ՀՅԴ-ն Միակամ Է
ՀՅԴ Բիւրոյին հրաւէրով մայիս 29-ին Երեւանի մէջ գումարուեցաւ ՀՅԴ Հայաստանի եւ սփիւռքի կազմակերպութիւններու ղեկավար մարմիններու խորհրդակցական ժողովը:
Նոր իրողութիւններու լոյսին տակ ժողովը հանգամանալից քննարկման առարկայ դարձուց Հայաստանի ներքաղաքական իրավիճակը, կուսակցութեան վերջին երկամսեայ գործունէութիւնը, ինչպէս նաեւ անդրադարձ կատարեց հնարաւոր քաղաքական զարգացումներուն եւ յառաջիկայ կատարելիքներուն:
Ժողովը վերահաստատեց հայաստանակեդրոն գործունէութեան նոր թափ հաղորդելու` կուսակցութեան յանձնառութիւնը եւ իր ամբողջական զօրակցութիւնը յայտնեց ժողովրդական շարժման յաղթանակին մէջ կուսակցութեան մարմիններուն կողմէ որդեգրուած քաղաքական ուղեգծին:
Ժողովը արձանագրեց, որ հայոց պետականութեան հզօրացումն ու ամրապնդումը կը մնան համահայկական հիմնական օրակարգ եւ գերխնդիր թէ՛ հայրենաբնակ ժողովուրդին եւ թէ՛ սփիւռքահայութեան համար:
Ժողովը արժեւորեց համաժողովրդական շարժման իբրեւ արդիւնք տեղի ունեցած վերազարթօնքը` այն համոզումով, որ հայոց պետականութեան վերականգնման 100-ամեակին ընդառաջ անիկա իրապէս կ՛իմաստաւորուի, եւ կ՛ունենանք նոր սկիզբ, արդար եւ հզօր Հայաստան:
ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆ
30 մայիս 2018