Շու­շիի մշա­կոյ­թի եւ ե­րի­տա­սար­դու­թեան կեդ­րո­նը վե­րա­նո­րո­գո­ւած է

17 de mayo de 2017

Centro juvenil ShushiՇու­շիի մշա­կոյ­թի եւ ե­րի­տա­սար­դու­թեան կեդ­րո­նը վե­րա­նո­րո­գո­ւած եւ վե­րա­կա­ռու­ցո­ւած է ար­դի չա­փա­նիշ­նե­րուն հա­մա­պա­տաս­խան:

Այս մա­սին «Ար­ցախփ­րես»ին յայտ­նած է Ար­ցա­խի քա­ղա­քա­շի­նու­թեան նա­խա­րա­րու­թեան գլխա­ւոր մաս­նա­գէտ Ա­զատ ­Համ­բար­ձու­մեան:

«­Ձայ­նակ­լա­նիչ հա­մա­կար­գով ու լու­սա­ւոր­ման տար­բեր է­ֆեկտ­նե­րով (խա­ղեր) վե­րա­փո­խո­ւած, բո­լո­րո­վին ժա­մա­նա­կա­կից տեսք ստա­ցած է բե­մա­հար­թա­կը եւ 368 տե­ղա­նոց դահ­լի­ճը: ­Հա­կահր­դե­հա­յին կա­նոն­նե­րը պահ­պա­նե­լու հա­մար «Ե­րե­ւան Հր­շէջ» ըն­կե­րու­թիւ­նը ար­տա­կարգ պա­տա­հար­նե­րէն խու­սա­փե­լու հա­մար հրա­կա­յուն նիւթ օգ­տա­գոր­ծած է շէն­քի տար­բեր հա­տո­ւած­նե­րու մէջ:

Ի­րա­կա­նա­ցո­ւած է բա­կի կուպ­րա­պա­տում եւ բա­րե­կար­գում: Այժմ կը կա­տա­րո­ւին մաք­րու­թեան ու կա­հա­ւոր­ման աշ­խա­տանք­ներ»,- ը­սած է Ա. ­Համ­բար­ձու­մեան եւ նշած, որ մշա­կոյ­թի եւ ե­րի­տա­սար­դա­կան կեդ­րո­նի շի­նա­րա­րու­թիւ­նը կ­՛ի­րա­կա­նաց­նէ «­Խա­չեն» ՓԲ ըն­կե­րու­թիւ­նը «­Հա­յաս­տան» ­Հա­մա­հայ­կա­կան ­Հիմ­նադ­րա­մի եւ Ար­ցա­խի պե­տա­կան պիւտ­ճէի հա­մատն­տե­սա­ւոր­մամբ:

Ն­շենք, որ ­Շու­շիի մշա­կոյ­թի եւ ե­րի­տա­սար­դու­թեան կեդ­րո­նին մէջ տե­ղա­կա­յո­ւած է Մկր­տիչ ­Խան­դա­մի­րեա­նի ա­նո­ւան պե­տա­կան թատ­րո­նը, եր­գի, պա­րի եւ ա­րո­ւես­տի այլ ճիւ­ղե­րու խմբակ­ներ: