ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ 100-ՐԴ ՏԱՐԵԼԻՑԻ ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀՌՉԱԿԱԳԻՐ

03 de febrero de 2015

Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած ձեռնարկները համակարգող պետական յանձնաժողովը, համախորհուրդ՝ Սփիւռքի մէջ գործող տարածաշրջանային յանձնախումբերու հետ`

– արտայայտելով հայ ժողովուրդի միասնական կամքը,
-յենուելով 1990 թուականի Օգոստոս 23-ի` Հայաստանի անկախութեան մասին հռչակագրի եւ Հայաստանի Հանրապետութեան Սահմանադրութեան վրայ,
-վկայակոչելով ՄԱԿ-ի 1948 թուականի Դեկտեմբեր 10-ի` Մարդու իրաւունքներու համընդհանուր հռչակագիրը, որուն համաձայն «մարդկային ընտանիքի բոլոր անդամներուն ներյատուկ արժանապատւութիւնը եւ հաւասար ու անօտարելի իրաւունքներու ճանաչումը հիմքն են աշխարհի ազատութեան, արդարութեան ու խաղաղութեան»,
-ղեկավարուելով ՄԱԿ-ի Գլխաւոր վեհաժողովի 1946 թուականի Դեկտեմբեր 11-ի թիւ 96(1) բանաձեւի, 1948 թուականի

Դեկտեմբեր 9-ի «Ցեղասպանութեան յանցագործութիւնը կանխարգիլելու եւ պատժելու մասին» ՄԱԿ-ի պայմանագրի, 1968 թուականի Նոյեմբեր 26-ի «Պատերազմական յանցագործութիւններու եւ մարդկութեան դէմ ուղղուած յանցագործութիւններու նկատմամբ վաղեմութեան ժամկէտ չկիրառելու մասին» ՄԱԿ-ի պայմանագրի, ինչպէս նաեւ 1966 թուականի Դեկտեմբեր 16-ի «Քաղաքացիական եւ քաղաքական իրաւունքներու մասին» միջազգային դաշնագրի եւ մարդու իրաւունքներու վերաբերեալ բոլոր այլ միջազգային փաստաթուղթերու համապատասխան սկզբունքներով եւ դրոյթներով,
– նկատի առնելով, որ «Ցեղասպանութեան յանցագործութիւնը կանխարգիլելու եւ պատժելու մասին» պայմանագիրը ընդունելու ժամանակ ՄԱԿ-ը յատուկ կերպով կարեւորած է այդ յանցատեսակին դէմ պայքարելու մէջ միջազգային համագործակցութիւնը,
-շեշտելով ցեղասպանութեան յանցակազմի մէջ ներառուող արարքներու համար անպատիժ մնալու անթոյլատրելիութիւնն ու այդ յանցագործութեան վաղեմութեան ժամկէտ չունենալու հանգամանքը,
– դատապարտելով 1894-1923 թուականներուն Օսմանեան կայսրութեան եւ Թուրքիոյ տարբեր վարչակարգերու կողմէ ծրագրուած ու հայ ժողովուրդի դէմ շարունակաբար իրականացուած ցեղասպանական քայլերը, հայութեան ոչնչացման ուղղուած զանգուածային կոտորածները, էթնիկ զտումները, հայկական ժառանգու­թեան ոչնչացումը, ինչպէս նաեւ ցեղասպանութեան ժխտումը, պատասխա­նա­տւու­թենէ խուսափելու, կատարուած յանցագործութիւններն ու անոնց հետեւանքները լռութեան մատնելու կամ արդարացնելու բոլոր փորձերը` իբրեւ յանցագործութեան շարունակութիւն եւ նոր ցեղասպանութիւններ իրականացնելու քաջալերանք,
– համարելով նաեւ իբրեւ եղելութեան իրաւական գնահատանք՝ 1919-1921 թուականներուն օսմանեան ռազմական արտակարգ ատեաններուն կողմէ «իրաւական եւ մարդկային օրէնքներու դէմ» այդ ծանր ոճիրի ուղղութեամբ կայացուած դատավճիռները,
– արժեւորելով 1915 թուականին միջազգային հանրութեան կողմէ Դաշնակից պետութիւններու Մայիս 24-ի համատեղ հռչակագիրով հայ ժողովուրդի դէմ իրականացուած ծանրագոյն յանցագործութիւնը պատմութեան մէջ առաջին անգամ իբրեւ «մարդկութեան եւ քաղաքակրթութեան դէմ իրականացուած յանցագործութիւն» որակումը եւ ոճրագործ օսմանեան իշխանութիւնները պատասխանատւութեան կանչելու հանգամանքի շեշտադրումը, ինչպէս նաեւ 1920 թուականի Օգոստոս 10-ի Սեւրի հաշտութեան պայմանագրի եւ 1920 թուականի Նոյեմբեր 22-ի` ԱՄՆ-ի Նախագահ Ուուտրօ Ուիլսընի Իրաւարար վճիռի դերը եւ նշանակութիւնը Հայոց ցեղասպանութեան հետեւանքներու յաղթահարման հարցով.

1. Կ’ոգեկոչէ Հայոց ցեղասպանութեան մէկուկէս միլիոն անմեղ զոհերու յիշատակը եւ երախտագիտութեամբ կը խոնարհի կեանքի ու մարդկային արժանապատւութեան համար պայքար մղած նահատակ եւ վերապրած հերոսներուն առջեւ:

2. Կը վերահաստատէ Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի յանձնառութիւնը` շարունակելու միջազգային պայքարը ցեղասպանութիւններու կանխարգիլման, ցեղասպանութեան ենթարկուած ժողովուրդներու իրաւունքներու վերականգնման եւ պատմական արդարութեան հաստատման համար:

3. Շնորհակալութիւն կը յայտնէ այն պետութիւններուն, միջազգային, կրօնական եւ հասարակական կազմակերպութիւններուն, որոնք քաղաքական խիզախութիւն ունեցան ճանչնալու եւ դատապարտելու Հայոց ցեղասպանութիւնը` իբրեւ մարդկութեան դէմ ուղղուած սոսկալի ոճրագործութիւն, եւ որոնք այսօր ալ կը շարունակեն այդ ուղղութեամբ իրաւական քայլեր ձեռնարկել, նաեւ կանխել ժխտողականութեան վտանգաւոր դրսեւորումները:

4. Երախտագիտութիւն կը յայտնէ այն ազգերուն, կառոյցներուն եւ անհատներուն, որոնք յաճախ իրենք զիրենք վտանգելով` մարդասիրական բազմաբնոյթ օգնութիւն ցուցաբերեցին, փրկեցին լիակատար ոչնչացման վտանգի առջեւ կանգնած բազմաթիւ հայեր, ապահով եւ խաղաղ պայմաններ ստեղծեցին Ցեղասպանութենէն վերապրած հայութեան համար` մեծ թափ հաղորդելով որբախնամ գործունէութեան եւ միջազգային հայասիրական շարժումին:

5. Կը դիմէ ՄԱԿ-ի անդամ պետութիւններուն, միջազգային կազմակերպութիւններուն, բարի կամքի տէր բոլոր մարդոց` անկախաբար անոնց ազգային եւ կրօնական պատկանելութենէն, միաւորելու իրենց ջանքերը պատմական արդարութիւնը վերականգնելու եւ Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը յարգելու համար:

6. Կ’արտայայտէ Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի միասնական կամքը` Հայոց ցեղասպանութեան փաստի համաշխարհային ճանաչման հասնելու եւ Ցեղասպանութեան հետեւանքներու վերացումի հարցով, որուն համար կը մշակէ հատուցումներու համապարփակ թղթածրար` դիտելով զայն անհատական, համայնքային եւ համազգային իրաւունքներու եւ օրինական շահերու վերականգնման գործընթացի մեկնարկ:

7. Կը դատապարտէ Թուրքիոյ Հանրապետութեան կողմէ Հայաստանի Հանրապետութեան ապօրինի շրջափակումը, միջազգային հարթակներու վրայ ցուցաբերուող հակահայկական կեցուածքը եւ միջպետական յարաբերութիւններու կարգաւորման համար նախապայմաններու առաջադրումը` զանոնք գնահատելով իբրեւ Հայոց ցեղասպանութեան, Մեծ Եղեռնի մինչ օրս անպատիժ մնալու հետեւանք:

8. Կոչ կ’ուղղէ Թուրքիոյ Հանրապետութեան` ճանչնալու եւ դատապարտելու Օսմանեան կայսրութեան կողմէ իրականացուած Հայոց ցեղասպանութիւնը եւ մարդկութեան դէմ իրագործուած այդ սոսկալի ոճիրի զոհերու յիշատակը ոգեկոչելու միջոցով դէմ առ դէմ գալ սեփական պատմութեան ու յիշողութեան հետ` հրաժարելով կեղծարարութեան, անհերքելի իրողութեան ժխտումի եւ յարաբերականացումի քաղաքականութենէն:
Կը զօրակցի Թուրքիոյ քաղաքացիական հասարակութեան այն հատուածին, որուն ներկայացուցիչները այսօր արդէն համարձակութիւն կը դրսեւորեն այդ հարցով` ի հակադրութիւն իշխանութիւններու պաշտօնական դիրքորոշումին:

9. Յոյս կը յայտնէ, որ Թուրքիոյ կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը եւ դատապարտումը կարեւոր մեկնակէտ պիտի դառնան հայ եւ թուրք ժողովուրդներու պատմական հաշտեցման գործընթացին համար:

10. Հպարտութեամբ կ’արձանագրէ, որ Ցեղասպանութենէն վերապրած հայ ժողովուրդը վերջին հարիւրամեակի ընթացքին`
-դրսեւորեց անկոտրում կամք եւ ազգային ինքնագիտակցութիւն, որով նաեւ դարեր անց վերականգնեց իր ինքնիշխան պետականութիւնը,
-պահպանեց եւ զարգացուց ազգային արժէքները, հասաւ ազգային մշակոյթի, գիտութեան եւ կրթութեան վերածնունդի` ուրոյն ներդրում ունենալով համաշխարհային ժառանգութեան զարգացման գործին մէջ,
-ստեղծեց Հայկական Սփիւռքի հոգեւոր եւ աշխարհիկ կառոյցներու հզօր եւ արդիւնաւէտ ցանց, որ նպաստեց աշխարհասփիւռ հայ համայնքներու մէջ հայա-պահպանութեան, հայու` յարգանք եւ համակրանք վայելող կերպարի կերտումին, հայ ժողովուրդի արդար իրաւունքներու պաշտպանութեան,
-համազգային գործակցութեան եւ հայրենադարձութեան ընդարձակ ծրագիրով համախմբեց եւ վերստեղծեց Ցեղասպանութեան հետեւանքով վերացման վտանգի առջեւ յայտնուած ազգային ծնատիպը,
– Առաջին եւ Երկրորդ համաշխարհային պատերազմներուն իր արժանի ներդրումը բերաւ միջազգային անվտանգութեան եւ խաղաղութեան հաստատման գործին մէջ, փառաւոր յաղթանակներ տարաւ Սարդարապատի եւ Արցախեան հերոսամարտերուն:

11. Կը դիտարկէ Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցը իբրեւ կարեւոր հանգրուան պատմական արդարութեան համար մղուող պայքարը «Կը յիշեմ եւ կը պահանջեմ» կարգախօսով շարունակելու գործընթացին:

12. Կոչ կ’ուղղէ հայորդիներու գալիք սերունդներուն` հայրենասէր, գիտակից եւ ուսեալ կեցուածքով պաշտպան կանգնելու հայրենի սրբազան ժառանգութեան, աննահանջ պայքարով ծառայելու յանուն`
– առաւել հզօր Հայրենիքի` ազատ եւ ժողովրդավար Հայաստանի Հանրա-պետութեան,
– անկախ Արցախի յառաջընթացին ու հզօրացումին,
– աշխարհասփիւռ հայութեան գործունեայ համախմբումին,
– համայն հայութեան դարաւոր նուիրական նպատակներու իրականացումին:

29 Յունուար 2015թ., ք. Երեւան