Նա­խա­գահ Սարգսեան. “2020-ին մեր յոյսե­րը պէտք է շա­րունա­կեն դառնալ գործնա­կան քայլեր եւ արդիւնքներ”

07 de enero de 2020

Հա­յաստա­նի նա­խա­գահ Արմէն Սարգսեան Նոր տա­րուան ա­ռի­թով շնորհաւո­րա­կան ուղերձ յղեց հա­մայն հա­յութեան` շեշտե­լով, որ փա­կուող 2019 թուա­կա­նը ազգա­յին եւ պե­տա­կան նպա­տակնե­րը նո­րո­վի ուրուագծե­լու տա­րի էր: “Մենք միա­սին անցանք մեր պե­տա­կա­նութեան ամրապնդման եւս մէկ փուլ”, շեշտեց ան: Ըստ նա­խա­գա­հին, իբրեւ պե­տութիւն, ժո­ղո­վուրդ եւ մեծ ընտա­նիք` մեր ա­ռաջնա­հերթ հարցե­րը եւ գե­րա­կա­յութիւննե­րը չեն փո­խուած: Սա­կայն 2020-ին մեր յոյսե­րը պէտք է վե­րա­փո­խուին եւ շա­րունա­կեն դառնալ գործնա­կան քայլեր եւ արդիւնքներ: Այս ա­ռի­թով ան մաղթեց ողջամտութիւն, կարգա­պա­հութիւն, կազմա­կերպուա­ծութիւն, ա­ռողջ դա­տո­ղութիւն, պա­տասխա­նա­տուութիւն եւ հանդուրժո­ղա­կա­նութիւն: “Ա­մէն Աստծոյ օր մենք կը մտա­ծենք մեր մեծ ու փոքր ընտա­նիքնե­րուն մա­սին` մեր տան ու մեր հայրե­նի­քին մա­սին: Հայրե­նի­քը կը սկսի ընտա­նի­քէն: Իսկ ընտա­նի­քէն կը սկսի մեր միասնա­կան հայրե­նի­քի` Հա­յաստա­նի ու Արցա­խի անկա­խութեան եւ անվտանգութեան պաշտպա­նութիւնը: Մեր հաւա­քա­կան կամքը Հա­յաստա­նի, Արցա­խի եւ սփիւռքի մէջ ունի դրսեւորման մէկ ճա­կատ` Հա­յաստա­նի ու Արցա­խի անվտանգութիւն եւ հզօ­րութիւն: “Հայրե­նի­քը չի կրնար տնտե­սա­պէս հզօր ըլլալ, ե­թէ այնտեղ գե­րա­կա­յո­ղը օ­րէնքը չէ: Մենք պէտք է օ­րէնքի երկիր ըլլանք ո՛չ միայն լաւ օ­րէնք ընդունե­լով, այլեւ օ­րէնքը յարգե­լով եւ կի­րարկե­լով: Սահմա­նադրութիւնը եւ օ­րէնքնե­րը պէտք է ընկա­լուին ոչ թէ իբրեւ սոսկ ի­րաւա­բա­նա­կան փաստա­թուղթ, այլ` իբրեւ մշա­կոյթ եւ կենսա­կերպ: Թող 2020 թուա­կա­նը ըլլայ նոր ձեռքբե­րումնե­րու եւ յաղթա­նակնե­րու տա­րի: Թող խա­ղա­ղութիւնը եւ յա­ջո­ղութիւնը ուղեկցին մեր երկրին, Հա­յաստա­նի Հանրա­պե­տութեան բո­լոր քա­ղա­քա­ցի­նե­րուն, մեր ժո­ղո­վուրդին Հա­յաստա­նի, Արցա­խի եւ սփիւռքի մէջ, մեր ընտա­նիքնե­րուն, մեզմէ իւրա­քանչիւրին”, եզրա­փա­կեց Հա­յաստա­նի նա­խա­գա­հը: