Հայաստանի Կառավարութիւնը հրապարակեց «Եկեղեցւոյ Ճգնաժամ»ին վերաբերող զեկոյցը, Մայր Աթոռը զայն հակասահմանադրական նկատեց

25 de septiembre de 2026

24 Սեպտեմբերին հրապարակուեցաւ Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ մէջ յառաջացած «ճգնաժամ»ին եւ լուծման ուղիներու մասին զեկոյցը, որ պատրաստուած է յանձնարարութեամբ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի, որ նախորդ տարուընէ արդէն կը փորձէ հեռացնել Առաքելական եկեղեցւոյ հովուապետը` Գարեգին Բ. Ամենայն հայոց կաթողիկոսը, անոր տարբեր տեսակի մեղադրանքներ ուղղելով։

Վարչապետի աշխատակազմին մաս կազմող Հանրային կապերու եւ տեղեկատուութեան կեդրոնի զեկոյցը կ՛առաջարկէ «ճգնաժամ»ի յաղթահարման հինգ քայլերէ բաղկացած ճամբու քարտէս՝

 – Բարենորոգման օրակարգի վերայստակեցում եւ հանրահռչակում

– Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցւոյ փաստացի պետի հեռացում (հանգստեան կոչում)

 – Կաթողիկոսական տեղապահի ընտրութիւն

 – Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցւոյ միասնական Կանոնադրութեան ընդունում

– Ամենայն Հայոց կաթողիկոսի ընտրութիւն։

«Սոյն զեկոյցը չի վիճարկում Եկեղեցու դաւանաբանական հիմքերը, Սրբազան Աւանդութիւնը եւ կանոնական կարգը: Հակառակը` այն փաստագրում է հէնց այդ հիմքերի խախտումները` ի պաշտպանութիւն Եկեղեցու ինքնութեան եւ ինքնավարութեան», կը նշուի յայտարարութեան մէջ։

Զեկոյցին մէջ տեղ գտած են 16 պատճառաբանութիւններ, որոնցմով, ըստ գործադիր իշխանութեան, կը դրսեւորուի ճգնաժամը: Անոնց կարգին են՝ կուսակրօնութեան ուխտի խախտումը եւ բարեվարքութեան խախտումներու անպատժելիութիւնը, հոգեւորականներու կամայական հետապնդումները եւ կարգալոյծ յայտարարելը, ֆինանսական անթափանցիկութիւնը եւ եկեղեցապատկան գոյքի ոչ նպատակային օգտագործումը,  ազգակցական ձեռնադրութիւնները եւ տոհմային կառավարումը,  Սուրբ Խորանի քաղաքականացումը եւ արտաքին ազդեցութիւններու տարածումը, Ազգային-եկեղեցական ժողովի 27 ամեայ խափանումը եւ միասնական Սահմանադրութեան բացակայութիւնը, Սփիւռքի թեմերուն մէջ պառակտումները։

Այս տեղեկագիրին մէջ կը ներկայացուին պնդումներ, որոնց կարգին՝ եկեղեցականներու սեռական կեանքին վերաբերեալ մանրամասնութիւններ, որոնք հիմնականին մէջ հիմնուած են կաթողիկոսէն տարբեր պատճառներով դժգոհ տարբեր եկեղեցականներու հետ կատարուած հարցազրոյցներու վրայ։ Թէեւ Առաքելական եկեղեցին իր տնօրինած կալուածներուն պատճառով Հայաստանի մեծ հարկատուներէն է, բայց եւ այնպէս տեղեկագիրին մէջ նաեւ լայն անդրադարձ կայ ելեւմտական թափանցիկութեան խնդիրներուն։

Մինչ այդ Նիւ Եորքէն այս նիւթին անդրադարձաւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան՝ յայտարարելով, թէ տեղեկագիրը կը փաստէ, որ՝ «Եկեղեցին բռնազաւթուած է Կտրիճ Ներսիսեանի եւ նրան աջակցող մի խումբ հոգեւոր եւ աշխարհիկ անձանց կողմից»:

ՄԱՅՐ ԱԹՈՌԸ ԿԸ ՀԱԿԱԶԴԷ

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը հակադարձեց այս զեկոյցին՝ յայտարարելով, որ «կառավարութեան կողմից հրապարակուած Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցու մասին այսպէս կոչուած զեկոյցն իր բովանդակութեան եւ ձեւի մէջ հակասահմանադրական է, հակականոնական եւ անօրինական»:

«Պետական միջոցների մսխմամբ` սոցցանցերում (ընկերային ցանցերու) եւ լրատուամիջոցներում հրապարակուած մեղադրանքների ու յերիւրանքների հիման վրայ շարադրուած «զեկոյցը» դրսեւորումն է քաղաքական հաշուեյարդարի, քինախնդրութեան եւ Եկեղեցու ներքին կեանքին դատապարտելի միջամտութեան», կը հաստատէ Մայր Աթոռը:

«Եկեղեցու տկարացման, եկեղեցականութեան հեղինակազրկման որդեգրուած սոյն դատապարտելի քաղաքականութիւնը երբեք չի կարող ծառայել հայրենիքի եւ աշխարհասփիւռ մեր ժողովրդի բարիքին, միասնականութեան ամրապնդմանը, առաւել եւս արտաքին անվտանգային սպառնալիքների յանդիման` առկայ փորձութիւնների դիմագրաւմանը», կը նշուի յայտարարութեան մէջ։

Վերջին մէկ տարուան ընթացքին Հայ առաքելական եկեղեցւոյ գործադիր բարձրագոյն մարմինը` Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդը, բազմիցս վարչապետին քայլերը նկատած էր ուղիղ բռնաճնշում եւ հակաօրինական միջամտութիւն եկեղեցւոյ գործերուն։

Բայց եւ այնպէս, Նիկոլ Փաշինեան չի միտիր կանգ առնել, այլ ան նպատակ ունի այս զեկոյցը դարձնել խորհրդարանական քննիչ յանձնաժողովի քննարկման առարկայ: Զեկոյցի հրապարակումէն առաջ իսկ խորհրդարանական ընդդիմութիւնը արդէն յայտարարած էր, որ այդ օրակարգով որեւէ նախաձեռնութիւն հակասահմանադրական է, եւ իրենք ապօրինի գործընթացներու մաս չեն կազմեր։

Միւս կողմէ, վարչապետ Փաշինեան, որ աւելի քան մէկ տարի է տարբեր պատճառաբանութիւններով կը փորձէ հասնիլ կաթողիկոսի հեռացման, այդ հարցը ներառած է նաեւ «Քաղաքացիական պայմանագիր»ի նախընտրական եւ իր կառավարութեան ծրագիրին մէջ:

Յիշեցնենք, որ իշխանութեան ու բարձրաստիճան եկեղեցականներու առճակատումը սրեցաւ 2025ի կէսերէն:

Անկախ Հայաստանի պատմութեան մէջ այս տարի առաջին անգամն ըլլալով դատարանի առջեւ կանգնեցաւ Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ կաթողիկոսը, նաեւ՝ շարք մը բարձրաստիճան եպիսկոպոսներ ու արքեպիսկոպոսներ:

Compartir: