Խրիմեան Հայրիկ եւ իր ժամանակները

08 de noviembre de 2018

Jrimian-HairigՏարօնի առաջնորդ եւ Սուրբ Կարապետի ու Վարագայ վանքերու վանահայր Խրիմեան Հայրիկ 1867 յուլիսին վեց ձիաւոր ընկերակիցներ հետը առնելով Սուրբ Կարապետի վանքէն ճամբայ ելաւ դէպի Վան: Անոնք Մշոյ դաշտէն, Նեմրութի ստորոտներէն եւ Վանայ լիճի հարաւային ափերէն յառաջանալով քանի մը օրէն հասան Արտամետ, ուրկէ ուղղուեցան Վան եւ իջեւանեցան Յանկոյսներու թաղի Խրիմեաններու հօրենական տունը:

Յաջորդ առաւօտ Խրիմեան Հայրիկ եւ իր ընկերակիցները, եօթը ձիաւորներ` ճամբայ ելան դէպի Վարագայ վանք: Վանականները արտակարգ պատրաստութիւններ տեսած էին: Վանքին մէջ տօնական մթնոլորտ կը տիրէր: Ժառանգաւորաց վարժարանի աշակերտները, ձեռքերնին ծաղկեփունջեր բռնած, իրենց ուսուցիչներուն հետ շարուած էին վանք առաջնորդող ճամբու երկայնքին:

Ձիաւորներու խումբը երբ հասաւ աշակերտները սկսան երգել. «Քո գալուստ բարի Արծիւդ հայրենեաց»:

Ձիաւորները ձիերէն իջան: Խրիմեան Հայրիկ յուզումէն եւ ուրախութենէն կու լար: Գարեգին վարդապետ Սրուանձտեանց մօտեցաւ եւ հեկեկալով ողջագուրուեցաւ: Յետոյ մօտեցան ուսուցիչներն ու աշակերտները եւ կարգով ողջագուրուեցան. «Կեցցէ՜ Հայր Արծիւ, կեցցէ՜ Հայրիկ» աղաղակները կը թնդացնէին օդը, մինչ ամէն կողմէ ծաղիկներ կը տեղային Խրիմեան Հայրիկի գլխուն:

                Սուրբ Կարապետի վանքի աւագ տաճարի ներքնամասը եւ Յովհաննէս Մկրտիչի վկայարանը

Վանքի տաճարին զանգերը ուժգնօրէն կը ղօղանջէին: Եկեղեցական դասը, թափօր կազմած, խաչով, Աւետարանով, խունկով ու մոմով եւ շարականներ երգելով դիմաւորութեան ելած էր: Խրիմեան Հայրիկ առաջնորդուեցաւ տաճար, ուր աղօթեց, քարոզեց եւ իր ողջոյնը փոխանցեց իր միաբանակից եղբայրներուն, ուսուցիչներուն, աշակերտներուն եւ վանքի հօտաղներուն ու մշակներուն:

Խրիմեան Հայրիկ հրճուանքով տեսաւ, որ իր սկսած գործը յաջողութեամբ կը շարունակուի:

Ժառանգաւորաց վարժարանը նորանոր շրջանաւարտներ տուած էր. Մովսէս Պողանցի, Մարգար Հիւսեան Արճակեցի, Յովհաննէս Կիւսնենցի, Փանոս Աւերակցի, Տիգրան Ամիրճանեան, Մանուէլ Անանեան, Հայրապետ Ճանիկեան, Խորէն Խրիմեան, Կարապետ Նաթանեան, Սմբատ Գրիգորեան, Լեւոն Մատթէոսեան, Պետրոս Գափամաճեան եւ Նշան Շիրուանեան, որոնք գաւառական համեստ գործիչներ, ուսուցիչներ եւ քահանաներ դարձան:

«Արծուի Վասպուրական» թերթի հրատարակութիւնը կը շարունակուէր Տիգրան Գալփակճեանի խմբագրութեամբ եւ աշխատակից ունենալով Մանուէլ Արտամետցեան, Արսէն Թոխմախեան, Մարգար Սեւիկեան եւ վարժարանին աշակերտները:

Վանքի տպարանէն լոյս ընծայուած էին նաեւ Մանուէլ Արտամետցեանի եւ Տիգրան Ամիրճանեանի աշխատութիւնները:

***

Վանի հայութեան ազգային կեանքը այս ժամանակ խռովայոյզ վիճակ մը կը պարզէր:

Լիմ անապատի միաբան Պօղոս վարդապետ Մելիքեան առաջնորդական փոխանորդ կարգուած էր եւ ազդեցիկ ջոջ աղաներու նեցուկը ունենալով կ՛աշխատէր միահեծան կերպով վարել ազգային եկեղեցական գործերը, անտեսելով սահմանադրական կարգ ու կանոնները: Սկսած էր պայքար մը` ազատամիտ եւ լուսաւորեալ տարրերուն եւ Պօղոս վարդապետի կողմնակիցներուն միջեւ, որ բնորոշուած էր իբրեւ պօղոսեան-ապօղոսեան պայքար:

Խրիմեան Հայրիկ դիրքորոշուեցաւ ի նպաստ ապօղոսեաններուն եւ յայտարարեց. «Կը զարմանամ, որ ներկայ դարուս մէջ կան դեռ մարդիկ, որոնք կը սիրեն խաւար եւ մռայլ միտքերու վրայ իշխել եւ ատելով կ՛ատեն մարդկային մտքի մառախուղը փարատող ուսման եւ գիտութեան լոյսը: Գերմանացի Կէօթէն լո՜յս, աւելի՛ լո՜յս աղաղակեց մեռնելէն քանի մը րոպէ առաջ, իսկ մեր Պօղոս վարդապետը կը կանչէ` խաւա՜ր, աւելի՛ խաւա՜ր… թող ըլլայ: Ապա ուրեմն մենք այս պայքարը կը կոչեք` պայքար լուսաւորելոց` ընդդէմ խաւարելոց»:

Պօղոսեան-ապօղոսեան պայքարի կողքին, հանրային կարծիքը խռոված էր Աղթամարի կաթողիկոսութեան շուրջ ստեղծուած գայթակղութեան պատճառով: Արդարեւ Աղթամարի միաբան Խաչատուր եպիսկոպոս Շիրոյեան 25 սեպտեմբեր 1864-ին ապօրէն կերպով կաթողիկոս օծուած էր եւ երեք օր ետք, 28 սեպտեմբերին Փշավանց գիւղին մէջ սպաննել տուած էր Պետրոս Բիւլբիւլ կաթողիկոսը: Ոճիրին ծալքերը մասամբ բացայայտուած էին:

Խրիմեան Հայրիկ, քստմնելի ոճիրի ծալքերուն իրազեկ ըլլալէ ետք դիմեց պատրիարքարան եւ առաջարկեց որ Խաչատուր կաթողիկոս Պոլիս կանչուի եւ դատի քաշուի: Հայրիկի առաջարկին  վրայ պատրիարքարանին եւ կառավարութեան կողմէ Խաչատուր կաթողիկոս Պոլիս կանչուեցաւ եւ դատի քաշուեցաւ:

Խրիմեան Հայրիկ ամէնուրեք նամակներ գրեց, նշելով որ Խաչատուր կաթողիկոսի ոճրագործութիւնը հաստատուած է, աւելցնելով որ «այս եղեռնագործութիւնը ծածկել կամ պաշտպանել ամենադժուարին կէտ մըն է»:

Պոլսոյ մէջ, Ազգային ժողովի անդամներուն մեծ մասը կը պնդէին որ Խաչատուր կաթողիկոս կարգալոյծ հռչակուի եւ նոր ընտրութիւն կատարուի: Հրապարակուեցան կաթողիկոսական թեկնածուներու անուններ, որոնց շարքին` Մկրտիչ վարդապետ Խրիմեանի անունը: Սակայն Խրիմեան Հայրիկ կտրուկ կերպով մերժեց եւ պահանջեց որ իր թեկնածութիւնը մէջտեղէն վերցուի:

Մինչ Խաչատուր կաթողիկոսին դատավարութիւնը կը շարունակուէր Ազգային ժողովին առջեւ, պատրիարքարանը նոր կաթողիկոսի ընտրութիւնը չեղեալ նկատեց եւ Պօղոս վարդապետ Մելիքեանը Աղթամարի կաթողիկոսական փոխանորդ նշանակեց, մինչեւ դատավարութեան աւարտը:

***

Խրիմեան Հայրիկ 1868 սեպտեմբերին Վարագէն վերադարձաւ Մուշ:

Դիմաւորութեան եւ բարի գալուստի արարողութիւններէն ետք ազգային իշխանութիւններ պաշտօնապէս փոխանցեցին Խրիմեան Հայրիկի որ իր բացակայութեան ժամանակ Տարօնի գիւղերուն մէջ հանրագրութիւններ պատրաստուած են եւ ղրկուած պատրիարքարան: Այդ հանրագրութիւններով տարօնցիք միահամուռ ցանկութեամբ կը խնդրէին որ Մկրտիչ վարդապետ Խրիմեան եպիսկոպոս ձեռնադրուի եւ վերայ Տանն Տարօնոյ եւ Գլակայ վանուց։

Պատրիարքարանը, ընդառաջելով ժողովուրդի ցանկութեան, դիմեց Էջմիածին` Գէորգ Դ. կաթողիկոսին, խնդրելով Մկրտիչ վարդապետը եպիսկոպոս ձեռնադրել: Ամենայն հայոց հայրապետին համամտութիւնը ստանալէն ետք պատրիարքարանը հեռագիր ուղարկեց Մուշ, Խրիմեան Հայրիկին, որպէսզի Էջմիածին երթայ եպիսկոպոս ձեռնադրուելու համար:

Խրիմեան Հայրիկ, ժողովուրդին համակրանքը եւ վստահութիւնը վայելող քանի մը մելիքներ հետը առնելով մեկնեցաւ Էջմիածին:

Տարօնցի ընտանիք

Էջմիածին հասնելէն ետք Տարօնի պատգամաւորութիւնը ներկայացաւ Գէորգ Դ. կաթողիկոսին եւ ժողովրդական հանրագրութիւնները մատուցանելով խնդրեց որ կատարէ ձեռնադրութիւնը:

Նոյն օրերուն, 1868 հոկտեմբերին Սուրբ Էջմիածնի մէջ տեղի ունեցաւ Սրբալոյս Միւռոնի օրհնութիւն: Այդ առիթով բազմահազար ուխտաւորներ հաւաքուած էին:

Գէորգ Դ. կաթողիկոս 18 հոկտեմբեր 1868-ին Սուրբ Էջմիածնի մայր տաճարին մէջ մեծաշուք հանդիսաւորութեամբ եպիսկոպոսական օծում եւ կոչում շնորհեց Խրիմեան Հայրիկի եւ Երեմիա վարդապետ Տեւկանցի: Խրիմեան Հայրիկ եպիսկոպոս ձեռնադրուեցաւ ի վերայ Տանն Տարօնոյ եւ Գլակայ վանուց:

Ձեռնադրութեան արարողութենէն ետք Խրիմեան Հայրիկ Էջմիածնի միաբաններէն իւրաքանչիւրին նուիրեց «Մարգարիտ արքայութեան երկնից» գիրքէն օրինակ մը:

Ձեռնադրութեան յաջորդ առաւօտուն, 19 հոկտեմբերին Խրիմեան Հայրիկ Սուրբ Էջմիածնի մայր տաճարին մէջ մատուցեց եպիսկոպոսական անդրանիկ պատարագը: Քարոզի իբրեւ բնաբան ընտրեց մայր աթոռի, հայ եկեղեցւոյ եւ եկեղեցականութեան նշանակութիւնը: Ազգի եւ հայրենիքի սիրոյ մասին պատմական դէպքերէն ու դէմքերէն օրինակներ յիշեց եւ թելադրեց, որ նոր սերունդը իր նախնիներու անձնուիրութեան եւ ազգասիրութեան օրինակները իւրացնէ եւ ջանայ հայոց տառապեալ ազգը եւ հայրենիքը օտարներու ճանկերէն ազատել:

***

Խրիմեան Հայրիկ եւ իր ուղեկիցները 20 հոկտեմբերին Սուրբ Էջմիածինէն ճամբայ ելան դէպի Կարին:

Ցուրտերն ու սառնամանիքները սկսած էին արդէն: Ուղեւորները երբ Կարին հասան ձիւնը արդէն ծածկած էր գետինը:

Կարինէն ճամբան շարունակել այլեւս անհնար էր: Ճամբաները փակուած էին եւ հաղորդակցութիւնները` ընդհատուած:

Խրիմեան Հայրիկ Կարնոյ առաջնորդարանը իջեւանեցաւ եւ սկսաւ զբաղիլ ազգային եւ կրթական գործերով: Միաժամանակ առաջնորդարանի արխիւներուն մէջ կուտակուած հայկական հարստահարութեանց եւ տառապանքներու վերաբերեալ բողոքագիրները ուսումնասիրեց եւ տեղեկագիր մը կազմելով ուղարկեց Պոլիս` պատրիարքարան:

Բողոքագիրներու հիման վրայ Խրիմեան Հայրիկ դիմեց Էրզրումի տեղական իշխանութիւններուն եւ սանձահարել տուաւ քիւրտ քանի մը բէկեր, որոնք Խնուսի եւ Ալաշկերտի շրջաններուն մէջ հայ գիւղացիներու հողերը բռնագրաւած էին:

Գարունը հազիւ բացուած եւ ձիւնահալը սկսած, 1869 մարտին Մուշէն խումբ մը ձիաւորներ մեկնեցան Կարին եւ իրենց սիրելի առաջնորդը առնելով վերադարձան Մուշ:

Խրիմեան Հայրիկ Տարօնի մէջ ժողովրդային ջերմ ընդունելութեան արժանացաւ:

Տարօնցի գիւղացիներ

***

Պոլսոյ մէջ Ազգային սահմանադրութեան հռչակման օրերուն, 1860 մայիսին, պատրիարք ընտրուած էր Սարգիս եպիսկոպոս Ադրիանուպոլսեցի, որ պաշտօնավարեց մէկուկէս տարի եւ հրաժարեցաւ 21 հոկտեմբեր 1861-ին: Անոր յաջորդը` Ստեփանոս եպիսկոպոս Մաղաքեան պաշտօնի կոչուեցաւ իբրեւ տեղապահ, եւ ալեկոծեալ կացութեան մէջ ազգին ղեկը վարեց մինչեւ 15 հոկտեմբեր 1863: Այնուհետեւ պատրիարք ընտրուեցաւ Զմիւռնիոյ առաջնորդ Պօղոս եպիսկոպոս Թաքթաքեան:

Ազգային սահմանադրութիւնը առաջին անգամ առկախուած էր 1861 օգոստոսին: Նոր սահմանադրութիւնը, որ հռչակուած էր 1863 մարտին, բաղկացած էր 99 յօդուածներէ. տրամադրութիւնները գրեթէ նոյնն էին, բացի բնորոշ քանի մը կէտերէ:

Պօղոս պատրիարքի օրով, Ազգային սահմանադրութիւնը 1866 մարտին կրկին առկախուեցաւ: Կրօնական եւ Քաղաքական ժողովները լուծուեցան: Պատրիարքարանը ծանր պարտքերու տակ կքած էր: Ներքին տարակարծութիւնները եւ անհամաձայնութիւնները հետզհետէ խորացան: Ազգային սահմանադրութեան հակառակորդները կառավարութեան միջամտութեամբ կազմեցին ինը հոգիէ բաղկացած առժամեայ Խառն ժողով մը՝ Պօղոս պատրիարքի նախագահութեամբ:

Օրմանեան կը գրէ. «Մենք չենք վարանիր յայտարարել, որ այդ կացութիւնը սահմանադրական ձեւերէն եւ անոնցմէ յառաջ եկած գործերու ճապաղումէն, գործի խառնուողներու շատութենէն, որոշիչ եւ կտրուկ միջոցներու պակասութենէն յառաջ եկած հետեւանք էր. սակայն սովորութիւն է գլուխ գտնուողները մեղադրել եւ պատասխանատու կարծել, թէպէտ եղելութիւնները անոնց կամքէն անկախ ըլլան, եւ գործերն անոնց կամքին հակառակ կատարուին»:

Ազգային սահմանադրութեան վերաքննուած կանոնագրութիւնը 1866 նոյեմբերին ներկայացուեցաւ պետութեան:

Սահմանադրութեան վերաքննուած խմբագրութեան մէջ երեսփոխաններուն թիւը հարիւր նախատեսուած էր, իսկ վարչական զոյգ ժողովներու անդամներունը` տասներկուքական: Տեսուչ խորհուրդները ջնջուած էին: Ազգային տուրքը նախատեսուած էր անհատին երկու օրականին չափ, եւ ընտրող ու ընտրելի դառնալու համար ազգային տուրքը վճարած ըլլալը պայման նկատուած էր:

Սակայն այս նոր խմբագրութիւնը վաւերացում չստացաւ պետութեան կողմէ, եւ 1863-ի սահմանադրութիւնը մնաց ուժի մէջ:

Պոլսոյ մէջ ժողովրդական բողոքի ցոյցեր կազմակերպուեցան, պահանջելով Պօղոս պատրիարքի հրաժարականը եւ սահմանադրութեան վերահաստատումը:

Պօղոս պատրիարք հակադարձեց` ձերբակալել տալով «խռովարարներու» պարագլուխները: Ձերբակալուածները պատրիարքարան տարուեցան եւ ծեծի ու խոշտանգումներու ենթարկուեցան:

Սակայն ժողովրդային բողոքի ելոյթները հետզհետէ սաստկացան եւ Պօղոս պատրիարք ստիպուած 1869 յունուարին հրաժարական տալով հեռացաւ: Կառավարութիւնը, կիրքերը խաղաղեցնելու համար արտօնեց սահմանադրութեան գործադրութիւնը:

Ազգային սահմանադրութեան վերահաստատման պայմաններուն տակ կազմուած Ազգային ժողովը զբաղեցաւ նոր պատրիարքի ընտրութեամբ, եւ 1869-ի գարնան Վանի առաջնորդ Իգնատիոս եպիսկոպոս Գագմաճեան պատրիարք ընտրուեցաւ: Սակայն իր ընտրութենէն երեք օր ետք Իգնատիոս եպիսկոպոս վախճանեցաւ:

Ազգային ժողովը կրկին զբաղեցաւ նոր պատրիարքի ընտրութեամբ: Գլխաւոր թեկնածուներն էին Ներսէս եպիսկոպոս Վարժապետեան եւ Խորէն եպիսկոպոս Նարպէյ:

Ժողովականներու մեծամասնութեան ցանկութիւնն էր, որ նոր պատրիարքը ըլլար «մայրաքաղաքի կուսակցական մեքենայութեանց խաղերէն հեռու ապրած, ազատատենչ խառնուածքով` սահմանադրասէր խմորով մարդ մը, որ նոյն ատեն ճանչցած ըլլար գաւառի հայութիւնը»:

Օրմանեան կը գրէ. «Մայրաքաղաքին մէջ բարեկագրութեան եւ զարգացման հոգին շատոնց արթնցած էր, ժողովականութեան եւ սահմանադրականութեան ձգտումը բաւական ասպարէզ առած էր, սակայն ժողովրդական ըսուած խումբը մայրաքաղաքի միջակ դասակարգը վերին դասակարգին իրաւունքներուն մասնակից ընելէ անդին չէր անցներ, այն ալ իրաւունքին համապատասխան պարտքի եւ տուրքի գաղափարը չյարակցելով: Բայց բուն ժողովուրդը, ազգին ընդհանրութիւնը, գաւառական տարրը, անոր կացութիւնը, ցաւալի պարագաները, դարմանի եղանակները, ապագային պէտքերը, նպատակայարմար միջոցները, մայրաքաղաքացւոց միտքէն հեռու էին. գաւառի արթուն եւ ուշիմ, եռանդոտ եւ անշահասէր զաւակը պէտք էր այդ կէտերը երեւան հանելու, ծանօթացնելու եւ հետապնդելու համար»:

Ազգային ժողովին մէջ Գրիգոր Օտեան առաջադրեց Խրիմեան Հայրիկի թեկնածութիւնը: Ժողովականներուն մէջ հասունցաւ այն միտքը, որ հայ ազգի գաղափարներու եւ զգացումներու հարազատ թարգմանը հանդիսացող յարմարագոյն անձը կրնայ ըլլալ իր ժողովուրդին համար աշխատող եւ տառապող Տարօնի արիասիրտ առաջնորդը` Մկրտիչ եպիսկոպոս Խրիմեան:

 

Ասպետ Մանճիկեան

Ազդակ