Փաշինեան. «Եւրոպական երկիրները բաւարար տեղեկացուած չեն Ազրպէյճանի մէջ հայատեացութեան երեւոյթին մասին»
Ազրպէյճանի մէջ մեծապէս տարածուած է հայատեացութեան երեւոյթը, իսկ եւրոպական երկիրները բաւարար չափով տեղեկութիւն չունին այդ մասին: Այս մասին, ըստ «Արմէնփրես»-ի, նշեց Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան «Քորիերէ տելլա Սերա» թերթին հետ հարցազրոյցին ընթացքին:
«Օրինակ, Եւրոպայի լիկայի եզրափակիչին, որ տեղի ունեցաւ անցեալ տարի գարնան Ազրպէյճանի մայրաքաղաք Պաքուի մէջ, այն ժամանակ «Արսենալ»-ի, իսկ ներկայիս «Ռոմա» ակումբի խաղացող Հենրիխ Մխիթարեանը չկրցաւ մասնակցիլ: Ինչո՞ւ: Որովհետեւ անոր հայկական ազգանունը մեծ խնդիր է Ազրպէյճանի մէջ: Անոր ազգանունով վերնաշապիկներ հագած եւրոպացի երկրպագուները կանգնեցուած են ոստիկանութեան կողմէ: Մէկ շաբաթ առաջ Ազրպէյճանի քաղաքացի վարորդ մը ձերբակալուած է միայն այն բանի համար, որ կը լսէր հայ երաժիշտի ստեղծագործութիւն հանդիսացող երգ մը: Իսկ անցեալ տարի մենք ունեցած ենք դէպքեր, երբ Ամերիկայի, Ռուսիոյ, Թուրքիոյ քաղաքացիներ հանդիսացող անձերու արտօնութիւն չէր տրուած մուտք գործել Ազրպէյճան, քանի որ անոնց ազգանունները նման էին հայկական ազգանուններու: Ինչպէ՞ս կ՛առնչուի այս իրավիճակը Ազրպէյճանի կառավարութեան պաշտօնական քաղաքականութեան հետ», նշեց Նիկոլ Փաշինեան:
«Քորիերէ տելլա Սերա»-ի թղթակիցը յայտնեց, որ Ազրպէյճան հայերը կը մեղադրէ Լեռնային Ղարաբաղի համար ռազմական յարձակման մէջ` պնդելով, որ Հայաստանի վարչապետը յատկապէս կոշտ է: Այս դիտարկման Փաշինեան արձագանգած է վերյիշելով հայ սպայ Գուրգէն Մարգարեանի սպանութիւնը:
«Հայկական զինուած ուժերու սպայ Գուրգէն Մարգարեան քնացած ժամանակ կացինի հարուածներով սպաննուած է ազրպէյճանցի սպայ Ռամիլ Սաֆարովի կողմէ: Երկուքն ալ կը գտնուէին Պուտափեշտ` ՕԹԱՆ-ի սեմինարին մասնակցելու նպատակով: Այդ դէպքը տեղի ունեցած է 2004-ին: Հունգարիոյ մէջ ցմահ բանտարկութեան դատապարտուելէ քանի մը տարի անց` ազրպէյճանցի սպան արտայանձնուեցաւ իր երկրին: Հայրենիքի մէջ ան ընդունուեցաւ իբրեւ ազգային հերոս, անոր ներում շնորհուեցաւ նախագահ Իլհամ Ալիեւի կողմէ, ան ստացաւ պաշտօնի բարձրացում եւ ապահովուեցաւ Պաքուի մէջ բնակարանով», աւելցուց Նիկոլ Փաշինեան:
Այն դիտարկման, թէ պատմութեան եւ անոր նոյնիսկ սարսափելի հետեւանքներուն գծով Հայաստանի ու Ազրպէյճանի արժեւորումները տարբեր են` վարչապետը նշեց, որ առկայ է տագնապ եւ անիկա պէտք է լուծուի:
«Երբ ես դարձայ վարչապետ, բանաձեւ մը առաջարկեցի: Ես ըսի, որ տագնապի ցանկացած լուծում պէտք է ընդունելի ըլլայ Հայաստանի ժողովուրդին համար, Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդին համար եւ Ազրպէյճանի ժողովուրդին համար: Ես միակ հայ ղեկավարն եմ, որ նման բան յայտարարած է: Իմ երկրիս մէջ ես ծանր քննադատութիւններու արժանացայ: Շատերը ըսին` ինչո՞ւ պէտք է Հայաստանի ղեկավարը մտածէ Ազրպէյճանի ժողովուրդին մասին: Որեւէ լուծում կրնայ կայուն ըլլալ, եթէ հաշուի առնուած են տագնապին երեք կողմերը: Ես յոյս ունէի, որ նախագահ Ալիեւ հանդէս կու գայ իմ յայտարարութեանս նման յայտարարութեամբ: Մէկ տարիէն աւելի է` կը սպասեմ, բայց դեռ լուր չունիմ այդ մասին: Եթէ ատիկա տեղի ունենայ, մենք իրական յառաջընթաց կ՛ունենանք բանակցութիւններուն մէջ: Յոյսով եմ, որ եւրոպացի գործընկերներն ու Մինսքի խմբակի համանախագահները պիտի խրախուսեն Ալիեւը` ընդունելու այս բանաձեւը. Լեռնային Ղարաբաղի հարցի որեւէ լուծում պէտք է ընդունելի ըլլայ Հայաստանի, Լեռնային Ղարաբաղի եւ Ազրպէյճանի ժողովուրդներուն համար: Ես պիտի հասկնայի, եթէ Ազրպէյճանի նախագահը նախ եւ առաջ նշէր Ազրպէյճանի ժողովուրդը: Ընդունելի պիտի ըլլար», աւելցուց ան: