Մենք պատմութիւնը կեղծիքի վրայ չենք կառուցեր. Էմանուէլ Մաքրոն

04 de febrero de 2020

Ե­ՐԵՒԱՆ, “Ե­ռա­գոյն”, “Երկիր”.- Ֆրանսա­յի նա­խա­գահ Է­մա­նուէլ Մաքրոն մասնակցե­ցաւ Ֆրանսա­յի հայկա­կան կազմա­կերպութիւննե­րու հա­մա­կարգող խորհուրդի տա­րե­կան ընթրի­քին, ո­րուն ներկայ ե­ղան նաեւ Ֆրանսա­յի նախկին նա­խա­գահ Նի­քո­լա Սարքո­զի, Փա­րի­զի քա­ղա­քա­պետ Անն Ի­տալկօ, կա­ռա­վա­րութեան անդամներ, խորհրդա­րա­նա­կաններ, Ֆրանսա­յի պե­տա­կան եւ տե­ղա­կան իշխա­նութիւննե­րու բարձրաստի­ճան ներկա­յա­ցուցիչներ եւ հո­գեւոր հայրեր: Իբրեւ պա­տուոյ հիւր, ընթրի­քին մասնակցաւ նաեւ թուրք յայտնի պատմա­բան Թա­ներ Աքչամ:

Ֆրանսա­յի նա­խա­գա­հը իր ե­լոյթին մէջ անդրա­դարձաւ Հա­յոց Ցե­ղասպա­նութեան մի­ջազգա­յին ճա­նաչման գործընթա­ցին՝ ընդգծե­լով, որ Ֆրանսա արդէն 19 տա­րիէ ի վեր լծուած է այդ գործին: Մաքրոն ուրա­խութեամբ նկա­տել տուաւ, որ արդէն իսկ ի­րա­կա­նութիւն դարձած է Ապրիլ 24ը Ֆրանսա­յի մէջ Հա­յոց Ցե­ղասպա­նութեան յի­շա­տա­կի ազգա­յին օր դարձնե­լու իր խոստումը:

“Պայքա­րը, զոր հա­յե­րը կը մղեն Ցե­ղասպա­նութեան ճա­նաչման հա­մար, պայքար է նաեւ լռութեան, մո­ռա­ցութեան դէմ: Իսկ ճշմարտութեան հարցով գո­յութիւն ունի եղբայրութիւն հայ եւ ֆրանսա­ցի ժո­ղո­վուրդնե­րուն մի­ջեւ”, ը­սաւ ան:
“Մենք պատմութիւնը կեղծի­քի, վե­րաքննութեան կամ ժխտո­ղա­կա­նութեան քա­ղա­քա­կա­նութեան վրայ չենք կա­ռուցեր”, նշեց ան՝ դա­տա­պարտե­լով ռազմա­վա­րութիւնը, որ ուղղուած է Մի­ջին Ա­րեւելքի մէջ նոր ծաւա­լա­պաշտութեան, յանցա­գործութիւննե­րու ժխտման եւ անցեա­լին ունե­ցած ուժը դարձեալ ձեռք բե­րե­լու ձգտումին”:
Ընթրի­քին ընթացքին Ֆրանսա­յի նա­խա­գա­հը ողջունեց թուրք պատմա­բան Թա­ներ Աքչա­մը Հա­յոց Ցե­ղասպա­նութեան ժխտումը դա­տա­պարտե­լուն հա­մար:

“Աքչա­մի գիրքը ակնյայտօ­րէն կազմա­կերպուած եւ կանխամտա­ծուած յանցա­գործութեան գի­տա­կան հաստա­տումն է”, Աքչա­մի “Սպա­նութեան Հրա­մաններ” գիրքին մա­սին խօ­սե­լով՝ ը­սաւ Մաքրոն, ա­պա, դառնա­լով Աքչա­մին՝ աւելցուց. “Դուք բա­ցա­յայտե­ցիք Ցե­ղասպա­նութեան ժխտումը, մինչ ո­մանք կը փա­փա­քէին Ցե­ղասպա­նութիւնը մո­ռա­ցութեան մատնել”։
Նշենք, որ Փա­րի­զի մէջ քա­նի մը օր ա­ռաջ տե­ղի ունե­ցած էր Աքչա­մի հա­տո­րին ֆրանսե­րէ­նի թարգմա­նուած հա­տո­րին շնո­րա­հանդէ­սը։