Սթրովոլոսի Քաղաքապետը զօրավիգ է Արցախի ժողովուրդի ազատ ինքնորոշման իրաւունքին
ՀՅԴ Կիպրոսի Հայ դատի յանձնախումբին եւ ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ դատի գրասենեակին նախաձեռնութեամբ Արցախ գտնուող Կիպրոսի Սթրովոլոս քաղաքը ներկայացնող պատուիրակութիւնը 26 սեպտեմբերին այցելած է ՀՅԴ Ստեփանակերտի «Նիկոլ Դուման» կեդրոն: Սթրովոլոսի քաղաքապետ Անտրէաս Փափախարալամփուս ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի անդամներուն հետ քննարկած է Արցախի եւ Կիպրոսի քաղաքական դաշտերուն վերաբերող շարք մը հարցեր:
Քաղաքապետին խնդրանքով ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի անդամները ներկայացուցած են ՀՅԴ Արցախի կառոյցի քաղաքական առաջնահերթութիւնները եւ յառաջիկայ ծրագիրները:
Անտրէաս Փափախարալամփուս խօսած է Արցախէն ստացած տպաւորութիւններուն մասին եւ նշած, թէ ծանօթ է Արցախի պատմութեան, սակայն այցելութիւնը աւելի ամրապնդած է իր գիտելիքները:
Հանդիպումին ներկայ գտնուած են նաեւ ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ դատի գրասենեակի նախագահ Գասպար Կարապետեան եւ ՀՅԴ Կիպրոսի կոմիտէի անդամ Րաֆֆի Մահտեսեան:
Կարապետեան մեր պաշտօնակից «Ապառաժ»-ի հետ զրոյցի ընթացքին նշած է, որ հիւրերը հանդիպած են Ստեփանակերտի քաղաքապետին հետ, կարծիքներ փոխանակած են կրթութեան եւ մշակոյթի բնագաւառին մէջ ապագայ համագործակցութեան վերաբերեալ: «Կիպրոսէն առաջին անգամ է, որ այդպիսի պատուիրակութիւն մը կ՛այցելէ Արցախ: Համագործակցութիւնը Արցախին կարելիութիւն պիտի տայ դէպի դուրս նոր ճամբայ ունենալ, մշակութային եւ կրթական ոլորտին մէջ փորձառութեան փոխանակում կատարել:
«Ամէնէն կարեւորը այն է, որ այցելութիւնը քաղաքական մեծ նշանակութիւն ունի, որովհետեւ քաղաքապետին ներկայութիւնը կը նշանակէ, որ ան զօրավիգ է Արցախի ժողովուրդի ազատ ինքնորոշման իրաւունքին», նշած է Գասպար Կարապետեան:
28 սեպտեմբերին, Ստեփանակերտի մէջ տեղի ունեցած է Կիպրոսի Սթրովոլոս քաղաքը ներկայացնող պատուիրակութեան մամլոյ ասուլիսը: Արցախի լրագրողներու հետ հանդիպման ընթացքին ՀՅԴ Կիպրոսի Հայ դատի յանձնախումբի եւ ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ դատի գրասենեակի նախաձեռնութեամբ Արցախ այցելած պատուիրակութեան ղեկավար, քաղաքապետ Անտրէաս Փափախարալամփուս ամփոփած է այցելութեան արդիւնքները:
Քաղաքապետը նախ շնորհակալութիւն յայտնած է ՀՅԴ Հայ դատի գրասենեակներուն եւ ՀՅԴ-ին` այցելութիւնը կազմակերպելու համար եւ նշած, որ տպաւորուած է Արցախ այցելութեամբ եւ արցախցիներու հիւրընկալութեամբ: «Մենք այստեղ ենք մեր ժողովուրդին եւ Արցախի ժողովուրդին միջեւ կապեր ստեղծելու համար: Մեր բոլոր հանդիպումները արդիւնաւէտ էին, խօսած ենք մշակոյթի, մարմնակրթութեան եւ գիտութեան ոլորտներուն մէջ համագործակցութեան մասին: Մենք կը մեկնինք լաւագոյն տպաւորութիւններով եւ կ՛ուզենք հաւաստել, որ մեր սրտերը միշտ բաց են Արցախի ժողովուրդին համար», իր խօսքին մէջ ըսած է Անտրէաս Փափախարալամփուս` հաւաստելով, որ իրենք Արցախի լաւ դեսպաններն են ո՛չ միայն Կիպրոսի մէջ, այլ նաեւ անոր սահմաններէն դուրս:
Եւրոպայի Հայ դատի գրասենեակի նախագահ Գասպար Կարապետեան իր խօսքին մէջ վստահեցուցած է, որ իրենք պիտի շարունակեն ՀՅԴ գրասենեակներուն կատարած աշխատանքը` զօրավիգ ըլլալով Արցախը մեկուսացումէն դուրս բերելուն:
«Այս դարուն պէտք չէ որեւէ ժողովուրդ մեկուսացած ըլլայ», «Ապառաժ»-ի հարցումին ի պատասխան ըսած է Անտրէաս Փափախարալամփուս:
«Մեր այցելութեան եւ հանդիպումներուն ընթացքին ստացանք տեղեկութիւններ, թէ ինչպէ՛ս կարելի է կառավարել եւ զարգացնել ձեր երկրին նման մեկուսացած երկիր մը առանց դուրսի օժանդակութեան: Մենք Կիպրոսի մէջ Թուրքիոյ հետ հարց ունինք, դուք այստեղ` Ազրպէյճանի: Այդ առումով պէտք է միասնաբար աշխատինք, որպէսզի գերիշխէ մարդու իրաւունքը եւ մեր երկու ժողովուրդներու ազատ ապրելու պահանջը», ըսած է Անտրէաս Փափախարալամփուս: