Շուշիի Նահատակներու նզովքը ո՞վ պիտի կարենայ մարսել (9 Մայիս)

09 de mayo de 2026

Իմ Սիւնակը – Ձեր Աշխարհը.

Բեկոր, պատերազմի ընթացքին 11 անգամ վիրաւորուիլը` ճակատագիրին կողմէ դրոշմուած մետալներ կը համարէր:

Արցախեան պատերազմի օրագրութեան մէջ ոսկեայ գրիչով արձանագրուած է անկրկնելի հերոսի մը մասին, որուն քաջութեան, սխրանքին եւ հայրենասիրութեան դիմաց ոչ միայն թուրք-թաթարածին վոհմակներ ծունկի եկան, այլ հայրենի լեռներն անգամ ենթարկուեցան անոր կամքին եւ հայաբորբ կեցուածքին:

Այո՛, Աշոտ Ղուլեանի (Բեկոր) հարուածող ուժին դիմաց` թուրք-ազերին ահ ու սարսափի մատնուած փախուստ տուաւ Շուշիի բարձունքէն, իսկ հայրենի սէգ ու կանաչապատ լեռները իրենց վեհապանծ գեղեցկութեամբ գրկաբաց ընդունեցին` դէպի Շուշուայ բարձունք արշաւող հայ ազատատենչ ռազմիկները:

Յայտնապէս, Բեկոր հանդիսացաւ ընտրանի այն սերունդի ֆետայիներէն մէկը, որ շնորհիւ իր եզակի հայրենապաշտութեան ու ռազմավարի պահուածքին` կրցաւ իր շուրջ համախմբել երիտասարդ փաղանգներ, որոնք առանց վարանումի նետուեցան մարտի դաշտ, անխնայ զարկին, հերոսաբար զարնուեցան ու կերտեցին արդի Հայոց պատմութեան պանծալի էջերը:

Ու այդ փառքի էջերէն մէկը եղաւ Շուշիի ազատագրումը, որ դարերու խորերէն մեզի հասած ժառանգ էր, պապենական օճախ ու պատուաբեր օրրան, ուր հայ միտքն ու հոգին դարեր շարունակ ստեղծագործած էին գիր ու գրականութիւն, արուեստ ու մշակոյթ եւ ներշնչած իրերայաջորդ սերունդներ:

Հաստատապէս, արցախեան գոյամարտի ամէնէն թէժ օրերուն, մերօրեայ հայ ֆետային` քաջ գիտակցելով Շուշիի ռազմավարական ու մշակութային արժէքին ու կարեւորութեան, նետուած էր կռուի յորձանուտին մէջ, ի գին մեծ զոհողութեան ազատագրելու Շուշուայ բերդը, որ խորհրդանիշն էր հայ ժողովուրդի լինելութեան եւ տոկունութեան:

Ու այդ հերոսածին կռուողներու շարքին էր Բեկորը, որ իր վաշտով մուտք գործեց Շուշի եւ հայոց եռագոյնը զետեղեց բերդի գագաթին: Փաստօրէն, Բեկոր, որ օժտուած էր բնածին ռազմագէտի, հայդուկապետի յատկութեամբ եւ քաջութեամբ, ներշնչած էր երիտասարդ փաղանգներ, որոնք յաջողեցան յաղթել թուրք-ազերիին եւ կերտել Արցախի պետութիւնը:

Պետութիւն, որ ունեցաւ պետական կարգ ու սարք, դրօշակ, բանակ եւ քիչ ժամանակի մէջ կառուցեց դպրոցներ, եկեղեցիներ, միութիւններ, համալսարան եւ արժանացաւ ամբողջ հայութեան գուրգուրանգին եւ նեցուկին:

Բայց, ափսո՜ս, երկար չտեւեց արցախեան գոյամարտի յաղթանակին բոյրն ու հոգեկան բաւարարութեան զգացողութիւնը, որովհետեւ մէկ կողմէ` հայ կեանքի մէջ արձանագրուած ապաշնորհ եւ պառակտիչ երեւոյթները, ատելավառ մօտեցումներն ու տկլոր քաղաքական արեւելումները, եւ միւս կողմէ` թշնամի ուժերու բացայայտ եւ թաքուն որոգայթները պատճառ դարձան, որ հայութիւնը կորսնցնէ հազարաւոր նահատակներու արեամբ ազատագրուած հայրենիքը, որ կոչուած էր ըլլալու ամբողջ հայութեան փառքն ու պսակը:

Արցախ աշխարհի թագուհին` Շուշին, անգամ զոհ գնաց ներքին դաւերու եւ ամօթալի կեցուածքներու, հակառակ թշնամի ուժերու դէմ կատարուած մարտերուն եւ Շուշին պահելու` աննման տղոց կամքին եւ նուիրումին:

Առիթով մը ըսած էինք, որ մենք արժանի չեղանք Շուշիին, չկրցանք պահել ու պաշտպանել այս չքնաղ գիւղաքաղաքը, որովհետեւ ամբողջ երեսուն տարի զբաղած էինք կերուխումով, գինովցած էինք մեր յաղթանակներով, թերագնահատած թշնամի ուժերու կարողութիւնն ու տակաւ ամրապնդուող անոնց զինուորական հմտութիւնը:

Թէ ինչո՛ւ թուլացած էին հայութեան ռազմահայրենասէրի որակը, ներքին ուժն ու հայրենիք պաշտպանելու ունակութիւնը, եւ երեւան եկած` քաղաքական այրերու խեղճ ու ապազգային գործելակերպերը, այլապէս ալ յստակ կը դառնար, որ երեսուն տարուան ընթացքին կատարուած ապիկարութիւնն ու հաւաքական խաղքութիւնը պատճառ եղած էին ամօթալի ընկրկումներու:

Սակայն կար մետալի միւս երեսը` պատուաբեր բաժինը: Ամենապայծառ ու շէնշող իրողութիւնը այն էր, որ արիասիրտ տղաքը կրցեր էին հասնիլ Շուշուայ գագաթ եւ ծնրադիր աղօթել Ղազանչեցոց եկեղեցւոյ խորանին առջեւ:

9 մայիս 1992:

Արդի Հայոց պատմութեան էջերուն արձանագրուած պատմական թուական մը ըլլալով հանդերձ, Շուշիի ազատագրումը հայ ռազմավարական մտքի ու կամքի փայլուն արտայայտութիւններէն մէկն էր, երբ օրուան հրամանատարական կազմը կ՛որոշէր բերդաքաղաքի վերահայացումը:

Աւելի՛ն. Շուշիի բարձունքին հաստատուած թշնամին անակնկալի բերելու եւ ուժգին հարուած հասցնելու ռազմավարական ծրագիրը ոչ միայն ներշնչած էր հայ զինուորները, այլ նաեւ ամբողջ հայութիւնը, որ ակնդէտ կը սպասէր յաղթանակին:

Ու այդ սրբազան յաղթանակը իրականացաւ, հայ զինուորը յաղթեց թուրքին եւ վերատիրացաւ իր հայրենիքին:

Իր կարգին, հայութիւնը ամբողջ երեք տասնամեակ իր լաւագոյնը ներդրեց, որ Արցախ աշխարհը բարգաւաճի, ժողովուրդը զարգանայ, պետականութիւնը ամուր հիմերու վրայ կառուցուի եւ յարացոյց ըլլալ հաւաքական երազներու իրականացման:

Իրօք, դարաւոր երազներ, որոնք ճանապարհներն են` Արարատին հասնելու եւ Արեւմտահայաստանին վերատիրանալու:

2020 սեպտեմբեր-նոյեմբեր:

Արդի Հայոց պատմութեան մէջ արձանագրուեցաւ ամէնէն տժգոյն եւ տխուր 44 օրերու պատումը, երբ «Յաղթելու ենք»-ի ստապատիր խօսքերով` ամբողջ ազգ մը իր վստահութիւնը կորսնցուց եւ ըմպեց դառնութեան բաժակը: Հիասթափութեան եւ խարխափումի ալիքները կլանեցին հայութեան միտքն ու հոգին:

Ճիշդ է, որ հայոց բանակը մարտնչեցաւ, փորձեց տոկալ եւ պաշտպանել Արցախ աշխարհը, այդուհանդերձ, ան զոհ գնաց ներքին պառակտումներու եւ դաւադիր գործելակերպերու: Հայոց բանակը ծանր պարտութիւն կրեց եւ հեռացաւ իր հայրենի հողէն: Հետագային` 2023-ին, ամբողջ Արցախը հայաթափուեցաւ:

Շուշին տժգունեցաւ, Ստեփանակերտը այլանդակուեցաւ, շէնացած գիւղեր ու քաղաքներ դատարկուեցան: Իսկ մեղաւոր փնտռելու արշաւները սաստկացան եւ առաւել սրեցան, հայ պետական մտածողութեան հիմերը խարխլեցան, իսկ թուրքին հետ խաղաղութեան համաձայնագիր կնքելու սին քարոզները պարարտացան:

Ամէնէն ողբերգականը, մոռացութեան տրուեցաւ աննման տղոց սխրանքն ու հազարաւոր նահատակներու յիշատակը:

Իսկ ամենազարմանալին ու զազրելին, աղաւաղուած ու այլանդակ դարձած հայ միջավայրի ու մթնոլորտի մէջ` ականատես եղանք հայ ժողովուրդի խեղճութեան եւ անձնատուութեան: Անձնապաստան ու խենեշ կեանքը կլանեց մեր մտքերը եւ կուրցուց հոգիները:

Իրապաշտ քաղաքական կեանք վարելու եւ թուրքին հետ եղբայրանալու յորդորները ամէնօրեայ «զանգահարում»-ներ են դարձեր:

Միակ պատկերը, որ կը հալածէ մեզ, դէպի Շուշի բարձրացող ճանապարհին ամբողջ երկայնքին հարիւրաւոր տղոց դիակներու սարսափազդու պատկերն է, որ դեռ երկար պիտի չարչրկէ մեր հոգին, սրտերը արիւնէ եւ մտքերը խարազանէ:

Արդեօք ազգը պիտի կարենա՞յ մարսել անոնց նզովքը:

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ
Ազդակ

Compartir: