Հայաստանն ու Ազրպէյճանը Կը Ճանչնան Իրարու Տարածքային Ամբողջականութիւնն ու Գերիշխանութիւնը. Այս Ամիս Սահմանի Երկայնքին Եւրոպական Միութեան Քաղաքային Առաքելութիւն

10 de octubre de 2022

Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի, Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի, Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի եւ Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշելի` 6 հոկտեմբեր 2022-ին կայացած հանդիպումէն ետք, կողմերը տարածած են հետեւեալ յայտարարութիւնը.

«Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը եւ Ազրպէյճանի Հանրապետութեան նախագահ Իլհամ Ալիեւը 6 հոկտեմբեր 2022-ին հանդիպեցան Փրակայի մէջ` Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահին եւ Եւրոպական խորհուրդի նախագահին նախաձեռնութեամբ կայացած «Եւրոպական քաղաքական համայնք»-ի առաջին հանդիպումի ծիրին մէջ:

«Հայաստանն ու Ազրպէյճանը հաստատեցին իրենց յանձնառութիւնը ՄԱԿ-ի կանոնադրութեան եւ 1991 թուականին Ալմա Աթայի հռչակագիրին նկատմամբ, որոնց միջոցով երկու կողմերն ալ կը ճանչնան իրարու տարածքային ամբողջականութիւնն ու գերիշխանութիւնը: Անոնք հաստատեցին, որ ատիկա հիմք պիտի հանդիսանայ սահմանազատման հարցերով յանձնախումբերու աշխատանքներուն համար, եւ որ այդ յանձնախումբերուն յաջորդ նիստը պիտի կայանայ Պրիւքսելի մէջ, մինչեւ հոկտեմբերի վերջ:

«Հայաստան իր համաձայնութիւնը յայտնեց` խրախուսելու Եւրոպական Միութեան քաղաքային առաքելութիւնը Ազրպէյճանի հետ սահմանի երկայնքին: Ազրպէյճան համաձայնեցաւ համագործակցիլ նշեալ առաքելութեան հետ այնքան, որքան որ առնչութիւն պիտի ունենայ: Առաքելութիւնը իր աշխատանքներուն պիտի սկսի հոկտեմբերին, առաւելագոյնը երկու ամիս ժամկէտով: Առաքելութեան նպատակը պիտի ըլլայ վստահութեան կառուցումը եւ իր զեկուցումներուն միջոցով սահմանային յանձնախումբերուն աջակցիլը»:

Մաքրոն. «Հայաստանը Պիտի Նպաստէ Սահմանին Վրայ Եւրոպական Միութեան Առաքելութեան ՏեղակայմանԱզրպէյճան Համաձայն Է»

«Այս երեկոյ Հայաստանը եւ Ազրպէյճանը կը հաստատեն իրենց յանձնառութիւնը ՄԱԿ-ի կանոնադրութեան եւ 1991 թուականի Ալմա Աթայի հռչակագիրին նկատմամբ, որով փոխադարձաբար կը ճանչնան իրարու տարածքային ամբողջականութիւնը եւ գերիշխանութիւնը», հինգշաբթի ուշ գիշերին Փրակայի մէջ կայացած քառակողմ հանդիպումներէն ետք Դիմատետրի վրայ գրած է Ֆրանսայի նախագահը:

«Հայաստանը համաձայն է նպաստելու Ազրպէյճանի հետ սահմանին վրայ Եւրոպական Միութեան քաղաքային առաքելութեան իրականացման, վերջինս ալ համաձայն է համագործակցելու», կը գրէ Էմանուէլ Մաքրոն «Յանուն Կովկասի մէջ տեւական խաղաղութեան» խորագիրին տակ:

Այդ առաքելութեան նպատակն է, ըստ Ֆրանսայի նախագահին, հաստատել վստահութիւն եւ նպաստ բերել սահմանային յանձնախումբերու աշխատանքին:

Միշել. «Քննարկուած Են Խաղաղութեան Աշխուժացման ՋանքերըՈրոնց Եւրոպական Միութիւնը Պատրաստ Է Աջակցելու»

Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշել «Թուիթըր»-ի վրայ գրառում կատարելով մեկնաբանեց Չեխիոյ մայրաքաղաքին մէջ Փաշինեանի, Մաքրոնի եւ Ալիեւի հետ քառակողմ հանդիպումը:

«Քննարկուած են լարուածութեան կայուն մեղմացման եւ խաղաղութեան աշխուժացման ջանքերը, որոնց Եւրոպական Միութիւնը պատրաստ է աջակցելու», գրեց Միշել: