Երեւանի մէջ ջահերթ` «Պայքարը կը Շարունակուի» կարգախօսով

28 de abril de 2026

23 ապրիլին` Հայոց ցեղասպանութեան 111-րդ տարելիցի նախօրեակին, Երեւանի Հանրապետութեան հրապարակէն սկսաւ ՀՅԴ Հայաստանի երիտասարդական եւ «Նիկոլ Աղբալեան» ուսանողական միութիւններու նախաձեռնած աւանդական ջահերով երթը:

Ջահերով երթը այս տարի կը կրէր «Պայքարը կը շարունակուի» խորագիրը: Երթին կը մասնակցէին ՀՅԴ գործիչներ, «Հայաստան» դաշինքի անդամներ, այլ քաղաքական ուժերու ներկայացուցիչներ, հազարաւոր քաղաքացիներ: Երթը կ՛առաջնորդէր հոգեւոր դասը: Երթին մասնակցողները Հանրապետութեան հրապարակին մէջ այրեցին Թուրքիոյ դրօշակը:

Մասնակցողները բարձրացուցած էին դրօշները Հայաստանի, Արցախի եւ այն երկիրներուն, որոնք ճանչցած են Հայոց ցեղասպանութիւնը:

Երթէն առաջ, Հանրապետութեան հրապարակին վրայ խօսք առաւ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ, «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Իշխան Սաղաթէլեան` շեշտելով, որ Հայոց ցեղասպանութենէն 111 տարի անց կանգնած ենք հայկական պետութեան մայրաքաղաքին մէջ` հայութեան անժամանցելի իրաւունքները պաշտպանելու, մեր յիշողութեան տէր կանգնելու, Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը յարգելու, «այլեւս երբեք նոր ցեղասպանութիւն» ըսելու եւ հայրենազրկում թոյլ չտալու համար:

Ան դիտել տուաւ, որ 111 տարի առաջ թուրքը ուզեց բնաջնջել հայութիւնը, կ՛ուզէր մոռնանք մեր խորհրդանիշերը, չխօսինք հայերէն, չերգենք մեր երգերը, չունենանք մեր եկեղեցիներն ու դպրոցները եւ ուրանանք մեր պատմութիւնը, բայց եւ այնպէս հայութիւնը կրցաւ իր մէջ ուժ գտնել վերականգնուելու ու պետականութիւն կառուցելու:

«Հայկ Նահապետէն մինչեւ Աւարայր, Սարդարապատէն մինչեւ Արցախեան ազատամարտ` մեր պայքարի գլխաւոր նպատակը եղած է պահել մեր ինքնութիւնը` մնալ հայ: Իսկ այսօր` աւելի քան մէկ դար ետք, մեր վրայ կը յարձակին ոչ թէ եաթաղանով, այլ ուրացման պարտադրանքով:

«Նպատակը նոյնն է` ջնջել հայկական հետքը, վերացնել մեր տեսակը: Մեզի կը ստիպեն չոգեշնչուիլ Արարատով: Մեզի կը ստիպեն մոռնալ Արցախը եւ այնտեղ կատարուած ոճիրը: Մեզի կը ստիպեն հրաժարիլ մեր պետութեան ծննդեան վկայականէն` Անկախութեան հռչակագիրէն: Եւ սա կը կատարուի այն ժամանակ, երբ Արցախի մէջ կ՛ոչնչացուին մեր եկեղեցիները, երբ մեր եղբայրները կը գտնուին Պաքուի բանտերուն մէջ, երբ փաստացիօրէն կը շարունակուի ցեղասպանական քաղաքականութիւնը, եւ այս բոլորը տեղի կ՛ունենայ այս շէնքին մէջ նստած յանցագործի` Փաշինեանի մասնակցութեամբ եւ մեղսակցութեամբ:

«Մեզի միացեալ ուժերով կը սպառնան, որ հրաժարինք մեր իրաւունքներէն: Բայց մենք գիտենք պատմութեան դասը. ան, որ կը հրաժարի անցեալէն, կը կորսնցնէ իր ապագան: Ան, որ կը զիջի հայրենիքի մէկ մասը` յոյսով, որ կը փրկէ մնացեալը, թշնամիին կու տայ մեզ բնաջնջելու կարելիութիւն: Ան, որ կը լռէ սեփական սրբավայրերու աւերման մասին, լռութեամբ կը դառնայ գործիք` ինքնութեան դէմ պայքարին մէջ: Ան, որ կը փորձէ սիրաշահիլ թշնամին` ուրանալով նահատակներու արիւնը, կը կորսնցնէ դաշնակիցներու յարգանքը եւ կը մնայ մեն-մինակ ոճրագործին դէմ: Ան, որ կը հաւատայ, թէ ինքնութեան հաշուոյն կարելի է անվտանգութիւն գնել, կը ստանայ գաղթի նոր ճանապարհ», ըսաւ Սաղաթէլեան:

Ան շեշտեց, որ այս բոլորին մենք ունինք մէկ պատասխան` պիտի չհրաժարինք մեր պատմութենէն, պիտի չուրանանք մեր անցեալը, պիտի չարտօնենք, որ շարունակուի ուրացման այս քաղաքականութիւնը: «Արարատը մեզի համար վտանգ չէ, այլ ոգեշնչման աղբիւր, ազգային հզօր բանակ ունենալը պատերազմի հրաւէր չէ, այլ խաղաղութեան միակ իրական երաշխիք», ըսաւ ան:

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչը ըսաւ, որ Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչումը ոչ միայն անցեալին կը պահանջէին, այլ նաեւ այսօրուան եւ ապագային համար կենսական է, որովհետեւ երբ աշխարհը չի ճանչնար կատարուած ոճիրը, նոր ոճիրները կը դառնան օրինական: «Ցեղասպանութեան ուրացումը կանաչ լոյս է նոր ցեղասպանութեան համար: Հետեւաբար, սատարել Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման, կը նշանակէ սատարել եւ պաշտպանել մեր անվտանգութիւնը», նշեց ան:

Իր խօսքը եզրափակելով` ան անդրադարձաւ ջահերթին ու անոր պարունակած պատգամին, նշելով. «Ուրեմն ջահերով այս երթը պատասխանն է մեզի պարտադրուող ուրացման, նահանջին ու լռութեան: Մենք ասում ենք` հաշտ չենք այս իրավիճակին հետ, չենք պատրաստուիր զիջիլ մեր իրաւունքները, չենք պատրաստուիր նորէն յանձնուիլ Թուրքիոյ ու Ազրպէյճանի գթասրտութեան, որովհետեւ տեսած ենք ատոր արդիւնքները:

«Մենք կ՛ըսենք` Թուրքիան կը շարունակէ Հայաստանը պահել շրջափակման մէջ, Թուրքիան փակած է հայ-թրքական սահմանը, եւ նոյնինքն Թուրքիան ալ պէտք է բանայ սահմանը, առանց որեւէ նախապայմանի:

«Մեր անցեալը, մեր թափած արիւնը, մեր պատմութիւնը բանակցութեան եւ սակարկութեան առարկայ չեն:

«Մենք կ՛ըսենք` մենք ցեղասպանութենէն ետք ոտքի կանգնած պետութիւն ենք եւ ժողովուրդ, ուրեմն կրնանք շրջել եւ պարտաւոր ենք շրջել ամօթի ու խարանի այս էջը: Մենք Սարդարապատ յաղթած ժողովուրդ ենք, ուրեմն կրնանք յաղթահարել նաեւ այս դժուարութիւնները:

«Մենք այս պայքարը կը մղենք բոլոր հայերուն համար, անկախ քաղաքական նախասիրութիւններէն, որովհետեւ ոճրագործը ցեղասպանութիւն իրականացնելու ընթացքին կուսակցական պատկանելիութիւն կամ քաղաքական նախասիրութիւններ հաշուի չ՛առներ:

«Ուրեմն յանուն մեր նահատակներուն, յանուն մեր հերոսներուն, բայց նաեւ մեր զաւակներուն եւ ապագայ սերունդներուն`

«Մենք պէտք է ոտքի կանգնինք, միասնական ջանքերով մերժենք այս պառակտումը, ուրացումն ու դաւաճանութիւնը եւ կառուցենք անվտանգ ու մրցունակ Հայաստան, որ տէր կը կանգնի իր ինքնութեան, ինքնիշխանութեան, իր ժողովուրդի հաւաքական իրաւունքներուն եւ իր պետութեան տարածքային ամբողջականութեան:

«Ուրեմն պայքար, աննահանջ պայքար: Մեր պայքարի ջահը երբեք պիտի չհանգչի»:

Խօսքեր արտասանեցին նաեւ ՀՅԴ-ի անդամ Սեւակ Նազարեան եւ ՀՅԴ Հայաստանի երիտասարդական միութեան Կեդրոնական վարչութեան ներկայացուցիչ Ժորա Աւդալեան:

Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրին մէջ երթին մասնակիցները մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգանքի տուրք մատուցեցին Հայոց ցեղասպանութեան աւելի քան 1,5 միլիոն սուրբ նահատակներու յիշատակին:

Երթին մասնակիցները ծաղիկներ զետեղեցին անմար կրակին շուրջ: Տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան կարգ:

 

Compartir: