Պարտադրուած պատերազմը
Ըսինք արդէն, որ Մ. Կորպաչով հակառակ իր ձեռնարկած բարեկարգութեան ճիգերուն չկրցաւ արդարութեամբ դիմագրաւել Արցախի խնդիրը, այլ՝ զայն ներկայացուց իբրեւ ընկերային չլուծուած հարց եւ խոստացաւ 400 միլիոն ռուբլի յատկացնել շրջանին:
Իր այս փորձին ձախողութենէն ետք, Կորպաչով ուզեց վարկաբեկել շարժումը՝ զայն ներկայացնելով ծայրայեղականներու գործ եւ բանտարկել տուաւ շարժումին ղեկավարները, ինչ որ աւելիով թափ տուաւ պայքարին եւ անզիջող դարձուց հայութիւնը:
Կորպաչովի միջոցառումները հիմնովին կը հակասէին իր իսկ ձեռնարկած բարեկարգութեանց ոգիին, որուն համար ալ շատ սուղ գին վճարեց ան. իշխանութենէն իր անկումը եւ Խ. Միութեան արագ փլուզումը:
Ղարաբաղեան Շարժումի ժայթքէն երկու-երեք օր ետք, 20 Փետրուար 1988ին, Արցախի Ինքնավար Մարզի խորհրդարանը որոշում առաւ Հայաստանի հետ վերամիաւորուելու մասին:
Այս որոշումին Ատրպէյճան պատասխանեց Սումկայթի, Պաքուի, Կիրովապատի եւ Մենգեչաւուրի անմեղ հայ բնակիչներու սպանութիւններով: Սարսափի այդ օրերուն, Ատրպէյճանի մէջ ապրող շուրջ 500.000 հայեր իրենց տունն ու տեղը ձգելով գաղթական դարձած՝ խուճապահար փախան Հայաստան: Ասոնց վրայ աւելցնելով ահաւոր երկրաշարժէն անտուն-անտէր մնացած մարդոց բազմութիւնը եւ երկրի մէկ մասին կիսաւեր վիճակը, կարելի է պատկերացնել այն կացութիւնը, որուն մէջ կը գտնուէր Հայաստան:
Բայց Մոսկուա աւելի մտահոգուած էր Արցախի կայացուցած որոշումով, քան թէ գաղթականութեամբ ու սպանութիւններով: Առաջինը դուռ պիտի բանար ազգային անհակակշռելի հարցերու, մինչ երկրորդ ամօթը կարելի էր ծածկել-թաղել:
Արցախը Հայաստանի հետ վերամիաւորելու որոշումը արգիլելու համար, Կորպաչովի վարչակարգը զինուորական դրութեան օրէնք հաստատեց շրջանին մէջ: Խորհրդային ներքին ապահովութեան զօրքեր՝ գործակցելով ազերիներուն հետ՝ ամէն տեսակ բռնութեանց ու սպանութիւններու դիմեցին, պայքարը խեղդելու եւ Արցախը հայաթափ ընելու համար: Աւելի քան հայկական 24 գիւղեր քանդուեցան եւ պայքարողներ գնդակահարուցան: Վրայ հասաւ Մոսկուայի մէջ յեղաշրջման փորձ մը, որ յանգեցուց Կորպաչովին պարտադրուած հրաժարման Ելցինի կողմէ՝ 25 Դեկտեմբեր 1991ին: Այդ հրաժարումով՝ Խորհրդային Միութիւնը կը կազմաքանդուէր:
Ստեղծուած նոր կացութեան մէջ եւ համոզուած, որ հայութիւնը ուժաքամ է այլեւս, Ատրպէյճան պահանջեց ռուսերէն, որ իրենց զօրքերը հեռացնեն երկրէն: Ան կարծեց, թէ ռուսական բանակէն ձեռք ձգած ու Թուրքիայէն ստացած զէնքերով՝ միանգամընդմիշտ պիտի լուծէ հարցը՝ հայութենէն պարպելով ամբողջ շրջանը: Բայց ան չարաչար սխալեցաւ իր հաշիւներուն մէջ:
Ատրպէյճան օժտուած էր ծանր ու արդիական զինատեսակներով եւ ունէր մեծաթիւ բանակ: Իսկ հայութեան կողմը՝ ինքնապաշտպանութեան համար լեռներու վրայ գոյաւորուած ֆետայական խումբեր: Արձանագրենք նաեւ, որ դէպի Արցախ առաջին զէնքերն ու դրամական օգնութիւնը սփիւռքէն հասան շնորհիւ Հ.Յ.Դաշնակցութեան:
Մինչ այդ հասունցած էր Արցախի համար անկախութիւն հռչակելու գաղափարը, քանի որ Հայաստանին վերամիանալու որոշումը ոչ միայն ընդունելութիւն չէր գտած միջազգային ընտանիքին կողմէ, այլ ընդհակառակը՝ Հայաստան կը մեղադրուէր Ատրպէյճանէն հողատարածք յափշտակելու յանցանքով: Խ. Միութենէն Ատրպէյճանի անկախացումը լաւ առիթ էր Արցախին համար, որպէսզի ինքն ալ յայտարարէ իր անկախութիւնը՝ ազգերու ինքնորոշման միջազգային իրաւունքին հիման վրայ: Առ այս,10 Դեկտեմբեր 1991ին տեղի ունեցաւ հանրաքուէ, որուն յաջորդեցին խորհրդարանական ընտրութիւններ, որով եւ փաստացի իրողութիւն դարձաւ Արցախի Հանրապետութիւնը, որ կարճ ժամանակի մէջ ստեղծեց պետական կառոյցներ եւ կազմակերպեց ուժեղ բանակ:
Ժողովրդավարական օրինաւոր միջոցներով արդարութիւնը վերականգնելու Արցախի ժողովուրդի կամքին՝ Ատրպէյճան կը պատասխանէր պատերազմական գործողութիւններով եւ անխնայ ռմբակոծութիւններով:
Մեզի պարտադրուած պատերազմի ճակատներուն վրայ, սակայն, Արցախի բանակը իր շարունակական յառաջընթացին նորանոր յաղթանակներ ապահովելով 1993ի ամրան կը պարտադրէր ազերիին, որ հրաժարի զէնքի լուծումէն եւ ընտրէ բանակցութեանց խաղաղ ճանապարհը:
Արցախի յաղթական բանակին յառաջխաղացքը կասեցնելու համար Ատրպէյճան դիմեց Մ.Ա.Կ.ին ու մեծ պետութեանց՝ խնդրելով անոնցմէ միջամտութիւն, որպէսզի զինադադար հաստատուի:
Մինչեւ այսօր ճակատները զինադադարի կարգավիճակի մէջ ըլլալով հանդերձ ու հակառակ ատոր, գրեթէ ամէնօրեայ սադրանքներով, նոյնիսկ պատերազմական ահռելի գործողութիւններով,- ինչպէս Ապրիլեան քառօրեան էր,- ազերիները կը խախտեն զինադադարը, ինչ որ կը փաստէ իրենց անզօր ջղաձգութիւնը: Արցախն է, որ միակողմանի կը յարգէ զինադադարի իր ստորագրութիւնը, ինչ որ սակայն,- եւ դժբախտաբար,- չի գնահատուիր զինադադարը հովանաւորողներէն եւ բանակցութիւնը վարող միջնորդ կողմերէն:
Հայկական հողերու ազատագրութեան դատը միշտ եղած է համայն հայութեան քաղաքական ու անզիջելի գերագոյն նպատակը: Ահա թէ ինչո՛ւ համայնավար վարչակարգի խստագոյն պայմաններու տակ իսկ հայ ժողովուրդը երբեք չդադրեցաւ Ղարաբաղեան հարցը արծարծելէ եւ պահանջելէ, որ Ստալինի ապօրէն կարգադրութիւնը սրբագրուի:
Ղարաբաղեան Շարժումը սկզբնական օրերուն հաւատաց Կորպաչովի վերակառուցման լոզունգին եւ ուզեց ժողովրդավար ու օրինական կարգով սրբագրել ստալինեան ապօրինութիւնը:
Սակայն յաջորդող դէպքերը անդրադարձնել տուին, որ պէտք է ապաւինիլ սեփական ուժերուն: Կազմակեպուեցաւ, ստեղծեց պետութիւն ու բանակ եւ իրեն պարտադրուած պատերազմին մէջ արձանագրեց յառաջխաղացք ու յաղթանակ: Իսկ քաղաքական ու դիւանագիտական ճակատի վրայ յաջողեցաւ ունենալ ինքնուրոյն վարքագիծ եւ գէթ մինչեւ հիմա թոյլ չտուաւ, որ Ղարաբաղի խնդիրը խաղաքարտ դառնայ ուրիշ հաշիւներու կամ շահերու:
Ղարաբաղի հարցը քանի մը առիթներով օրակարգի հարց դարձաւ Մ.Ա.Կ.ի մէջ, որ իր կարգին անոր կարգաւորումն ու լուծումը վստահեցաւ «Եւրոպայի Ապահովութեան ու Համագործակցութեան Կազմակերպութեան» (Ե.Ա.Հ.Կ.): Մինչեւ հիմա բանակցութիւնները կը կատարուին անոր միջնորդութեամբ: Հայ քաղաքական ղեկավարութիւնը ցարդ աչալուրջ է, որ պարտադրուած պատերազմի ճակատներուն վրայ շահուած փառաւոր յաղթանակը ամփառունակ չկորսուի դիւանագիտական խաղերու ու խարդաւանանքներու հետեւանքով:
Իրողապէս գոյութիւն ունի եւ ինքզինք հաստատած է Արցախի պետութիւնը, որ ստեղծուած է ժողովրդային հանրաքուէով, սակայն անիկա տակաւին ճանաչումի չէ արժանացած միջազգային հանրութեան կողմէ:
Երկու պետութիւն ունենալու գաղափարը անհարազատ է հայ քաղաքական մտքին համար: Սակայն նկատի առած ազգերու ինքնորոշման միջազգային իրաւունքը եւ սահմաններու անփոփոխելիութեան մասին միջազգային համաձայնագիրները, ուրոյն պետութիւն ունենալու տարբերակը հնարաւոր լաւագոյն միջոցը կը համարուի Արցախի դատին համար, երբ մանաւանդ ծանօթ նախընթացը կայ, որ Խ.Միութեան եւ Եուկոսլաւիոյ տարանջատումով՝ զանոնք բաղկացնող ազգային միաւորները մէկը միւսին ետեւէն անկախութիւն հռչակեցին եւ ճանաչումի արժանացան:
Արցախի շրջակայքը (յաւելուած)
Լաչինի անցքը. Գորիսէն անդին, Լաչինի անցքէն ետք Արցախն է:
Ճամբուն վրայ կը գտնուի Ծիծեռնավանքը, կառուցուած՝ 5րդ դարուն: Ուրիշներու կարգին կայ նաեւ Վարազկոմ եկեղեցին (9-11րդ դար), որ աւերակ վիճակի մէջ իսկ սքանչելի նմոյշ մըն է հայկական ճարտարապետութեան:
Արցախի հարիւրաւոր հին եկեղեցիներն ու վանքերը, ինչպէս նաեւ հազարաւոր յուշարձանները արդէն խօսուն վկաներն են շրջանի հայապատկանութեան:
Շուշի. Կառուցուած է մեծազանգուած ժայռի մը վրայ: Իր բարձր դիրքով՝ ազերիներուն զինուորական ամէնէն զօրաւոր կեդրոնն էր, ուրկէ անխնայ կը ռմբակոծուէին հայկական գիւղերն ու քաղաքները: Ներքեւը կայ «Քարինտակ» կոչուող գիւղը, որ ռմբակոծուելուն պատճառով մեծաթիւ զոհեր տուաւ պատերազմի ընթացքին:
Շուշիի հերոսական ազատագրումը ճակատագրական եղաւ պատերազմի ելքին մէջ՝ ի նպաստ հայկական կողմին:
Շուշի գրեթէ միակ քաղաքն էր, որուն բնակչութիւնը խառն էր՝ ազերիներէ ու հայերէ բաղկացած:
Նախապէս Ատրպէյճան յատուկ ծրագրով ճիգ տարած էր, որպէսզի քաղաքը բնակուի ազերիներով, անոր զինուորական անառիկ դիրքէն օգտուելու համար, երբ որ պատերազմական վիճակ ստեղծուէր…: Գլխաւոր եկեղեցին՝ Ղազանչեցւոց եկեղեցին է, կառուցուած՝ 19րդ դարու երկրորդ կէսին:
Ստեփանակերտ (Ասկերան). Արցախի մայրաքաղաքը: Յարաբերաբար նոր քաղաք մը, որու շրջապատող բարձունքին կը գտնուի յուշարձան մը՝ «Մենք մեր լեռներն ենք» խորհրդանիշ բացատրութեամբ: Աւելի ծանօթ՝ «մամիկն ու պապիկը» անունով: Ստեփանակերտէն 15 քմ. հեռաւորութեան վրայ կայ Ասկերան բերդը:
Գանձասար. Կոչուած է՝ «Գանձասար» վանքին անունով: Լերան մը գագաթին կը գտնուի. կողքին՝ «Կաչաղակաբերդ»ի աւերակները: Հոն են նաեւ «Ս. Գէորգ»ի վանքը (16րդ դար) եւ «Ս. Յովհաննու Մկրտիչ» եկեղեցին, որուն տակ, տեղացիները կը հաւատան, որ թաղուած է Յովհ. Մկրտիչի գլուխը:
Մարտունի. Քաղաքը ունի մշակութային կեդրոն, որ կը կոչուի Օpera, քանի որ Երեւանի operaի կառոյցին շատ կը նմանի: Կեդրոնին մօտ կառուցուած է արձանը Մոնթէ Մելքոնեանի, Ամերիկա ծնած հայ հերոսին, որ Արցախի պատերազմին մասնակցեցաւ իբրեւ հրամանատար եւ հոն ալ զոհուեցաւ: Շրջանին մէջ կայ 4 եկեղեցիներու համալիր մը, կառուցուած՝ 5-13րդ դարերուն: Մօտակայքը կը գտնուի 2000 տարեկան ծառ մը, որ կը կոչուի «Սխտորաշէն»:
Հադրութ. Անտառապատ լեռներով գեղեցիկ շրջան մը: Հոն կը գտնուի Կչավանքը (13րդ դար), որ սքանչելի տեսարան ունի եւ կը նկատուի Արցախի գաղտնիքները պահող: Կառուցուած է «շա՚տ, շատ գէշ ժամանակներուն, երբ մոնկոլները ամէն ինչ կը քանդէին…»:
Մարտակերտ. Ռազմական կարեւոր ու ջրառատ շրջան մը: Նշանաւոր է անառիկ դիրքով «Ջրաբերդ»ը, որու յիշատակութիւնը կայ 7րդ դարէն: Հոնկէ կ՚երեւայ «Երից Մանկաց» վանքը՝ հիանալի տեսարանով ու ճարտարապետութեամբ, կառուցուած՝ 17րդ դարու վերջաւորութեան: Ներկայիս կարելի չէ այս շրջանը այցելել, զինուորական գօտի ըլլալուն պատճառով:
Ծանօթագրութիւն.
Արցախին մաս կը կազմէ նաեւ Շահումեանի շրջանը, որ պատերազմի առաջին օրերուն վայրագ յարձակումներու ենթարկուեցաւ ազերիներու կողմէ: Անմեղ բնակչութիւնը բազմաթիւ զոհեր տալով փախուստի դիմեց ու գաղթական դարձաւ: Շահումեանը ազերիներու գրաւման տակ է ներկայիս:
Արցախը հարուստ է պատմական բազմաթիւ յուշարձաններով, եկեղեցի-մատուռներով, խաչքարերով, բերդերով, գերեզմանատուններով եւ այնպիսի արձանագրութիւններով, որոնք ամէնէն կասկածամիտ մարդն ալ կը համոզեն, թէ շրջանը անբաժանելի մասը կազմած է Հայաստանի:
Մեր վերը թուածները շատ աննշան, հազիւ թէ չնչին գաղափար մը կու տան գոյութիւն ունեցող յուշարձաններու մասին: Դարերու ընթացքին, բացի հողամշակութենէն, Արցախի մէջ զարգացած են ճարտարապետութիւնը եւ գորգագործութիւնը, որ կը շարունակուի մինչեւ այսօր:
Վերջաբան.
Ներկայիս, Հայաստանի եւ Արցախի Հանրապետութիւնները զիրար կ՚ամբողջացնեն եւ պայմանաւորուած են իրարմով՝ միեւնոյն արմատէն ծնած-աճած երկու ծառերու նման: Ապագային համար, սակայն, անխուսափելի է երկուքին միաւորումը:
Միհրան Քիւրտօղլեան