Ալիեւ. «Խաղաղութեան Համաձայնագիրի Պայմանը` Ղարաբաղը Պաշտօնապէս Ազրպէյճանի Մաս Ճանչնալն Է»

20 de marzo de 2023

«Որպէսզի Հայաստանը հանգիստ ապրի 29 հազար քառակուսի քիլոմեթր տարածքին մէջ` կայ մէկ պայման. անոնք պէտք է ընդունին մեր պայմանները` պաշտօնապէս Ղարաբաղը ճանչնան Ազրպէյճանի մաս, մեր պայմաններուն հիմամբ կատարեն սահմանազատումի աշխատանքները», շաբաթ օր ըսած է Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ` աւելցնելով, որ միայն այս պարագային հայերը կրնան հանգիստ ապրիլ 29 հազար քառակուսի քիլոմեթր տարածքին մէջ, ինչպէս արդէն ատիկա կը ցանկան: Այս մասին հաղորդեց «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը:

Անոր համաձայն, ազրպէյճանական տարածքներու 30 տարուան բռնագրաւումի, պատերազմի, յետպատերազմեան իրողութիւնները պէտք է գտնեն եւ պիտի գտնեն իրենց արտացոլումը խաղաղութեան բանակցութիւններուն մէջ:

«Հակառակ պարագային ոչ մէկ խաղաղութեան համաձայնութիւն պիտի ըլլայ», յայտարարած է Ալիեւ` Արցախի Հանրապետութեան բռնագրաւեալ Թալիշ գիւղին մէջ: