Ազրպէյճանի տարածքով հացահատիկ պիտի ուղարկուի Հայաստան

18 de mayo de 2026

Ազրպէյճանի տարածքով Ռուսիայէն Հայաստան պիտի ուղարկուի հացահատիկով բեռնաւորուած եւս 14 վակոն, կը հաղորդէ ազրպէյճանական ԱՓԱ լրատու գործակալութիւնը:

Ըստ աղբիւրին, Հայաստան ուղարկուող բեռին ծանրութիւնը կը կազմէ 977 թոն, եւ մինչեւ հիմա Ազրպէյճանի տարածքով Ռուսիայէն Հայաստան տեղափոխուած է աւելի քան 26.000 թոն հացահատիկ, աւելի քան 3.800 թոն պարարտանիւթ եւ 68 թոն հնդկացորեն:

Compartir: