տարբերած է իր երկու յաջորդներէն՝ այդ յարաբերութիւններու բնականոնացման համար «հայ դատականութեան» «արգելք»ի վերացման անհրաժեշտութիւնը եղած է: Թէ ինչու տակաւին քանի մը ամիս առաջ նախագահական ընտրութիւններուն բացարձակ մեծամասնութեան յաղթական դուրս եկած Լևոն Տէր Պետրոսեան 1992 Յունիսին նախաձեռնութիւնը առաւ բախումի երթալու Հ. Յ. Դաշնակցութեան հետ (Մարուխեանի արտաքսումը տեղի ունեցաւ կուսակցութաե Ընդհանուր Ժողովի ճիշդ նախօրեակին) այնպէս ալ յստակ չէ: Այդ որոշումին ետին շատ աւելին կար քան լոկ Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու հարցը: Մուրատ Փափազեանի պարագային, Փաշինեանի իշխանութեան որոշման ծնունդ տուող պատճառներուն մէջ թրքական գործօնի առկայութիւնը շատ աւելի յստակ է թուրք ղեկավարներու իրերայաջորդ յայտարարութեանց ընդմէջէն: Անգարայէն ուղղակի դիմում/պահանջ թէ զուտ Երևանեան ընդառաջում թրքական փափաքին՝ հարց մըն է որ թերևս ապագային յստականայ: Բայց թէ Փափազեանի «անբաղձալի տարր» նկատուիլը բաւարարութիւն պատճառած է Չաւուշօղլուին՝ հազիւ թէ կասկածի տակ դրուի: Եւ այդ է Նիկոլեան ֆարսը Դաշնակցութեան Բիւրոյի անդամի արտաքսման պատմութեան կրկնումի այս երևոյթին:

 

Հրայր Մարուխեանի Հայաստանէն արտաքսումին յաջորդեց կուսակցութեան հետ յարաբերութիւններու սրումը, որ իր գագաթնակէտին հասաւ երկու տարի յետոյ, Դեկտեմբեր 1994-ին, երբ երկրի մէջ անոր գործունէութիւնը արգիլուեցաւ և ղեկավարութիւնը ձերբակալուեցաւ: Տէր Պետրոսեան մէկ քայլ աւելի առաջ գնաց և նախաձեռնութիւնը առաւ Սփիւռքի մէջ կուսակցական կառոյցը պառակտելու նպատակամղուած քայլերու, որոնք այնպէս ալ տեղ չհասան բայց ստեղծեցին լարուած ու թունաւոր մթնոլորտ: Զանց կ’առնենք ՀՀ առաջին Նախագահին խորհրդանշանական ժեսթերը դէպի հայ քաղաքական միւս կուսակցութեանց ղեկավարութիւններ, կամ անոնցմէ ոմանց, և սփիւռքեան տարբեր անձնաւորութիւններ, որոնք այս կամ այն ձևով իր գուրգուրանքի և ուշադրութեան առարկայ եղան: Ամենէն կարևորը՝ Լևոն Տէր Պետրոսեան կտրուկ մերժեց ՀՀ Քաղաքացիութեան օրէնքը բարեփոխել՝ առիթ տալու համար որ տարբեր երկիներու քաղաքացի սփիւռքահայեր նաև ՀՀ քաղաքացիութիւն ձեռք բերեն: Լևոն Տէր Պետրոսեան իր որոշումը փորձեց մեկնաբանել քաղաքացիութեան զուտ լիբերալ հասկացողութեամբ բացառելով այլ գործօններ, ինչպէս հաւաքականութեան մը էթնիկ յայտարարը: Վստահաբար կային շատ աւելի կոնկրետ նատճառներ որոնց շարքին՝ քաղաքական մրցակցութիւնը և սեփականաշնորհումը որով և դրամագլուխի առաջին կուտակումը կը մնար պետութեան լծակներուն տիրացած քաղաքական վերնախաւի ձեռքերուն մէջ:

 

Մուրատ Փափազեանին Հայաստան մուտքը արգիլելէն քանի մը օր յետոյ, Յուլիս 18-ին, ԱԱԾ-ն հրապարակեց սփիւռքահայերու ՀՀ քաղաքացիութիւն տալու ընթացակարգը բարդացնելու իր առաջարկը: Երկու իրադարձութիւնները իրարու ուղղակիօրէն առընչակից չեն: ԱԱԾ-ի նորագոյն առաջարկին հիմնաւորումը նոյնքան թեթևամիտ է իր տրամաբանութեամբ որքան ՀՀ Վարչապետի աշխատակազմի «բացատրութիւնը» Մուրատ Փափազեանի Հայաստան մուտքի արգելքին, և չի դիմանար լուրջ քննարկումի: Հետևաբար, հարցական է նախ թէ ԱԱԾ-ի առաջարկը երբ, ինչպէս և ուր յղացուած է, և, մանաւանդ, ինչ խորքային նպատակներով առաջ կը քաշուի: Ամէն պարագայի երևոյթը նաև խօսուն է պատմութեան երկրորդ, ֆարսային, կրկնումին: Լևոն Տէր Պետրոսեանի ժամանակ դրամագլուխի առաջին կուտակումն էր և անկէ ծնունդ առնող օլիկարգ դասակարգի շահը: Փաշինեանի օրոք, Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու առաջընթացը արդէն ծնունդ կու տայ թրքական «թազա» դրամագլուխի հոսքի հեռանկարներուն, որոնցմով շահագրգռուած է արդէն Հայաստանի մէջ կայացած մեծ կապիտալը, ատենի օլիկարգերը որոնց Թաւշեայ Յեղափոխութիւնը վերամկրտեց որպէս խոշոր ձեռնարկատէրեր:

 

Սփիւռքի քաղաքացիութիւն տալու ընթացակարգի բարդացումը ի՞նչ կապ կրնայ ունենալ այս հեռանկարին հետ, պարզ է՝ ոչ մէկ ուղղակի կապ, ոչ մէկ պատճառահետևանքային առընչութիւն: Բայց ինչպէս Լևոն Տէր Պետրոսեանի հետ 1990-ականներուն, այսօր ևս Նիկոլ Փաշինեանի հետ, Սփիւռքի հետ յարաբերութիւնները կը թուին ինչ որ «պրոբլեմ»: Կը թուի թէ Թուրքիոյ նման Հայաստանն ալ սփիւռքեան «հարց» մը ունի: Պիտի առարկուի թէ ոչ Մուրատ Փափազեանը, ոչ ալ Դաշնակցութիւնը Սփիւռք կը ներկայացնեն, կամ Սփիւռք են: Նման մտածում ոչ Մուրատ Փափազեանի և ոչ ալ իր գաղափարակիցներէն ոևէ մէկուն, ներառեալ այս տողերը ստորագրողին, մտքէն իսկ չի կրնար անցնիլ: Բայց Ֆրանսայի Հայ Համայնքի Համակարգող մարմինը Մուրատ Փափազեանի Հայաստան մուտքի արգելքը չընկալեց ոչ որպէս անոր անձին դէմ առնուած որոշում, ոչ ալ բացառապէս Դաշնակցութիւնը թիրախաւորող քայլ: Ընդհակառակը, բողոքեց և զգուշացուց որ այն հարուած է ընդհանրապէս Սփիւռքի հետ Հայաստանի յարաբերութիւններուն: Աւելի՛ն, այդ մարմնի համանախագահ Արա Թորանեանը, որ բացայայտօրէն տարակարծիք է Դաշնակցութեան հետ, անունով մականունով նշեց Սփիւռքի հետ Գործերու Յանձնակատարին և յիշեցուց անոր պառակտիչ փորձը՝ Ֆրանսայի հայ համայնքէն ներս ներկայացուցչական այլ մարմին առաջացնելու: Իսկ ԱԱԾ-ի առաջարկով ՀՀ քաղաքացիութիւն ստանալու ընթացակարգի դժուարացումը առանձին սփիւռքահայերու դէմ չէ, ուղղուած է ամբողջ Սփիւռքին:

 

Մարքսեան «պատմութեան կրկնութեան» հետևումով իրարմէ երեսուն տարուայ հեռաւորութեամբ իրարու համահունչ երկու իրադարձութիւններու, ՀՅԴ Բիւրոյի երկու տարբեր անդամներու արգելքը հայրենիքի մէջ ըլլալու, այս մեկնաբանութիւնը կը միտի նաև Սփիւռքին զգաստութեան հրաւիրել: Նախ յստակ պիտի ըլլայ, որ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամին Հայաստան մուտքը արգիլելու զուգահեռ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան ղեկավարին ընդունիլը բարացուցական չէ հայկական իրականութեան մէջ ակտիւ դերակատարութիւն ունեցող միայն մէկ կազմակերպութիւն մեկուսացնելու և զայն «պետութեան շահ»ին վնասակար նկատելու կեցուածքի: Պատգամը որ աւելի շուտ կը փոխանցուի՝ որևէ կազմակերպութիւն կամ ոևէ սփիւռքեան անձնաւորութիւն, որ ընդդիմադիր է այս իշխանութիւններուն, կամայականօրէն հայրենազրկելու շանտաժն է, և, թերևս, Սփիւռքի հետ յարաբերութիւններու հայեցակարգի «նոր նորմալը»:

 

Լևոն Տէր Պետրոսեանի Սփիւռքամերժումը որոշ չափով քանդեց այն իտէալական «Միացում»ը որով կը պատկերացուէր հայոց պատմութեան նոր հանգրուանը Արցախի ազատագրումէն և Հայաստանի անկախացումէն յետոյ: Փետրուար 1998-ի իշխանափոխութենէն և մէկ տարի յետոյ արդէն Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւններու հայեցակարգի կառուցման գործընթացի մեկնարկումով, այն հայրենախզումը որ առաջին նախագահը ուզած էր տեղի չունեցաւ: Յաջորդ քսան տարիներուն, այդ հայեցակարգի կայացումը բացայայտեց նաև իր զարգացման սահմանափակումը և Հայաստանի քաղաքական վերնախաւի դժկամութիւնը՝ Սփիւռքին ձայնով և քուէով քաղաքական գործընթացին մէջ ներառնելու:

 

Հայոց Ցեղասպանութեան Հարիւրորդ Տարելիցի սպասուած խոստումներուն չիրականացումն ու Համահայկական Հռչակագրին լոկ յայտարարութիւն մնալը Սփիւռքին պիտի զգաստացնէր իր օրակարգը ունենանլու առանց զայն պայմանաւորելու Հայաստանի հետ յարաբերութիւններով: Ոչ ալ ՀՀ պետութենէն սպասելու որ անոր կէտերը ճշդէ: Պիտի ընդունիլ որ նոյնիսկ Ցեղասպանութեան Հարիւրերորդ Տարելիցէն առաջ Սփիւռքի մէջ այդ զգաստութեան առկայութեան փաստը կար բացառաբար Սփիւռքի մասին յղացուած տարբեր նախաձեռնութիւններով: Բայց այդ նախաձեռնութիւնները Սփիւռքը բառացիօրէն կառուցած քաղաքական, մշակութային թէ բարեսիրական պատմական կազմակերպութիւններէն չէին գար: Այդ կազմակերպութիւնները, որոնք առ այսօր ամենէն աւելի կարող են սփիւռքեան զօրաշարժ առաջացնել, պահեցին անշուշտ իրենց սփիւռքեան առօրեան, բայց կեդրոնացած մնացին 1988-էն ի վեր ինքզինք պարտադրող հայրենիքի օրակարգին վրայ:

 

Երանի Լևոն Տէր Պետրոսեանէն յետոյ Սփիւռքամերժման Փաշինեանական տարբերակի առաջին ազդանշանները Մուրատ Փափազեանի մուտքի արգելքով և ԱԱԾ-ի վերոնշեալ առաջարկով Սփիւռքին մղեն իր օրակարգին մասին մտածելու: Անկախ թէ 1998-էն, թէ՞ 2018-էն…, յետոյ իշխանափոխութեան պատմութիւնը կրկնուի թէ ոչ:

 

* Յղումը առնուած է բնագրի հետևեալ բաժնէն. “Men make their own history, but they do not make it just as they please; they do not make it under circumstances chosen by themselves, but under circumstances directly found, given and transmitted from the past. The tradition of all dead generations weighs like a nightmare on the brain of the living. And just when they seem engaged in revolutionizing themselves and things, in creating something entirely new, precisely in such epochs of revolutionary crisis they anxiously conjure up the spirits of the past to their service and borrow from them names, battle slogans and costumes in order to present the new scene of word history in thus time-honored disguise and this borrowed language.” (Karl Marx, The Eighteenth Brumaire of Louis Bonaparte, in The Marx-Engels Reader edit. Robert C. Tucker, New York: W.W. Norton & Company Inc., 1972, p. 437)

 

Խ. Տէր Ղուկասեան