Հակառակ Ալիեւի բողոքին, Եւրոպական Խորհրդարան պատասխանեց՝ «Պիտի շարունակենք պաշտպանել մեր դիրքորոշումները»

05 de mayo de 2026

Պաքուէն տեսակապով միանալով Երեւանի մէջ կայացող Եւրոպական քաղաքական համայնքի վեհաժողովին` Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ պնդեց, որ այդ կառոյցները «կը թիրախաւորեն Ատրպէյճանը` տարածելով զրպարտութիւն եւ սուտ»:

Դիմելով եւրոպացի առաջնորդներուն՝ ան կրկին քննադատեց Եւրոպական խորհրդարանը եւ Եւրոպայի յանձնաժողովը` իրենց «հայամէտ բանաձեւեր»ուն եւ «սադրիչ քայլեր»ուն համար:

«Ղարաբաղեան երկրորդ պատերազմէն ետք՝ 2021էն մինչեւ 2026, Եւրոպական խորհրդարանը ընդունած է 14 բանաձեւեր, որոնք շատ վիրաւորական կերպով կը ստեն Ատրպէյճանի մասին: Վերջինը` այս վեհաժողովէն ընդամէնը 4 օր առաջ», յայտարարեց Ալիեւ՝ պնդելով, որ անոր փոխարէն եւրոպացի պատգամաւորները պէտք է անդրադառնան եւրոպական ընտանիքի «հիմնարար խնդիրներուն` գաղթականութիւն, իսլամաֆոպիա (իսլամութենէ վախ), մրցունակութեան բացակայութիւն»:

Ալիեւ կ՛անդրադառնար Եւրոպական խորհրդարանին կողմէ օրեր առաջ ընդունուած բանաձեւին, որով  աջակցութիւն կը յայտնուէր Հայաստանի ժողովրդավարական դիմակայունութեան: Բանաձեւին մէջ անդրադարձ կար նաեւ Արցախէն տեղահանուած հայերու իրաւունքներուն, յատկապէս Արցախի մէջ հայկական մշակութային ժառանգութեան պահպանման անհրաժեշտութեան, ինչպէս նաեւ հայերուն ապահով տունդարձին։

Ալիեւի խօսքէն ետք Եւրոպական խորհրդարանի նախագահը ելոյթի իրաւունք խնդրեց ու արձագանգեց Ալիեւի յայտարարութեան:

«Կը կարծեմ, թէ տարակարծութիւններ պարունակող հանդիպումները միշտ ալ օգտակար են, բայց կը փափաքիմ արագ արձագանգել եւ ընդգծել, որ Եւրոպական Միութեան խորհրդարանը ընտրուած ներկայացուցիչներով ժողովրդավարական մարմին է, որուն բանաձեւերը կ՛ընդունուին մեծամասնութեան ձայնով: Հասկնալի է, որ այդ արդիւնքը կրնայ հաճելի չըլլալ ոմանց, սակայն մենք երբեք չենք փոխեր մեր աշխատաոճը եւ պիտի շարունակենք պաշտպանել մեր որդեգրած դիրքորոշումները», ըսաւ Ռոպրթա Մեցոլա։

Compartir: