Մասիս Ալեքսանտրեան

Բարդ են մարդկային յարաբերութիւնները: Աւելի բարդ են մարդկային ծանօթութիւնները, իսկ ամենէն բարդը, մարդ արարածին մէջ, ՄԱՐԴԿԱՅԻՆ ԱՐԺԷՔՆԵՐՈՒՆ ԱՐԺԵՒՈՐՈ՛ՒՄՆ Է:
Մեր կեանքի ընթացքին, մարդոց կը հանդիպինք, կը ծանօթանանք: Շատ անգամ այդ ծանօթութիւնը պարզ՝ «բարեւ», «Աստծոյ բարի» արտայայտութենէն անդին չեն անցնիր, կամ ծանօթութեան պարզ հարթակի մը վրայ կը մնան:
Քիչ անգամներ միայն, մարդկային ծանօթութիւնները կ՛անցնին գիտակցական մակարդակներու… այն ատեն պարզ ծանօթութիւնը նոր իմաստ կը ստանայ: Այն ատեն կ՛անդրադառնանք, որ այդ պարզ ծանօթութիւնը, հիմնական մարդկային, գիտակցական, արժէքներու վրայ կառուցուած է:
Մասիսի մեկնումի այս տխուր եւ անակնկալ առիթով պիտի փորձեմ վեր առնել այս ՍՔԱՆՉԵԼԻ՝ ՄԱՐԴՈ՛ՒՆ, ՀԱՅՈՒՆ, ԱՄՈՒՍՆՈ՛ՒՆ, ԸՆՏԱՆԻՔԻ ՀՕ՛Ր, ՄԵԾ ՀՕ՛Ր, ԵՂԲՕ՛Ր նուիրուածութեան ոգիին վեհութիւնը:
Յետադարձ ակնարկով երբ կը նայիմ Մասիս Ալեքսանտրեանի անցած կեանքի ճանապարհին, անոր անսահման խրոխտ ոգիին, անոր խիզախ կեցուածքին, կ՛անդրադառնամ, որ բառին իսկական առումով, ՆՈՒԻՐԱԿԱՆ անհատ մը ճանչցած եմ կեանքիս ընթացքին: Գլխագի՛ր կը գրեմ ՄԱՍԻՍ ԱԼԵՔՍԱՆՏՐԵԱՆ անունը:
Մասիս ծնած էր Իրաքի հիւսիսարեւելեան Սուլէյմանիյէ նահանգը, 1939ին:
Իր մարդկային գիտակցութեան եւ ազգային կազմուածքին հիմքը կու գար իր ընտանիքէն:
Ան անդրանիկ զաւակն էր ընկ. Նիկողոսի եւ տիկին Աստղիկի: Ընկ. Նիկողոս Ալեքսանտրեան դեղագործ էր, համաշխարհային «Ֆայզըր» դեղագործական ընկերութեան ներկայացուցիչը Իրաքի մէջ: Սուլէյմանիյէի փոքր հայկական գաղութի հայկական վարժարանի ուսուցչական պարտականութիւնը իր ուսերուն առած էր ընկ. Նիկողոս: Այնտեղ փոքրիկ Մասիսը իր այբուբենը պիտի սորվէր: Յետագային, Ալեքսանտրեանները փոխադրուեցան Պաղտատ: Ընկ. Նիկողոս Իրաքի «Գոյամարտ» թերթի արտօնագիրը եղաւ կառավարութեան մօտ: Պաղտատի Հայ Երկսեռ Երիտասարդաց Միութեան (ՀԵԵՄ) գործօն անդամ եւ ՀՅԴ Ուսանողական միութեան դաստիարակ էր:
Նիկողոս եւ Աստղիկ բախտաւորուեցան չորս զաւակներով՝ Մասիս, Վարանդ, Շանթ եւ Սեւան, որոնց դաստիարակեցին ազգային շունչով:
Մասիս այդպիսի հայկական միջավայրի մէջ մեծցաւ: Յաճախեց Պաղտատի Հայկական վարժարանը ապա ճեզուիթներու երկրորդական վարժարանը՝ Պաղտատ քոլեճ: Աւարտելէ ետք, ընդունուեցաւ Անգլիոյ Լիտս քաղաքի համալսարանը, ուրկէ ստացաւ իր Պի.Էս.Սի. վկայականը՝ առեւտրական ղեկավարման մէջ:
Անգլիա գտնուած օրերուն, ան անդամակցեցաւ տեղւոյն ՀՅԴ «Նաւասարդ» կոմիտէութեան եւ Հայ Երիտասարդական Միութեան:
Լոնտոնի մէջ, կեանքի նոր դռներ բացուեցան Մասիսի կեանքին մէջ: Այնտեղ, հանդիպեցաւ Ֆրանսայէն ժամանած, ազգային շունչով տոգորուած աղջնակի մը՝ Սոնիկին: Մասիսն ու Սոնիկը անդրադարձան, որ կեանքերը զիրենք նոր ուղեւորութեան ճանապարհ մը ճշդած է: Եւ Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ եկեղեցւոյ մէջ, հիմը դրին ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՏԱՆ:
Ուսումը աւարտելէ ետք, Մասիս եւ Սոնիկ հաստատուեցան Պէյրութ, Լիբանան: Իր ուսման բերմամբ, Մասիս աշխատանք գտաւ «Ըրնսթ Էնտ Եանկ» համաշխարհային ընկերութեան մէջ, հասնելով ղեկավարական դիրքերու:
Մասիս եւ Սոնիկ բախտաւորուեցան հինգ զաւակներով՝ Նարեկ, Սեւակ, Ռուբէն, Մարալ եւ Սանան:
Զաւակները ամուսնացան եւ Մասիսն ու Սոնիկ ականատես եղան իրենց թոռներուն:
Լիբանանի մէջ, Մասիս չէր կրնար զերծ մնալ հայկական միջավայրէն: Ան անդամակցեցաւ եւ իր ներդրումը բերաւ՝ ՀՅԴի, Համազգայինի եւ ՀՄԸՄի գործունէութիւններուն եւ Ազգային իշխանութիւններուն:
Լիբանանի մէջ, իր ազգային գործունէութեան հետ, Հայաստանն ու Արցախ ողնայարային գոյութիւն եղան Մասիսի կեանքին մէջ:
ՀՅԴի նախաձեռնութեամբ հաստատուեցաւ ԱՐԻն (Artsakh Roots Investment), կառուցելու եւ օժանդակելու Արցախի հաստատուելու եւ շինարարական գործունէութիւններուն: Մասիս նշանակուեցաւ տնօրէնը այդ հաստատութեան:
ԱՐԻ կազմակերպութիւնը կեդրոնացաւ Քաշաթաղ եւ Շահումեան շրջանները զարգացնելուն եւ ուռճացնելու աշխատանքներուն վրայ: Սփիւռքի տարածքին գործարարներու այս հաւաքական աշխատանքը հսկայական դրական բնոյթը ստացաւ: Տուներ, աւաններ կառուցուեցան, գիւղատնտեսութիւնը զարգացաւ… այլ խօսքով ՀԱՅՐԵՆԻՔի գաղափարը կայունացաւ:
ԱՐԻ կազմակերպութիւնը, Մասիսի ղեկավարութեամբ հայրենիքին օժանդակելու ՆՈՐ ձեւ որդեգրեց: Նիւթապէս ներդնողը, ինքն ալ կ՛օգտուէր իր աջակցութիւնէն: Բոլոր օժանդակողները դրամատան շահոյթ ստացան իրենց ներդրումին դիմաց: Դրամատան գաղափարը գործադրուեցաւ: Դրամատան տոկոսային շահոյթ ապահովուեցաւ ներդրողներուն համար: Օրինակելի գործնական այս գաղափարը մեծապէս նպաստեց Արցախին: Այս գաղափարը փայլուն, գործնական գաղափար է, մանաւանդ այս օրերուն: Երանի թէ հայկական կազմակերպութիւնները ի գործ դնեն զայն:
Մասիս սքանչելի գաղափարը ունեցաւ համաշխարհային գործարարական հասկացութեան՝ հաշուետու-հաշուեառ ձեւը գործի դնել Հայաստանի մէջ՝ «Ըրնսթ Էնտ Եանկ» ընկերութեան բաժանմունք մը հաստատելով Երեւանի մէջ:
Աւելին… Մասիս, համաշխարհային մակարդակի հասցնելու համար համալսարանական գործարարական ուսումը, վեց տարի Երեւանի Ամերիկեան համալսարանին մէջ դասաւանդեց այդ նիւթը:
Կ՛ըսեն դաժան է իրականութեան աչքերուն մէջ նայիլը:
Այո՛ դաժան է:
Այսօր, ցաւ ի սիրտ, հոս ենք՝ դաժան իրականութեան դէմ յանդիման կը գտնուինք…
Սիրե՛լի Մասիս, սիրե՛լի ընկեր, սիրելի գլխագիր ՀԱ՛Յ… գործդ կէս մնաց… շուտ գացիր…
Երանի թէ այս խօսքս քու ողջութեանդ ըսած ըլլայի… յոբելեանիդ առթիւ: Բայց գիտցի՛ր, գիտցի՛ր, սրտանց կը խոնարհիմ անզուգական Մասիս Ալեքսանտրեան, քու յիշատակին առջեւ:
Մասիս, գործդ պիտի շարունակուի քեզի պէս նուիրեալներու կողմէ: Ջահ մը վառեցիր, որ երբեք, երբեք պիտի չմարի:
Մասիս, դուն կ՛ապրիս: Կ՛ապրիս սիրելիիդ՝ Սոնիկին համար: Դուն միշտ օրինակելի հայր, մեծ հայր, եղբայր պիտի մնաս զաւակներուդ, թոռներուդ, եղբայրներուդ եւ հայ ազգին համար:
Ազգիդ նուիրեալ անզուգակա՛ն զաւակ, դուն ՉԵ՛Ս մահացած…
Ո՜չ, չե՛ս մահացած… Դուն ՉԵ՛Ս մահանար…
Անունիդ նման, պիտի նայիս հայրենիքիդ, ազգիդ անոնց վերելքին եւ հրահրես, որ սերունդները պահեն, պահպանեն, գուրգուրան այս մինուճար ՀՈՂԻՆ վրայ:
ՅԻՇԱՏԱԿԴ ԱՆԹԱՌԱՄ ՊԻՏԻ ՄՆԱՅ, ՄԵՐ ՍԻՐԵ՛ԼԻ, ԸՆԴՄԻ՛ՇՏ ՍԻՐԵԼԻ, ՄԱՍԻՍ:
ԴՈԿՏ. ՀՐԱՆԴ ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ
Նիւ Եորք
Դեկտեմբեր 26, 2025