ՀՅԴի Փարիզի մէջ կազմակերպած ընթրիքը՝ ի պատիւ Ֆրանսուա Հոլանտի

13 de noviembre de 2017

HollandeՓԱՐԻԶ – ՀՅ Դաշնակցութեան Փարիզի կառոյցը Հինգշաբթի, 9 Նոյեմբերին, Փարիզի հանրածանօթ “Պետրոսեան” ճաշարանին մէջ կազմակերպեց Ֆրանսուա Հոլանտին ի պատիւ ընթրիք մը, որուն Հանրապետութեան նախկին նախագահը եկաւ իր կենակցուհիին՝ դերասանուհի եւ արտադրող Ժիւլի Կայէթի հետ:

Այս ճաշով ՀՅԴն ուզած էր մեծարել Հանրապետութեան նախկին ղեկավարը՝ պաշտօնավարման իր հնգամեակին ընթացքին ֆրանսական հիմնարկութիւններուն մէջ՝ ֆրանսահայ համայնքի տեղի ամրապնդման եւ Ֆրանսա-Հայաստան յարաբերութիւններու սերտացման մէջ ունեցած ներդրումին համար:

Ընթրիքին ներկայ էին Փարիզի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Վիգէն Չիտեչեան, Հայ Դատի յանձնախումբի եւ Ֆրանսահայ Կապոյտ Խաչի պատասխանատուներ, CCAF-ի համանախագահներ Արա Թորանեան եւ Մուրատ Փափազեան, ընկերվարական քաղաքական գործիչներ Ռընէ Ռուքէ, Լիւք Քարվունաս, Ֆրանսուա Փիւփոնի եւ Պերնար Փուանիան, շարժապատկերի եւ երաժշտութեան աշխարհէն Ալէն Թերզեան եւ Անտրէ Մանուկեան: