Նոր արտաշատի եւ նոր նուարսակի համար (Վարդանանց տօնին առիթով)
Ազդակ-ի Խմբագրական
Վարդանանց խորհուրդի որոշ ծալքերը թափանցելու փորձը մտաբերել կու տայ գիտակցական ընտրութեան աստիճանաչափ մը, որ անպայման ազգային արժանապատուութեան եւ ինքնութեան պարտադրուած փոփոխութիւնը մերժելու սկզբունքային դիրքորոշումին հետ կ՛աղերսուի: Այդ խորհուրդը կը խօսի անհպելի արժէքներու մասին, որ օրուան եկեղեցական-ռազմական ղեկավարութիւնը որոշեց պաշտպանել ամէն գնով: Անարդարութեան մերժում, ճշմարտութեան բարձրաձայնում եւ այդ կեցուածքներու հիման վրայ կայացած գաղափարի յաղթանակ:

Ազատ ապրելու, պարտադրուած կրօնափոխութիւնը մերժելու, քրիստոնէական արժէքներուն, եկեղեցւոյ եւ հաւատքին կառչած մնալը կապ չունէր պատերազմի արդիւնքին հետ: Ճակատամարտը կորսուած էր, գաղափարը` յաղթած: Որովհետեւ կրօնափոխութիւն պարտադրողը չէր յաջողած կատարել իր առաջադրանքը:
Պարզ էր, որ կրօնը միաձուլուած էր ինքնութեան հետ եւ ինքնութենէն հրաժարումի պարտադրանքը նահատակութեամբ մերժուեցաւ: Վարդանանց նախերգանքը Ատոմեանք էին, որոնք Տիզպոնի քաղաքականութեան ծալքերուն իրազեկ որոշեցին չմեկնիլ Տիզպոն եւ հրաւէրին չընդառաջելուն համար տուին հազարաւոր նահատակներ:
Ատոմեանք արդէն կը նախանշէին, որ Վարդանանք եւս ինքնութեան պահպանման համար նոյն ճակատագիրին պիտի արժանանային:
Խորհուրդը այժմէականացման կարգով կը շարունակուի մինչեւ մեր օրերը: Ղեւոնդեանք եւ Վարդանանք աշխարհիկ եւ եկեղեցական ղեկավարութեան անքակտելի միաւորումի փաստն էին, մանաւանդ ճգնաժամային պայմաններուն: Աւարայրի ռազմական պարտութիւնը պատճառ չեղաւ, որ խախտի այդ միասնականութիւնը: Այդ խորհուրդը առարկայացած էր Արտաշատի ժողովով, երբ բարձրաստիճան հոգեւորականութիւնն ու սպայակոյտը գաղափարական նոյն խրամատին մէջ որոշեցին չստորագրել խաղաղութեան անարժանապատիւ պայմանագիրը:
Արտաշատի խորհուրդին անհաղորդ մնաց մեր այսօրուան իշխանութիւնը, որ ներքին առումով արցախեան Աւարայրի օրերուն եւ անկէ ետք թէ՛ հարուածեց սպայակոյտի հեղինակութեան եւ թէ՛ թիրախ դարձուց բարձրաստիճան հոգեւորականութիւնը:
Աւարայրով օրուան թշնամիին պահանջներուն մերժումը, կրօնափոխութեան պահանջի տապալումը նախ եւ առաջ շնորհիւ ներքին միասնականութեան էր եւ օրուան ղեկավարութեան մէկութեան: Աւարայրի գաղափարական յաղթանակը, հակառակ ռազմական պարտութեան, կրնար կիրարկելի օրինակ դառնալ մեր օրերուն, եթէ…
Եթէ իշխանութիւնները ունենային գիտակցութիւնը եկեղեցի-պետութիւն-բանակ եռամիասնութիւնը պահպանելու: Հակառակ ռազմական պարտութեան շարունակէին չենթարկուիլ Պաքուի պահանջներուն` Ազրպէյճանի գործադրած ռազմական յանցագործութիւններու մեղադրանքներով հարուստ միջազգային դատական հայցերը չեղեալ նկատելու, ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակը լուծարելու, Սահմանադրութեան փոփոխութեան ձեռնարկելու, ռազմագերիներու հարցը չարծարծելու, Արցախի ժողովուրդին վերադարձի իրաւունքը չառաջադրելու, Արցախի հոգեւոր-մշակութային ժառանգութեան դէմ մղուող բնաջնջման քաղաքականութեան դէմ չբողոքելու:
Վարդանանց սկզբունքայնութիւնը, հակառակ պատերազմական պարտութեան, ապահովեց գաղափարի յաղթանակը եւ բռնատիրական կարգերուն պարտաւորեցուց կնքել Նուարսակի դաշնագիրը` արժանապատիւ խաղաղութեան: Հայ ժողովուրդը Աւարայրէն ետք կը պահպանէր ոչ միայն իր կրօնական ազատութիւնը, այլ նաեւ ինքնավար ապրելու իրաւունքները:
Պատերազմներու արդիւնքները չեն, որ կը ճշդեն ժողովուրդներու ճակատագիրը: Դաւանած արժէքներու անտեղիտալիութիւնն է, որ ռազմական պարտութիւն կրած ժողովուրդը կը մղէ փոխելու ռազմի կանոնները եւ պարտադրելու արժանապատիւ խաղաղութեան պայմանագիրը: Ատոմեանք-Վարդանանք-Վահանեանք օրինակով: Նուարսակի եզրայանգումով:
Նոր Նուարսակէն առաջ սակայն հրամայական է նոր Արտաշատի ժողով մը: Եւ այդ բոլորին համար ազգային պետութեան վերակերտումը: