Վարչապետ Փաշինեան Լոս Անճելըսի մէջ հանդիպում ունեցաւ ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչներուն հետ

01 de octubre de 2019

Միա­ցեալ Նա­հանգներ տուած այցե­լութեան ծի­րին մէջ, Հա­յաստա­նի վարչա­պետ Նի­կոլ Փա­շի­նեան հանդի­պում ունե­ցաւ ՀՅԴ Ա­րեւմտեան Ա­մե­րի­կա­յի Կեդրո­նա­կան կո­մի­տէի ներկա­յա­ցուցիչնե­րուն հետ` ՀՅԴ Բիւրո­յի անդամ դոկտ. Վի­գէն Եա­գուպեա­նի եւ ՀՅԴ Ա­րեւմտեան Ա­մե­րի­կա­յի Կեդրո­նա­կան կո­մի­տէի ներկա­յա­ցուցիչ Աւե­տիք Իզմիրլեա­նի գլխաւո­րութեամբ:
Ողջունե­լով ՀՅԴ ներկա­յա­ցուցիչնե­րը` վարչա­պետ Նի­կոլ Փա­շի­նեան նշեց. «Ուրախ եմ ձե­զի հետ հանդի­պե­լու այս ա­ռի­թին հա­մար: Բարձր կը գնա­հա­տեմ Հայ յե­ղա­փո­խա­կան դաշնակցութեան գործունէութիւնը ընդհանրա­պէս եւ նաեւ հա­յա­պահպա­նութեան գործին մէջ: Կը կարծեմ, որ այդ ա­ռումով ալ մենք նոր փուլի մը հա­սած ենք, ո­րովհե­տեւ, վստա­հա­բար, հա­յա­պահպա­նութիւնը շատ կա­րեւոր գործունէութիւն է, որ մեզ հասցուցած է այսօ­րուան փուլին: Այսօր մենք կը խօ­սինք ռազմա­վա­րա­կան, հե­ռանկա­րա­յին խնդիրնե­րու մա­սին, բայց կը կարծեմ, որ հա­յա­պահպա­նութիւն ը­սե­լով պէտք է նկա­տի ունե­նալ ո՛չ միայն պահպա­նում, այլեւ պէտք է զարգացման մա­սին մտա­ծենք:
«ՀՅԴ-ն Հա­յաստա­նի ներքա­ղա­քա­կան կեանքին մէջ բաւա­կան աշխուժ դե­րա­կա­տա­րութիւն ունե­ցած է եւ ունի: Այդ դե­րա­կա­տա­րութեան ընթացքին միշտ չէ, որ ես հա­մա­ձայն ե­ղած եմ Դաշնակցութեան հետ, բայց մեր հա­մազգա­յին նպա­տակնե­րու ծի­րին մէջ ա­տի­կա ոչ մէկ բան կը փո­խէ, ո­րովհե­տեւ այն հարցե­րը, ո­րոնց վե­րա­բե­րեալ մենք այդքան ալ հա­մա­ձայն չենք, այնքան ալ էա­կան չեն, ե­թէ կան բազմա­թիւ ռազմա­վա­րա­կան բնոյթի հարցեր, ո­րոնց շուրջ մենք հա­մա­ձայն ենք: Ուստի շատ ուրախ եմ այսօ­րուան հանդի­պումին հա­մար: Ես այս ընթացքին ալ ո­րո­շա­կի կա­պեր ունե­ցած եմ եւ միշտ ալ պատրաստա­կա­մութիւն յայտնած եմ, որ այս կա­պե­րը շա­րունա­կուին եւ նոր ի­մաստ ստա­նան»:
ՀՅԴ Բիւրո­յի անդամ Վի­գէն Եա­գուպեան հանդի­պումի մասնա­կիցնե­րուն ա­նունով ողջունեց վարչա­պե­տին Միա­ցեալ Նա­հանգներ այցե­լութիւնը` ը­սե­լով. «Մե­զի հա­մար մեծ հպարտութիւն է ձեզ հոս դի­մաւո­րե­լը: Դաշնակցութեան, ինչպէս նաեւ Ա­մե­րի­կա­յի Ա­րեւմտեան ա­փի մեր կազմա­կերպութեան ներկա­յա­ցուցիչնե­րուն ա­նունով ձե­զի բա­րի գա­լուստ կը մաղթենք: Մե­զի հա­մար իսկա­պէս նշա­նա­կութիւն ունի ձեր ներկա­յութիւնը հոս, մա­նաւանդ նկա­տի ունե­նա­լով, որ Հա­յաստա­նի մէջ տե­ղի ունե­ցած յե­ղա­փո­խութեան ընթացքին մեր ժո­ղո­վուրդը իսկա­պէս հաւա­քա­բար միա­հա­մուռ ձայն բարձրա­ցուց եւ այդ ձայնին մէջ բիւրե­ղա­ցուց այն տեսլա­կա­նը, որ մեր կազմա­կերպութեան հա­մար պայքա­րի ա­ռարկայ ե­ղած է աւե­լի քան 128 տա­րի: Այդ ի­մաստով նկա­տել կու տանք եւ կը հաստա­տենք, որ այդ շարժումը, ա­մէն բա­նէ բա­ցի, պա­հանջա­տի­րութեան, արդար կարգե­րու հաստատման, տնտե­սա­կան կա­յունութեան, ազգա­յին տեսլա­կա­նի նկատմամբ յանձնա­ռութեան յոյս արթնցուց` յոյս, որ ժո­ղո­վուրդի վե­րապրե­լուն հա­մար անյե­տաձգե­լի էր եւ կա­րեւոր: Մենք ա­տի­կա կը գնա­հա­տենք, ինչպէս նաեւ կը գնա­հա­տենք ձեր` այդ ի­րա­կա­նութեան խորհրդա­նի­շը ըլլա­լը: Մե­զի հա­մար այդ շարժումը ժո­ղո­վուրդը հաւա­քե­լու, մեր միասնա­կա­նութեան կանչը ամրագրե­լու, մեր տեսլա­կաննե­րը եւ ժո­ղո­վուրդի հա­մա­հայկա­կա­նութիւնը խարսխե­լու, արտա­յայտե­լու լաւա­գոյն արտա­ցո­լա­ցումնե­րէն էր: Մեր յոյսը եւ ակնկա­լիքն է, որ այդ հա­մախմբման տեսլա­կա­նը կը շա­րունա­կուի ա­պա­գա­յին, եւ յոյս կ՛ունե­նանք, որ հե­ռու պի­տի մնանք մեր ժո­ղո­վուրդը տա­րանջա­տող բա­ժա­նա­րար գի­ծե­րէ, սա­կայն միշտ օ­րէնքի գե­րա­կա­յութիւնը գնա­հա­տե­լով եւ միշտ Սահմա­նադրութիւնը ա­մէն բա­նէ բարձր դա­սե­լով»:
Հա­մա­հայկա­կա­նութեան օ­րա­կարգի ձեւաւորման եւ կեանքի կոչման պա­րունա­կին մէջ, վարչա­պե­տը եւ ՀՅԴ Ա­րեւմտեան Ա­մե­րի­կա­յի ներկա­յա­ցուցիչնե­րը կա­րեւոր նկա­տե­ցին Հա­յաստան-սփիւռք յա­րա­բե­րութիւննե­րու կա­ռուցայնա­ցումը:
ՀՅԴ Ա­րեւմտեան Ա­մե­րի­կա­յի Կեդրո­նա­կան կո­մի­տէի ներկա­յա­ցուցիչ Աւե­տիք Իզմիրլեան տե­ղե­կա­ցուց, որ ստեղծուած է Ա­րեւմտեան Ա­մե­րի­կա­յի Հա­մա­հայկա­կան խորհուրդ, ո­րուն մաս կը կազմեն շարք մը կազմա­կերպութիւններ, եւ աշխա­տանք կը տա­րուի կա­ռոյցին մէջ սփիւռքա­հա­յե­րու ներգրաւուա­ծութեան շրջա­նա­կը կա­րե­լի ե­ղա­ծին չափ ընդարձա­կե­լու: Ըստ ա­նոր, ա­նի­կա լաւ հարթակ է Ա­րեւմտեան Ա­մե­րի­կա բնա­կող եւ գործունէութիւն ծաւա­լող հա­յե­րու ի­րաւունքնե­րու պաշտպա­նութեան հա­մար, նաեւ` հա­մազգա­յին հարցե­րու մէջ` Հա­յաստա­նի եւ Արցա­խի անվտանգութեան ա­պա­հովման եւ զարգացման գործին մէջ ա­ռաւե­լա­գոյն ներդրում ունե­նա­լու հա­մար:
Վարչա­պետ Փա­շի­նեան եւ ՀՅԴ-ի ներկա­յա­ցուցիչնե­րը քննարկե­ցին Հա­յաստան-սփիւռք փոխյա­րա­բե­րութիւննե­րու բնոյթին եւ վե­րաի­մաստաւորման, հա­մա­հայկա­կա­նութեան օ­րա­կարգի ձեւաւորման, հա­յա­պահպա­նութեան, յե­ղա­փո­խութեան ընթացքին կի­նե­րու ներգրաւուա­ծութեան, Հա­յաստա­նի մէջ ժո­ղովրդա­վա­րութեան ամրապնդման, տնտե­սութեան զարգացման, դա­տա­կան հա­մա­կարգի բա­րե­փո­խումնե­րու, ընկե­րա­յին արդա­րութեան հաստատման, Հա­յաստա­նի զարգացման հո­լո­վոյթին մէջ սփիւռքի ամբողջա­կան եւ լիարժէք մասնակցութեան ձեւա­չա­փին վե­րա­բե­րող հարցեր: