Երեւանի մէջ մեկնարկը կատարուեցաւ «ՔՈՓ-17»-ին․ Ի՞նչ պիտի քննարկուի

20 de octubre de 2026

Գանձասար.- Երեւանի մէջ մեկնարկը կատարուեցաւ ՄԱԿ-ի Կենսաբազմազանութեան մասին համաձայնագրի կողմերու 17-րդ համաժողովի աշխատանքները: «ՔՈՓ-17»-ի հիմնական նիւթերէն պիտի ըլլան մինչեւ 2030 թուական կենսաբազմազանութեան կորուստին դէմ պայքարի համաշխարհային նպատակներու իրականացման ընթացքն ու գործողութիւններու արագացումը:

ՄԱԿ-ի Կենսաբանական բազմազանութեան մասին համաձայնագրի քարտուղարութեան հաղորդմամբ՝ համաժողովը կը ներառէ Կենսաբանական բազմազանութեան մասին համաձայնագրի կողմերու համաժողովի 17-րդ նիստը, ինչպէս նաեւ Կենսոլորտի ապահովութեան մասին Քարթախենայի եւ ծանօթագրական հարստութիւններու մատչելիութեան ու օգուտներու բաշխման մասին Նակոյայի արձանագրութիւններու կողմերու հանդիպումները։

Քննարկումներու հիմնական նիւթերէն են կենսաբազմազանութեան պահպանման համար համաշխարհային յառաջընթացի գնահատումը, ելեւմտական միջոցներու յաւելումը, միջազգային գործակցութեան զարգացումը, կենսոլորտի ապահովութեան ամրապնդումը եւ ծանօթագրական հարստութիւններու օգտագործումէն գոյացող օգուտներու արդար բաշխումը։ Պիտի քննարկուին նաեւ կենսաբազմազանութեան պահպանման, անոր կայուն օգտագործման եւ կենսաբազմազանութեան կորուստի պատճառներուն դէմ պայքարի վերաբերեալ որոշումներ։

Համաժողովի ընթացքին նախատեսուած է անդրադառնալ նաեւ տեղացի բնիկ ժողովուրդներու եւ տեղական համայնքներու մասնակցութեան ընդլայնման, ինչպէս նաեւ գիտութեան, ելեւմտական մարզի, առեւտրական ոլորտի, քաղաքներու եւ երիտասարդութեան ներգրաւման՝ բնութեան պահպանման գործընթացներուն մէջ։

Compartir: