Հայկական Բանակը կը համալրուի քանի մը տասնեակ նոր սպաներով

08 de agosto de 2015

Nuevos oficialesԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր Մեդիա».- Օգոստոս 3ին, Հայաստանի զինուած ուժերը համալրուած են քանի մը տասնեակ նոր սպաներով, որոնք աւարտած են ռազմական կրթական ուսումնառութիւնը:

Աւարտական պաշտօնական արարողութիւնն ու սպայական ուսադիրներու յանձնումը կայացած է Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան վարչական համալիրին մէջ: Հայաստանեան եւ արտերկրի ռազմաուսումնական հաստատութիւններու շրջանաւարտներու երդման արարողութենէն ետք, աւանդոյթի համաձայն, անոնց յանձնուած են ուսադիրներ ու սպայական դաշոյններ:

Արարողութեան ներկայ  եղած է նաեւ  նախագահ Սերժ Սարգսեան:

«Մի երկրում, որի սահմաններին պարբերաբար կրակում են, դուք ընտրել էք ռազմիկի եւ սպայի մասնագիտութիւնը, դուք ձեր կեանքը կապել էք հայրենիքի պաշտպանութեան սուրբ գործին, ահա ինչու մենք հաւատում ու վտահում ենք ձեզ», ըսած է նախագահը:

Բացի Վազգէն Սարգիսեանի անուան ռազմական ինստիտուտի, մարշալ Արմենակ Խանփերեանցի անուան ռազմական օդագնացութեան ինստիտուտի ու Բժշկական համալսարանի ռազմաբժշկական ֆակուլտետի պատրաստած քատրերէն, պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան շնորհաւորած է նաեւ բարձրագոյն հրամանատարաշտաբային դասընթացքները աւարտած եւ ակադեմական կրթութիւն ստացած սպաները:

Նախարար Օհանեան նշած է, որ անոնք հայոց բանակի սպայակազմի լաւագոյն մասը պիտի կազմեն:

Հայոց բանակի նոր սպաները այցելած են Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յուշահամալիր եւ Եռաբլուր զինուորական պանթէոն: