Սահմանադրական Բարեփոխումներու Խորհուրդի նիստը գումարուեցաւ թէժ մթնոլորտի մէջ…

14 de noviembre de 2026

Սահմանադրական բարեփոխումներու խորհուրդի 13 Նոյեմբերի նիստը գումարուեցաւ թէժ մթնոլորտի մէջ: Խորհուրդի անդամներուն մեծամասնութիւնը դէմ արտայայտուեցաւ նոր Սահմանադրութեան նախագիծը առանց ուղղումներու ու բարելաւումներու հրապարակելուն:

Արդարադատութեան նախարար Սրբուհի Գալեան, սակայն, չընդառաջեց այդ պահանջին` վստահեցնելով, որ խորհուրդի անդամներու բոլոր անհամաձայնութիւններուն ու առաջարկներուն պիտի անդրադառնան բնագիրի հրապարակումէն ետք:

«Մենք ժամանակային առումով, ցաւօք սրտի, չենք հասցնելու քննարկել ձեր դիտարկումները, որոնց որոշ մասի հետ մասնագիտական առումով ես էլ կարող եմ համաձայնել, բայց այս քննարկումները առիթ են տալու այս փոփոխութիւններն անելուն», ըսաւ Գալեան:

Մօտ երեք ժամ տեւած նիստին ընթացքին խորհուրդի անդամները վիճեցան՝ բնագիրը պէ՞տք է նախ բարելաւել եւ յետո՞յ միայն հրապարակել, թէ՞ հակառակը: Թէեւ անոնց մեծ մասը առաջարկեց բնագիրը չհրապարակել առանց լրացուցիչ բարելաւումներու, բայց եւ այնպէս Սահմանադրական բարեփոխումներու խորհուրդի նախագահը մնաց անդրդուելի: Քաղաքացիական հասարակութենէն Դանիէլ Իոաննիսեան զգուշացուց՝ պիտի դառնան նախագիծի ընդդիմախօս, եթէ անիկա հրապարակուի ինչպէս որ է։

«Դուք ստիպում էք, որ խորհրդի անդամները հրապարակման պահից քննադատեն այն, ինչ որ հրապարակուելու է: Դուք յանգեցնում էք նրան, որ հարց առաջանայ, թէ ինչ է անում խորհուրդը: Ստացւում է, որ խորհուրդը Սահմանադրութեան նախագծի ընդդիմութիւնն է», ըսաւ Իոաննիսեան:

Խորհուրդի անդամներէն Բարձրագոյն դատական խորհուրդը ներկայացնող Կարէն Թումանեան, «Լուսաւոր Հայաստան» կուսակցութեան նախագահ Էդմոն Մարուքեան, Մարդու իրաւունքներու պաշտպանը քանի մը հարցեր բարձրացուցին, մասնաւորապէս Սահմանադրութեան երկրորդ եւ երրորդ գլուխները միաւորելու շուրջ: Մարուքեան եւ Անահիտ Մանասեան մարդու իրաւունքներուն եւ ազատութիւններուն վերաբերող գլուխները յետընթաց որակեցին: Մարդու իրաւունքներու պաշտպանը նոյնպէս զգուշացուց՝ եթէ հրապարակուի առանց փոփոխութիւններու, ինք եւս պիտի անցնի հրապարակային քննադատութեան:

Վէճին ընթացքին Գալեան պարբերաբար յիշեցուց՝ բնագիրը հրապարակելու համար յստակ ժամկէտ յայտարարուած է, իսկ յետաձգելու հարցով որոշում կայացնողը միայն ինքը չէ:

Այս հարցին շուրջ բանավէճէն ետք անցան կուսակցութիւններուն ու զանգուածային լրատումիջոցներուն վերաբերող կարգաւորումներուն: Այստեղ եւս քննարկումը թէժ դարձուց եւրոպական համարկման ջատագով Հանրապետութիւն կուսակցութեան ներկայացուցիչը` առաջարկելով արգելք սահմանել կեղծիք տարածող լրատուամիջոցներու գործունէութեան նկատմամբ, որուն կտրուկ արձագանգեցին Իոաննիսեան եւ Արթուր Սաքունց:

Գալեան ի վերջոյ պարզաբանեց, որ նման կարգաւորման անհրաժեշտութիւն չկայ, քանի որ լրատուամիջոցը կրնայ պատասխանատուութեան ենթարկուիլ Քրէական օրէնսգիրքով:

Խորհուրդը չընդունեց նաեւ Սաքունցի առաջարկները, որոնցմէ մէկով ան առաջարկեց վերցնել այն դրոյթը, որով կը ճանչցուի Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ բացառիկ դերը, իսկ միւսով` արգելել նոյն անձը երկու անգամէն աւելի ստանձնէ վարչապետի պաշտօնը:

Արդարադատութեան նախարարը նշեց` խորհրդարանական համակարգերուն մէջ նման արգելք չկայ, որուն ի պատասխան` Սաքունց յիշեցուց խորհրդարանական կառավարում ունեցող Հունգարիոյ օրինակը, ուր վարչապետին կ՛արգիլուի երկու ժամկէտէն աւելի պաշտօնավարել:

Ըստ նախարարին՝ խորհուրդը նոր Սահմանադրութեան մօտ 95 տոկոսը արդէն քննարկած է, սակայն ցարդ չէ անդրադարձած նախաբանին: 13 Նոյեմբերի նիստին եւս այդ հարցը չքննարկուեցաւ: Արդէն յայտնի է, որ նախաբանը պիտի չբովանդակէ յղում Անկախութեան հռչակագիրին, բան մը, որուն կը սպասէ Պաքուն՝ խաղաղութեան պայմանագիրը ստորագրելու համար:

Մարուքեան քննադատեց իշխանութեան այն մեկնաբանութիւնները, որոնք, ըստ իրեն, կը կրկնեն Պաքուի թէզերը. «Այդ հարցը տենց հիմնաւոր ներկայացնողները նախ արհամարհում են ՀՀ սահմանադրական դատարանի որոշումը, այսինքն, մեր ներպետական ինստիտուտին (հաստատութեանը) թերագնահատում են ընդունելով Ատրպէյճանի նախագահի կամ Ատրպէյճանի իրաւաբանների մեկնաբանութիւնները: Երկրորդը` շարունակում են Ատրպէյճանի թէզերը տարածել: Հայաստանի Սահմանադրութեան մէջ Արցախի վերաբերեալ ոչ մի բան չկայ, հիմա ի՞նչը փոխենք: Չկայ Սահմանադրութեան մէջ, կայ հռչակագրի մէջ, հռչակագիրը չենք կարող փոխել, ընդունուած փաստ է, պատմական փաստաթուղթ է»:

Տակաւին յստակ չէ՝ ե՛րբ պիտի հրապարակուի նախագիծը, անկէ ետք է, որ տեղի պիտի ունենայ խորհուրդի ընդլայնուած հանդիպումը վարչապետին հետ:

Compartir: