Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ եւրոպական քաղաքական համայնքի վեհաժողովը

05 de mayo de 2026

4 Մայիսի առաւօտեան, Երեւանի Կարէն Դեմիրճեանի անուան մարզահամերգային համալիրին մէջ սկսաւ Եւրոպական քաղաքական համայնքի 8րդ վեհաժողովը, որուն կը մասնակցին տարբեր երկիրներու բարձրաստիճան անձնաւորութիւններ։

Երեւան կը գտնուին Ֆրանսայի նախագահը, Մեծ Բրիտանիոյ, Իտալիոյ, Սպանիոյ, Պելճիքայի, Չեխիոյ, Նորվեկիոյ, Լեհաստանի վարչապետները, Եւրոպական Միութեան ղեկավարները, ՆԱԹՕի ընդհանուր քարտուղարը: Առաջին անգամ ըլլալով, այս ձեւաչափով հաւաքին իբրեւ հիւր կը մասնակցէր Գանատայի վարչապետը: Եւրոպական Միութեան առանցքային երկիրներէն միայն Գերմանիոյ վարչապետը չեկաւ Երեւան՝ աշխատանքային ծանրաբեռնուածութեան պատճառով:

Հակառակ հրաւէրին` Հայաստան չեկաւ Թուրքիոյ նախագահը: Երեւանի հետ դիւանագիտական յարաբերութիւններ չունեցող Անգարան, ըստ էութեան, խախտելով վեհաժողովի ձեւաչափը` առանց պատճառաբանութեան հաւաքին գործուղեց փոխնախագահ Ճեւտեթ Եըլմազը:

Վեհաժողովի բացման խօսքին մէջ, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ըսաւ. «Յոյս ունեմ` հնարաւորութիւն կ՛ունենամ այցելել Ատրպէյճան 2028ին, երբ Եւրոպական քաղաքական համայնքի գագաթնաժողովն այնտեղ անցկացուի։ Ան նշեց, թէ առաջին անգամ է, որ Ատրպէյճանի նախագահը կը մասնակցի  Հայաստանի մէջ տեղի ունեցող նախաձեռնութեան՝ թէկուզ տեսակապով:

«Այժմ մենք սերտօրէն աշխատում ենք Ատրպէյճանի հետ, որպէսզի ամրապնդենք եւ ինստիտուցիոնալ (համակարգային) դարձնենք մեր երկու երկրների միջեւ խաղաղութիւնը», շեշտեց ան:

Փաշինեան կարեւոր նկատեց նաեւ Թուրքիոյ փոխնախագահին մասնակցութիւնը՝ ընդգծելով, թէ Եըլմազ երկրի առաջին փոխնախագահն է, որ կ՛այցելէ Հայաստան:

Տեսակապով ժողովականներուն դիմող Ատրպէյճանի նախագահը քննադատեց Եւրոպական խորհրդարանն ու Եւրոպական յանձնաժողովը` անոնց «հայամէտ բանաձեւեր»ուն ու «սադրիչ քայլեր»ուն համար։ Ան պնդեց, որ այդ կառոյցները «կը թիրախաւորեն Ատրպէյճանը` տարածելով զրպարտութիւն եւ սուտ»:

Ատրպէյճանի նախագահին հակադարձեց ժողովին մասնակից Եւրոպական խորհրդարանի նախագահ Ռոպերթա Մեցոլան` յայտարարելով. «Պիտի չփոխենք մեր աշխատաոճը եւ պիտի շարունակենք պաշտպանել մեր որդեգրած դիրքորոշումները»:

Պատմական որակելով Երեւանի մէջ կայացող եւրոպացի առաջնորդներու հաւաքը` Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Անթոնիօ Քոշթա յայտարարեց, թէ Հայաստան-Ատրպէյճան համաձայնութիւններուն շնորհիւ բարելաւուած են Հայաստանի ու Թուրքիոյ յարաբերութիւնները: Ան նաեւ «խիզախ» որակեց Փաշինեանի քայլերը, նշելով, որ Հայաստան աւելի մօտեցած է Եւրոպային, եւ արժէ այդ մէկը տօնել։

Առաջին անգամ ըլլալով Հայաստան այցելող Ուքրանիոյ նախագահ Վլատիմիր Զելենսքին իր խօսքին մէջ ըսաւ. «Մենք պէտք է Փութինը մղենք դէպի դիւանագիտութիւն: Այս ամրան Փութինը պիտի որոշէ, թէ ի՛նչ պիտի ընէ՝ աւելի՞ պիտի ընդլայնէ պատերազմը, թէ՞ պիտի անցնի դիւանագիտութեան»: Զելենսքին կոչ ուղղեց եւրոպացի առաջնորդներուն՝ յառաջ մղելու Ռուսիոյ դէմ պատժամիջոցներու հերթական փաթեթը, որ ուղղուած պիտի ըլլայ ռուսական նաւթարդիւնաբերութեան, ռազմարդիւնաբերութեան ու դրամատուներուն դէմ:

Խօսելով Մոսկուայի մէջ 9 Մայիսին առանց ռազմական սարքաւորումներու նախատեսուած շքերթին մասին` Զելենսքի ըսաւ. «Առաջին անգամ է, որ անոնք պիտի չկարենան ռազմական սարքերով կատարել շքերթը, որովհետեւ կը վախնան, որ անօդաչու սարքերը պիտի բզզան Կարմիր հրապարակին վերեւ: Այս կը նշանակէ, որ անոնք հիմա ուժեղ չեն, այդ պատճառով մենք պէտք է շարունակենք ճնշումը` պատժամիջոցներու միջոցով»:

Յայտնենք, որ Եւրոպական քաղաքական համայնքի վեհաժողովը հիմնադրուած է Ֆրանսայի նախագահին առաջարկով՝ Ռուսիոյ Ուքրանիա ներխուժումէն ետք: Ռուսիա-Ուքրանիա ճգնաժամը նախորդ վեհաժողովի հիմանական թեմաներէն եղած է: Երեւանի մէջ Զելենսքին արդէն շարք մը երկկողմանի հանդիպումներ ունեցաւ: Նախորդ շաբաթ ան Ատրպէյճան կը գտնուէր եւ առաջարկած էր Պաքուն դիտարկել իբրեւ Ռուսիա-Ուքրանիա բանակցութիւններու հարթակ, բայց Մոսկուան մերժած էր:

ՔՆՆԱՐԿՈՒՄՆԵՐ ԵՒ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄՆԵՐ

Վեհաժողովին կայացան քննարկումներ Եւրոպայի մէջ խառնածին սպառնալիքներու, ժողովրդավարութեան դիմակայունութեան, տնտեսական ապահովութեան թեմաներով: Այս տարուան վեհաժողովի կարգախօսն է՝ «Կերտելով ապագան. միասնութիւն եւ կայունութիւն Եւրոպայի մէջ»: Փաշինեանի հետ նիստը կը նախագահէր Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Անթոնիօ Քոշթան:

Այս նախաձեռնութեան ծիրին մէջ շարք մը պաշտօնեաներ, որոնց կարգին Հայաստանի վարչապետը, երկկողմանի հանդիպումներ ունեցան:

Փաշինեան հանդիպումներ ունեցաւ ՆԱԹՕի ընդհանուր քարտուղարին, Մեծ Բրիտանիոյ վարչապետին, Թուրքիոյ փոխնախագահին, Ուքրանիոյ նախագահին հետ:

Վեհաժողովը եզրափակուեցաւ Փաշինեանի եւ Քոշթայի միացեալ յայտարարութեամբ, որ աւելի շատ արարողակարգային էր. յիշատակումներ կային խաղաղութեան, որոնց կարգին նաեւ Հարաւային Կովկասի տարածաշրջանին մէջ կայունութեան, նաեւ Ուքրանիոյ աջակցութեան վերաբերեալ:

Այդ միացեալ ասուլիսին կը մասնակցէր նաեւ Իրլանտայի ղեկավարը:

5 Մայիսին եւրոպացի բարձրաստիճան պաշտօնատարներու մասնակցութեամբ, Երեւանի մէջ պիտի կայանայ Եւրոպական Միութիւն-Հայաստան վեհաժողովը, իսկ Մաքրոն պաշտօնական այցելութեան հանգամանքով պիտի մնայ Հայաստան:

5-6 Մայիսին տեղի պիտի ունենայ նաեւ արտաքին գործոց նախարարութեան տարեկան «Երեւանեան երկխօսութիւն» դիւանագիտական ֆորումը:

Compartir: