Եւրոպական Դատարանը Պաքուէն կը պահանջէ մինչեւ 31 օգոստոս գերիներու դատավճիռները տրամադրել
Ազրպէյճան մնայուն կերպով դիմում կը ներկայացնէ Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարան` խնդրելով վերացնել միջանկեալ միջոցը, որով Ազրպէյճան պարտաւոր է պարբերաբար հաշուետուութիւն ներկայացնել Ազրպէյճանի մէջ պահուող հայ գերիներու պահման պայմաններուն, անոնց առողջական վիճակին մասին: Ազրպէյճան կը հաւաստիացնէ, որ բոլոր գործընթացները կ՛ընթանան թափանցիկ եւ հրապարակային:
Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանը 9 ապրիլ 2026-ին մերժեց Ազրպէյճանի հերթական դիմումը` Ազրպէյճանի կառավարութիւնը կրկին պարտաւորեցնելով շարունակելու տրամադրել տեղեկութիւններ կալանաւորուածներու պահման պայմաններուն, ինչպէս նաեւ անոնց վերջին բժշկական քարտերու ու իրականացուած բժշկական հետազօտութիւններուն եւ բուժման վերաբերեալ այլ փաստաթուղթերու մասին: Դատարանը կը ստիպէ նաեւ ներկայացնել հայ գերիներուն դէմ յարուցուած քրէական վարոյթի ծիրին մէջ կայացուած դատավճիռներու պատճէնները կամ այդ դատավճիռներու ամփոփագիրները, որոնք պէտք է ներառեն դատավճիռ կայացուցած դատաւորներուն հիմնաւորումները` գործին մէջ առկայ ապացոյցներուն վրայ հիմնուած:
Զեկուցումի ներկայացման յաջորդ վերջնաժամկէտը 31 օգոստոս 2026 է: