Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Հարաւային Ամերիկայի 83-ՐԴ Շրջանային Ժողովին Յայտարարութիւնը

07 de julio de 2025

 

 

Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Հարաւային Ամերիկայի կազմակերպական կառոյցըիր 83-րդ Շրջանային Ժողովը գումարեց 04-06 Յուլիս 2025-ին, Պուէնոս Այրէսի մէջ, մասնակցութեամբ Պուէնոս Այրէսէ, Գորտոպայէն, Մոնթէվիտէոյէն եւ ՍանՓաւլոյէն ընտրուած պատգամաւորներու, գաղափարակից կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներու եւ հրաւիրեալներու:

Շրջանային Ժողովը խորմտահոգութիւն արձանագրեց Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ քաղաքական զարգացումներուն եւ անոնց ճակատագրական հետեւանքներուն մասին, ի դէմս ներկայ իշխանութիւններու շարունակ ու ողազ գակործան վարքագիծին թէ՛ ներազգային եւ թէ՛ ալ արտաքին յարաբերութիւններու ոլորտներուն մէջ: Ներառեալ՝ մարդկային իրաւունքներու ոտնակոխման եւ ժողովրդավարութեան ամէնչափանիշերու խախտումով ընդդիմադիրներու հալածանք, Հայաստանեաց Առաքելական Եկեղեցւոյ դէմ ծաւալածարշաւ, Արցախէն հրաժարում, Պաքուի մէջ արգելափակուած հայ քաղաքակ անբանտարկեալներու լքում, Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ ճնշումներուն դիմաց զիջողականութիւն, Ցեղասպանութեան ուրացում եւ ժխտողականութեան դիւրացում:

Շրջանային Ժողովը նաեւ շատ անխոհեմ գտաւ հայրենի իշխանութիւններու կողմէ սփիւռքեան գործօնի թեր գնահատումը: Մանաւանդ ներկայ վարչախումբի ներկայացուցիչ ներուան շնորհակալ արտայայտութիւնները Հարաւային Ամերիկայի հայ համայնքներու քաղաքական զօրաշարժին մասին, զայն որակելով «սխալ»: Քաջգիտնալով որ այդ զօրաշարժի կիզակէտին եղած է Ցեղասպանութեան ճանաչումը, Արցախի դատը, հայրենիքի զարգացումը եւ Հայաստանի անկախ պետականութեան տարածաշրջաային ներկայութեան եւ յարաբերութիւններու հաստատման նպաստումը:

Դէմյանդիման հայրենի այս ցաւալի իրականութեան, Շրջանային Ժողովը հրամայական գտաւ Սփիւռքի վերակազմակերպումը, արդիականացումը եւ հաւաքական զօրաշարժը ի խնդիր հաւաքական ինքնութեան պահպանմանու զարգացման եւ Հայ ժողովուրդի դէմ գործադրուած Ցեղասպանութեան արդարահատոյցի հետապնդման:

Շրջանային Ժողովը ընդգծեց Հարաւային Ամերիկայի հայաշատ երկիրներու մէջ համայնքայի նկառոյցներու դերը,  եւ վերահաստատեց իր յանձնառութիւնը անոնց ամրագրման եւ հաստատութիւններու միջեւ համագործակցութեան նկատմամբ: Կարեւորութեամբ ընդգծեց տարածաշրջանին դերը՝ Արցախցիներու վերադարձի իրաւունքնու Պաքուի մէջ հայ քաղաքական բանտարկեալներու ազատ արձակումը միջազգային ատեաններու մէջ հետապնդման ճիգերու շարքին:

Շրջանային Ժողովը նաեւ անդրադարձաւ Սփիւռքի աշխարհագրական եւ սերնդափոխական զարգացումներուն եւ անոնց ծիրին մէջ ամերիկեան ցամաքամասի տարածքին հայկական կազմակերպուածներ կայութեան հսկայական ներուժին եւ զարգացման կարողականութեան, զորս անհրաժեշտ է կազմակերպել եւ աշխուժացնել հիւսիս – հարաւ ցանցային առանց քիմը ընդմէջէն: Ժողովի աւարտին ընտրուեցաւ նոր Կեդրոնական Կոմիտէ: