Մէկ բառով

Տեղը, վայրը ուր ամէն անգամ կ՛ուզես վերադառնալ, զգալ ընտանիքի ջերմութիւնը, ապահով անկիւն մը ունենալ երկար ճանապարհէն ետք՝ հանգիստ առնելու։
Այդ քաղաքները, դաշտերը, անտառները, լեռները, ուր մարմնով, մտքով եւ հոգով, կը մեծնանք ու մեր սերունդները պիտի բազմանան: Հողը, ուր ինքնութեան արմատները կ’աճին, կեանքը կը վայելենք եղբայրներով, քոյրերով, ընկերներ եւ ընկերուհիններով: Այն վայրը ուր մեր մտածումները կը բնակին եւ ուր կը փափաքինք, որ անոնք իրականութիւն դառնան։
Այն աշխարհի կտորը, մասը, ուր մեր ժողովուրդը սկսաւ հասկցուիլ որպէս ազգ, եւ զարգացաւ, եւ կռուեցաւ, եւ ապրեցաւ ու պիտի շարունակէ ապրիլ արժանապատուութեամբ:
Հոն, ժամանակը կ’անցնի եւ կեանքը կը մնայ, տառապանքն ու պայքարը կու գան ու կ’երթան, յոյսը եւ երազանքը կը վերայառնեն մոխիրներէն, կը վերականգնին ու կը վերստանձնեն իրենց բուժիչ դերակատարութիւնը: Հողը, ուր անցեալը, ներկան ու ապագան իրարու կը հանդիպին:
Այն սարերը, լիճերը, այն ջուրը, օդը, հովը, որոնք մեզ կ’ողջունեն գէշ զգացումներէն հեռացնելով, վէրքերը բուժելով, հոն ուր մեր սիրած երգերն ու պարերը կը վայլելենք ու բառաբանենք:
Այն աշխարհին մէջ մեր լեզուով կը մտածենք, կը խօսինք, կը գործենք ու կը հասկցուինք: Տեղը որ կը կոչե՛նք «գերդաստան», «տուն» կամ «օճախ»:
Այս բոլորը կ’ամփոփուին մէկ բառով՝ «հայրենիք»:
Կուկունեան